16 Յունուարին Վանաձորի «Լոռի» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է Վազգէն Մանուկեանին եւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի ներկայացուցիչներու հանդիպումը վանաձորցիներուն հետ: Քննարկուած են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու հետագայ ընելիքները:
Հանդիպումն սկսաւ Տէրունական աղօթքով:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ.«Այս իշխանութեան, մասնաւորապէս, Նիկոլ Փաշինեանին մէկ օր աւելի իշխանութեան մնալը կորուստ է մեր երկրի եւ պետութեան համար, այս մարդը կառչած է աթոռին, եւ հետեւողականօրէն մեր երկիրը կը տանի կործանումի»:

Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ իրենք ներկայացուցած են ճանապարհային քարտէզ եւ առաջարկած են, որ նախ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարական տայ, անցումային կառավարութիւն ձեւաւորուի եւ լուծէի կարեւոր հարցեր: Լուծուող հարցերու առաջնայինները ան համարեց հասարակական համերաշխութեան տիրելը եւ թշնամանքին վերջ դնելը:
Ժամանակաւոր կառավարութիւնը, անոր խօսքով, շատ արագ պէտք է կարգաւորէ մեր յարաբերութիւնները ռազմավարական դաշնակիցներուն հետ:

Վանաձորի քաղաքացիներուն հետ հանդիպումին ընթացքին Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան իր խօսքին մէջ ըաւ.«Ես ապացուցուած կը համարեմ, որ պատերազմը կարելի էր կանխել, եթէ մեր բանակը պատրաստ ըլլար, մեր ամուր դիրքերը կրնայինք պահել»:
Ան ըսաւ, որ նոյնիսկ այդ աննպաստ պայմաններոգն մէջ, եթէ յիմար հրամաններ չըլլային, կարգ ու կանոն ըլլար, այդ կորուստները չէինք ունենար:
Անդրադառնալով եռակողմ յայտարարութեան` կործանարար խայտառակութիւն համարեց մեր ժողովուրդին, պետութեան համար:
Ըստ Վազգէն Մանուկեանին, ջարդուած է մեր բանակը, հսկայական տնտեսական կորուստներ ունենք, մենք կործանարար խաղաղութեան մէջ մտանք, եւ փաստաթուղթը ստորագրելէն վերջ մեր պարտութիւնը կը շարունակուի:
Ան նաեւ արձանագրեց, որ ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութիւնը վրդովուած էր այս վիճակէն, որ կը պահանջէր անյապաղ յեղափոխութիւն ընել եւ ազատիլ այս իշխանութիւններէն, բայց կային նաեւ մարդիկ, որոնք կ’ըսէին՝պատերազմը վերջացած է, եկէք առաջ երթանք:
Նշենք, որ հանդիպումի ընթացքին Վազգէն Մանուկեան պատասխանած է քաղաքացիները յուզող հարցերուն: