«Թերթ».- Կապանի համայնքապետ Գէորգ Փարսեան «Հետք»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 17 Դեկտեմբերի առաւօտեան Պաշտպանութեան Նախարարութենէն հրահանգ տրուած է՝ Կապանի ներկայ պաշտպանական դիրքերը Ատրպէյճանին յանձնելու մինչեւ 18 Դեկտեմբեր, յետմիջօրէի ժամը 5. «Ես կը մտածէի, որ այս իշխանութիւնները պիտի հասցնէին այս հանգուցալուծման: Այդպիսի մտավախութիւններ ունէի»:
Այսպիսով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ պիտի անցնին այն դիրքերը, որոնք կ՛ապահովեն Կապանի եւ յարակից 13 գիւղերու անվտանգութիւնը. ըստ համայնքապետին՝ անոնք են. Դաւիթ Բէկ, Կաղնուտ, Ուժանիս, Եղուարդ, Ագարակ, Դիցմայրի, Սիւնիք, Գեղանուշ, Ճակատէն, Շիկահող, Ներքին Հանդ եւ Ծաւ գիւղերը ու Կապան քաղաքը, որոնք բոլորը կը մտնեն Կապան համայնքին մէջ: Այսպիսով Կապան քաղաքի ոչ-բնակելի հատուածի հեռաւորութիւնը սահմանէն պիտի ըլլայ 100 մեթր, իսկ բնակելի հատուածէն՝ 1 քիլոմեթր:
«Այս բոլոր տարածքները մինչեւ 1929թ? Եղած են հայկական տարածքներ: 1929թ? Անոնք տրուած են Ատրպէյճանին: Այդ տարածքներուն մէջ ներառուած է 21 գիւղ: Եւ ինչու՞ սահմանազատում պիտի ըլլայ 1974ի քարտէզով, այլ ոչ թէ, օրինակ, 1929ի», հարց տուաւ համայնքապետը: Ներկայիս Գորիս-Կապան-Մեղրի մայրուղիի որոշ հատուածներ կ՛անցնին այնպիսի տարածքներով, որոնք կա՛մ պէտք է անցնին ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ, կա՛մ յայտնուին անմիջական սահմանին վրայ, իսկ Գորիս-Կապան ճամբուն անվտանգութիւնը պիտի ապահովուի ռուս սահմանապահներուն միջոցով:
Մինչ այդ, Սիւնիքի մարզ կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան հանդիպում ունեցաւ մարզի կարգ մը համայնքներու ղեկավարներուն հետ, որոնք իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին մարզի սահմանային ճշգրտումներուն իբրեւ արդիւնք ստեղծուած բարդ իրավիճակին վերաբերեալ: Անոնք դիտել տուին, որ սահմանագիծի փոփոխութիւններով պայմանաւորուած՝ հակառակորդի թիրախ կը դառնան կարգ մը բնակավայրեր, որոնց կարգին՝ Կապանը:
Պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ սահմանը կը ճշդուի երկու կողմերու բարձրաստիճան սպաներու ներկայութեան, եւ որ Հայաստանի տարածքէն որեւէ մեթր պիտի չզիջին: Ընդգծուեցաւ, որ այդ հատուածներուն մէջ հսկողութիւն պիտի կատարեն ռուս սահմանապահները, ինչ որ յաւելեալ երաշխիք է անվտանգային համակարգը ուժեղացնելու համար:
Միւս կողմէ, 17 Դեկտեմբերին այս քայլին դէմ բողոքի ցոյցեր կատարեցին Գորիսի եւ Կապանին բնակիչները, որոնք դիտել տուին, որ տուեալ շրջանները այսպիսով պիտի վերածուին թուրքին անմիջական թիրախի։ «Թող գան հոս ապրին, թող իմանան: Եթէ Սիւնիքը տուին, Երեւանի դուռն ալ կը ծեծեն», ըսաւ ցուցարարներէն մէկը։ Անոնք անվտանգ տեղաշարժ պահանջեցին։
«Մենք չենք կրնար գիւղին կէսը տալ թշնամիին, ոչ մէկ բնակիչ պիտի հեռանայ: Մեր ընկերները, հարազատները զոհուեցան, մենք ողջ մնացինք, ո՞րն է մեր ողջ մնալու իմաստը, այսօր Սիւնիքի ճակատագիրը կ’որոշեն առանց մեզի: Վերջը պիտի մնա՞նք, թէ չենք մնար: Կ’ըսէ` Հայաստանի սահմանը փոփոխութեան չէ ենթարկուած, անոր սահմանը ուրիշ է, մերը ուրիշ, կ’երեւի», յայտնեց այլ բնակիչ մը։