«Երկիր».- Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան` մեկնաբանելով ատրպէյճանական աղբիւրներուն մէջ տարածուող տեղեկատուութիւնը, թէ վերջին երեք օրերը եւս 100 հայ գերեվարուած է ըսած է, որ Արցախի ՊԲ-ն տեղեկութիւնը չէ հաստատած, կ’ուսումնասիրենք այդ նիւթերը` իրավիճակի ամբողջական պատկերը ստանալու համար:
«Պաշտպանութեան Բանակը այդ տեղեկութիւնները չէ հաստատած, ուստի չեմ բացառեր, որ ատրպէյճանական աղբիւրները այդ լուրերը կը տարածեն դիտաւորեալ կերպով՝ լրացուցիչ լարուածութիւն ստեղծելու համար: Մենք, ի հարկէ, հրատապ վարչակարգով, կ’ուսումնասիրենք այդ նիւթերը, իրավիճակի ամբողջական պատկերը ստանալու համար: Աւելցնեմ, որ ենթաշրջանի Պաշտպանութեան Բանակի ու ռուս խաղաղապահ զօրախումբ աշխուժ կ’աշխատին լարուածութիւնը թուլացնելու ու կարելի բախումները կանխելու նպատակով», ըսած է Պօղոսեան: