18 Դեկտեմբերին Ընդդիմադիր 17 ուժերը հաւաքուած են Երեւանի Գարեգին Նժդեհի հրապարակ, ուր սկիզբ առած է ջահերով ու մոմերով երթ դէպի «Եռաբլուր»: Բազմահազար մասնակիցները կ’առաջնորդէին հոգեւորականները: Երթի ողջ ընթացքին բարձրախօսներէն յայտարարուեցան վերջին պատերազմին նահատակուած հայորդիներու անունները: Եռաբլուրի մէջ, մինչեւ հոգեհանգիստի արարողութեան սկիզբը, երթի մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը: Արարողութեան աւարտին քաղաքացիները իրենց հետ բերած մոմերը զետեղեցին զոհուած զինուորներուն, կամաւորներուն եւ ազաամարտիկներուն շիրմներուն վրայ: