18 Դեկտեմբերին Պելճիքայի հայերու կոմիտէն կը հաղորդէ, որ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տունը 130 թեր եւ 12 ձեռնպահ քուէներով որդեգրած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ անոր հետեւանքներուն վերաբերող բանաձեւ:
Բանաձեւը կը դատապարտէ Արցախի հայ ազգաբնակչութեան դէմ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն աջակցութեամբ եւ օտարազգի վարձկաններու մասնակցութեամբ սանձազերծուած ատրպէյճանական ռազմական յարձակումը եւ յստակօրէն կը պահանջէ, որ Ատրպէյճան եւ անոր սատարող ուժերը իրենց զօրքերը դուրս բերեն Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն, որ նուաճուած է բռնի ուժի եւ բռնութեան գործադրումով:
Բանաձեւը նաեւ դատապարտած է խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէն կանխամտածուած յարձակումները եւ քասթեթային եւ ֆոսֆորային ռումբերու կիրառումը:
Բանաձեւի նախաբանին մէջ խօսուած է նաեւ Արցախի հայ ազգաբնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի, ուժ չկիրառելու մասին` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հիմնարար սկզբունքներ, եւ շեշտուած է, որ այդ սկզբունքները ոտնահարուած են Ատրպէյճանի կողմէն:
9 Նոյեմբերին ստորագրուած յայտարարութեան մէջ չէ նշուած Արցախի կարգավիճակին մասին, Պելճիքայի խորհրդարանը կոչ ուղղած է երկրի կառավարութեան աջակցելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիին ներքոյ բանակցութիւններու անյապաղ վերսկսումը, որ նպատակ կ’ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի մասին որոշում հաստատելու, յատկապէս նկատի առնելով Արցախի ժողովրդի ինքնորոշումի իրաւունքը:
Բանաձեւը Պելճիքայի կառավարութեան կոչ կ’ուղղէ պահանջելու Թուրքիայէն դադրեցնել ռազմական միջամտութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ եւ անմիջապէս վերջ տալ Հարաւային Կովկասի մէջ իր ապակայունացնող դիրքորոշումին: Թուրքիան պէտք է նաեւ դադրի խթանել սուրիացի վարձկաններուն եւ ճիհատականներու տեղափոխումը եւ տեղակայումը Լեռնային Ղարաբաղի եւ կազմակերպէ անոնց անյապաղ տեղահանումը տարածաշրջանէն: Ըստ բանաձեւին, Թուրքիոյ կողմէն որեւէ միջամտութիւն հրադադարի վարչակարգի պահպանումը դիտարկող առաքելութեան պէտք է համարուի վտանգաւոր տեղւոյն բնակչութեան անվտանգութեան համար: Որեւէ նման առաքելութիւն պէտք է ստանձնէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը եւ Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբը նաեւ կ’ողջունեն Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատի դիմումը կառավարութեան` եւրոպական գործընկերներուն հետ ընելու կարելի ամէն բան` նպաստելու համար Արցախի մէջ աւերուած կամ վնասուած շէնքերու վերակառուցումին, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել Արցախի բնակչութեան եւ զոհեր ունեցած եւ փախստական ընտանիքներուն: Կառավարութիւնը կ’աջակցի, որպէսզի UNESCO-ն առաքելութուն ուղարկէ ներկայիս ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող Արցախի տարբեր շրջաններ` յանուն ճարտարապետական եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանումի:
Բանաձեւը նաեւ կ’անդրադառնայ գերիներու վերադարձի հարցին: Ներկայացուցիչներու պալատը խստագոյնս կը դատապարտէ ռազմագերիներու սպանութեան փաստը եւ կը պահանջէ, որ պատերազմի յանցագործութիւններ իրականացնողները հետապնդուին եւ պատժուին:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակ
Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբ