Երեքշաբթի, 19 Յունուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութամբ, որուն մէջ հերքեց վարձկան կողմերու ենթակայ լրատուամիջոցներուն հրապարակած լուրը այն մասին, թէ՛ վերջերս սուրիական-իսրայէլեան հանդիպումներ տեղի ունեցած են:
Հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ. «Սուրիոյ Հանրապետութիւնը կտրականապէս կը հերքէ վարձկան կողմերու ենթակայ լրատուամիջոցներուն հրապարակած ապատեղեկատուութիւնը եւ կը հաստատէ, որ սուրիական-իսրայէլեան հանդիպումներ երբեք տեղի չեն ունեցած: Սուրիոյ Հանրապետութիւնը կը շեշտէ, որ նման անհիմն լուրեր հրապարակելը ձախող փորձեր են այդ լրատուամիջոցները ֆինանսաւորող կողմերէն՝Իսրայէլի հանդէպ սուրիական սկզբունքային կեցուածքը կասկածելի դարձնելու: Իսրայէլի հանդէպ Սուրիոյ որդեգրած քաղաքականութիւնը յստակ է։ Սուրիան իր որոշումները կ’առնէ մեկնելով Սուրիոյ ազգային շահերէն եւ տարածաշրջանային դատերու պահպանման անհրաժեշտութենէն, յատկապէս Պաղեստինեան դատին, Կոլանի ամբողջական ազատագրումին եւ արաբական բռնագրաւուած հողերու ազատագրումին հեռանկարը նկատի ունենալով»:
Նախարարութիւնը եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիա կը շեշտէ, որ նման անհիմն լուրեր հրապարակող կողմերը նոյն կողմերն են, որոնք կը ջանան Իսրայէլի հետ իրենց յարաբերութիւնը բնականոն պահել եւ ողջ տարածաշրջանին պարտադրել Իսրայէլի հետ համաձայնութիւններ կնքելու, սակայն երբ անոնք ձախողութեան մատնուին, նման միջոցներու կը դիմեն»: