15 Դեկտեմբերին, Սասունցի Դաւիթի արձանի մօտակայքէն, բազմահազարներու մասնակցութեամբ ընթացք առաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Արժանապատուութեան երթ»ը, որուն մասնակցողները պարբերաբար կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն՝ միանալու երթին, միանալու եւ «ոչ» ըսելու Փաշինեանին: Անոնք կը վանկարկէին՝ «Նիկո՛լ, հեռացիր», «Նիկո՛լ, դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»:
Յայտարարութիւններով պարբերաբար հանդէս եկան ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ, նախկին պաշտօնեաներ եւ այլ անձեր։
Իշխան Սաղաթէլեան մասնաւորապէս կոչով դիմեց իրաւապահ համակարգի եւ ուժային կառոյցներու պաշտօնաթող ու ծառայութեան մէջ գտնուող սպաներուն եւ յորդորեց՝ չենթարկուիլ Նիկոլ Փաշինեանի ապօրինի հրահանգներուն՝ աւելցնելով. «Մեզի կը միանան նոր քաղաքացիներ, կը միանան տարբեր մարզերէն, կը միանան նաեւ այս օրերուն պետական եւ ուժային համակարգէն դուրս եկած պատուախնդիր շարք մը սպաներ, որոնք հրաժարած են Նիկոլ Փաշինեանի ապօրինի հրահանգները կատարելէ: Եկէք բոլորս ողջունենք այն սպաներուն, որոնք հրաժարած են այդ խելագարի հրահանգները կատարելէ »:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ կոչով դիմեց այն քաղաքացիներուն, որոնք Արեւմտեան Հայաստանի սերունդի ժառանգորդներն են՝ ըսելով. « Կը դիմեմ յատկապէս այն քաղաքացիներուն, որոնք կը բնակին Ապարանի, Թալինի, Աշտարակի, Արարատի բոլոր տարածաշրջաններուն մէջ, ուր իրենց պապերը եկած եւ Հայաստանի մէջ կերտած են իրենց ապագան։ Մեր պապերը հայրենիքի կարօտը իրենց հայացքներուն մէջ հեռացան աշխարհէն, որպէսզի երբեք որեւէ հայ այլեւս չկորսնցնէ հայրենիքը, որպէսզի մենք, ձեզի հետ միասին, վերատիրանանք մեր հողին։ Եւ այսօր, երբ դաւաճանական գործողութիւններուն հետեւանքով մենք կորսնցուցած ենք հայրենիք, հող եւ այդ գործողութիւններուն հետեւանքով ունինք 5 հազարէն աւելի զոհեր, տասնեակ հազարէն աւելի վիրաւորներ, երբ այդ դաւաճանական գործողութիւններուն հետեւանքով կտրուած է հայու ողնաշարը, ձեզմէ որեւէ մէկը իրաւունք չունի պաշտպանելու դաւաճան Նիկոլ Փաշինեանին»։
Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղադրուած էր հարթակ մը, որուն շուրջ հաւաքուած էր ժողովուրդը: Հարթակին վրայ էին «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան։
«Բոլոր արժանապատիւ հայերու անունով կը զգուշացնեմ՝ Նիկո՛լ, հեռացիր անցնցում ու փրկէ հայրենիքը։ Մենք միասին, շատ արագ, Նիկոլին, որ կառչած է իր աթոռին, պիտի քշենք կառավարական շէնքէն եւ ան պատասխան պիտի տայ հայ ազգին: Ես բոլոր արժանապատիւ հայերու անունով կը զգուշացնեմ՝ Նիկո՛լ, հեռացիր անցնցում ու փրկէ հայրենիքը», իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ Արթուր Վանեցեան։
«Մենք պիտի յաղթենք՝ այդտեղ հարց չկայ։ Մենք կրկին ոտքի պիտի կանգնինք, մենք հզօր ժողովուրդ ենք։ Մենք հիմա քիչ մը իրարմէ հիասթափուած ենք, մենք մեզմէ հիասթափուած ենք, մէկ-մէկ ընկճուած ենք, բայց մենք հզօր ժողովուրդ ենք, դարձեալ ոտքի պիտի կանգնինք եւ տարածաշրջանի ամենահզօր պետութիւնը պիտի ըլլանք, ամենաազդեցիկ պետութիւնը պիտի ըլլանք։ Յաջորդ սերունդներու համար պիտի ապահովենք բարեկեցիկ, երջանիկ կեանք», հարթակէն յայտարարեց Վազգէն Մանուկեան։
Երթի աւարտին ելոյթով հանդէս եկաւ Իշխան Սաղաթէլեան, որ ըսաւ. «Քանի տակաւին այդ ազգադաւը կը գտնուի վարչապետի պաշտօնին վրայ, մեր ժողովուրդին ու պետականութեան մէջքը ուղղել կարելի չէ: Նիկոլին հեռացնելէ վերջ մենք բոլորս միասին Աւստրալիայէն մինչեւ Մոսկուա, Թեհրանէն մինչեւ Լոս Անճըլըս, բոլորը միասին պէտք է համախմբենք մեր ժողովուրդի ներուժը, որ լուծենք մեր առջեւ ծառացած խնդիրները: Հայ ժողովուրդը, հայ զինուորը, հայ սպան այս պատերազմին չեն պարտուած: Պարտուած է մէկ մարդ՝ Նիկոլ Փաշինեանը, անոր պէտք է հեռացնենք ու երթանք առաջ»:
Յայտարարուեցաւ, որ երթը պիտի շարունակուի Չորեքշաբթի, 16 Դեկտեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով յետմիջօրէի ժամը 5ին, Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցէն (Կրկէսի շրջակայ հրապարակ)։