18 Յունուարին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան ընդունած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, ԱՀ Աագային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեանը:
Կողմերը քննարկած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Երկուստէք կարեւոր համարած են համազգային նշանակութեան հարցերու շուրջ միտքերու փոխանակումն ու քննարկումները: