Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբերին, Երեւանի Աջափնեակ վարչական շրջանին մէջ գտնուող Թումոյի այգիէն շարունակուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Արժանապատուութեան երթը:
Ռուբէն Մխիթարեանի հեղինակած «Իմ Արցախ, իմ հող ու ջուր, իմ Հայաստան» երգին ներքոյ` եռագոյներով, «Հայրենիքը փրկողը հէնց դու ես» գրութեամբ մեծ ցուցապաստառով, «Հայաստա՛ն, Հայաստա՛ն», «Առանց Նիկոլ Հայաստա՛ն» բացագանչութիւններով ու վանկարկումներով քաղաքացիները սկսան իրենց երթը` ուղղութիւն վերցնելով դէպի կեդրոն:
ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ այս պայքարը յանուն հայրենիքի է, յանուն մեր երկրի է, յանուն արժանապատուութեան:
«Ձեզմէ շատերը հարազատներ ու ազգականներ ունին Կապանի, Գորիսի, Զանգեզուրի եւ Մեղրիի մէջ: Այսօր Նիկոլ Փաշինեան կը գողնայ անոնց անվտանգութիւնը: Կը հրաւիրէ, թուրքը գրկաբաց կ՛ընդունի Գորիսի, Կապանի մատոյցներուն մէջ, եւ ատոր համար է, որ մենք ամբողջ ժողովուրդին անունով կ՛ըսենք` առանց Նիկոլի Հայաստան», յայտարարեց Մանուկեան:
Գեղամ Մանուկեան դիմեց պատուհաններէն երթին հետեւող աջափնեակցիներուն` ըսելով, որ Փաշինեան այնպիսի իրավիճակ կը ստեղծէ, որ վաղը Կապանը կրակի տակ պիտի ըլլայ: Ան կոչ ուղղեց բազմոցին նստած եւ ուղիղ եթերով պայքարի ընթացքին հետեւողներուն դուրս գալու փողոց, միանալու իրենց:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանն ալ երթի ընթացքին յայտարարեց. «Նիկոլ Փաշինեանն ու իր վոհմակը ո՛չ միայն տուին Արցախը, ո՛չ միայն զիջեցան մեր հայրենի հողը, ո՛չ միայն զոհեցին մեր հինգ հազար հայորդիները, հաշմանդամ դարձուցին հազարաւոր մարդոց, տնազուրկ դարձուցին հարիւր հազարաւոր ընտանիքներ, այլեւ անոնք այսօր արդէն Սիւնիքի սահմանային դիրքեր կը յանձնեն:
Արծուիկ Մինասեան ընդգծեց, որ Փաշինեանն ու իր ֆեյքային բանակը կը փորձեն սեւցնել բանակը, զինուորը, ապա ընդգծեց` զինուորը, բանակը հերոս են: Ան կոչ ուղղեց սփիւռքին ոտքի կանգնելու, քանի որ Փաշինեանը դաւաճանած է նաեւ ամէն վայրկեան նիւթական ու այլ աջակցութեամբ բանակի ու հայրենիքի կողքին կանգնած սփիւռքին:
Երթի մասնակիցները Բաղրամեան պողոտայէն քալեցին դէպի Ֆրանսայի հրապարակ:
Երթի ընթացքին յայտարարութիւններով հանդէս եկան ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ, նախկին պաշտօնատարներ, անհատներ:
«Նիկոլ Փաշինեան, քու հրաժարականդ կը պահանջէ ամբողջ արժանապատիւ հայութիւնը: Չյաջողեցար երկու տարուան մէջ պառակտել ժողովուրդը, որովհետեւ մենք միասնական ենք, հող ու հայրենիք պաշտել գիտենք: Նիկոլ Փաշինեան, այսօր քաղաքական օրակարգի վրայ մէկ հարց կայ` ատիկա հեռացումդ է», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան:
