«Արմէնփրէս».- Ատրպէյճան հերքած է իր տարածքին 3 թրքական ռազմական օդային կայան կառուցելու մասին լուրերը:

«Տարածուած տեղեկութիւնները չեն համապատասխանիր իրականութեանը», յայտարարած  է Ատրպէյճանի Նախարարութիւնը:

Թելեկրամ ալիքներուն մէջ տեղեկութիւն  տարածուած էր, որ Թուրքիան մտադիր է օդային ռազմական կայան կառուցել Ատրպէյճանի երեք քաղաքներուն մէջ ` Գանձակի, Լենքորանի եւ Կապալայի մէջ: