Երկուշաբթի, 18 Յունուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ պարգեւատրեց Սուրիոյ նահատակներու զաւակներու դպրոցներու ընդհանուր խորհուրդի տնօրէնուհի Շահիրա Ֆալլուհը սուրիական վաստակի առաջին կարգի շքանշանով, որպէս գնահատանք անոր ազգային գործունէութեան, նուիրումին եւ նահատակներու զաւակները խնամելու իր մարդկային աշխատանքին։
Նախագահ Ասատ բարձր գնահատեց Ֆալլուհի աշխատանքային ասպարէզին մէջ եօթանասունական թուականներէն ի վեր իրականացուցած ձեռքբերումները։
Ֆալլուհ տարիներ շարունակ պայքարած է կնոջ դիրքը բարձրացնելու համար սուրիական ընկերային միջավայրին մէջ։ Ան անդամակցած է Կանանց ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ մաս կազմած է Սուրիոյ Խորհրդարանին։