Լիլիթ Գալստեան նկատել տուաւ, որ քաղաքականապէս կոյր Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ չի նկատեր, որ նորանոր բարձրագոյն ուսումնական հիմնարկներ կը միանան շարժումին: Ան շնորհաւորեց անոնց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, քանի որ շարժումի շարքերուն մէջ կը մեծնայ մտաւորականութեան թիւը:
«Այս պահուն Սիւնիքի մարզին մէջ չափազանց կարեւոր իրադարձութիւն  տեղի կ՛ունենայ, որ ամբողջութեամբ կը հակասէ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած յանձնուողական փաստաթուղթին, այնտեղ որեւէ բառ չկար Կապանի եւ Սիւնիքի մարզի մնացած տարածքներուն առնչութեամբ», երթի ընթացքին յայտարարեց «Իրաւական կրթութիւն եւ վերահսկողութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան:
Արփինէ Յովհաննիսեանի կարծիքով` քանի որ եռակողմանի յայտարարութեան մէջ նշուած չէ Սիւնիքի տարածքները յանձնելու մասին, Հայաստանի իրաւապահ համակարգը Նիկոլ Փաշինեանի նկատմամբ պէտք է քրէական գործ յարուցէ` պարզելու, թէ ինչո՛ւ կը յանձնուին Սիւնիքի տարածքները:
Ապա Ֆրանսայի հրապարակին վրայ ելոյթ ունեցան կարգ մը  քաղաքական գործիչներ:
Երէկուընէ Նիկոլ Փաշինեան մեր ժողովուրդը բաժնելու նոր ձեւ գտած է. կ՛ըսէ` անոնք, որոնք հրաժարականս կը պահանջեն, ընտրանի են. Ֆրանսայի հրապարակէն յայտարարեց ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան:
«Որովհետեւ կիսագրագէտ, համալսարանի կիսաշրջանաւարտ, կիսալրագրող, բամբասող լրագրողի տասնամեակներու աշխատանքով ուղեղը չէ ալ հասած, որ երկիրը ընտրանիներով է, արժանապատիւ մարդոցմով է, մտաւորականներով է, երիտասարդութեամբ, գիտնականով, բժիշկով, սպաներով է երկիր, ոչ թէ կիսաստուերով, պաշտօնեաներու վրայ գրելով, գալ սուտով հասնիլ իշխանութեան ու վերջապէս ալ երկիրը ծախել», ըսաւ Մանուկեան` աւելցնելով, որ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին միացողներն են, որ արժանապատուութեան տէրն են` գիտնականներ, մտաւորականներ, բժիշկներ, ոստիկանութեան բազմաթիւ աշխատողներ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գնդապետներ ու զօրավարներ:
«Մենք պիտի սկսինք անժամկէտ նստացոյց ընդհանուր դատախազութեան դիմաց` պահանջելով հարցաքննել եւ կալանաւորել պետական դաւաճան Նիկոլ Փաշինեանը», յայտարարեց իրաւական յանձնախումբի նախագահ Արթուր Ղազինեան:
Արդէն բաւական ատեն է, որ Փաշինեանն ու իր անմեղսունակ խումբը կը փորձէին նսեմացնել մեր շարժումը` ըսելով, թէ մենք իշխանութեան կռիւ կ՛ընէինք, մենք արդէն ապացուցեցինք, որ ասիկա յանուն փրկութեան շարժում է», իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ ոստիկանութեան գնդապետ Սայաթ Շիրինեան: Ան կոչով դիմեց հայերուն` ըսելով, որ պէտք է միանալ պայքարին, որովհետեւ իրաւունք չունինք կորսնցնելու հայրենիքը:
Ելոյթներու աւարտին յայտարարուեցաւ, որ այսօր` 18 Դեկտեմբերին Երեւանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն պիտի մեկնարկէ լուռ մոմավառութիւն-երթ` դէպի Եռաբլուր սրբավայր: