Չո­րեք­շաբ­թի, 3 Փետր­ուար 2021-ին, «Շամ Թայմզ» հա­ղոր­դեց, որ Մոսկ­ուա­յի հա­մա­ձայն, ԱՄՆ-ի նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի վրայ ներ­քին եւ ար­տա­քին ճն­շում­ներ կը բա­նեց­ուին Սուր­իոյ վրայ յար­ձա­կում­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։
 Ռուս­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խա­րար Սեր­կէյ Ռի­ապ­քով յայտ­նեց, որ ԱՄՆ-ի սուր­ի­ա­կան շր­ջան­նե­րուն ուղղ­ուած յար­ձա­կում­նե­րը պատ­ճառ դար­ձան Ուա­շինկ­թը­նի եւ Թեհ­րա­նի մի­ջեւ ծրագր­ուած բա­նակ­ցու­թեան յե­տաձ­գու­մին։ Այս առի­թով Ռի­ապ­քով ըսաւ. «Սուր­իոյ վրայ ԱՄՆ-ի օդա­յին յար­ձա­կում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան զու­գա­հե­ռա­բար ամե­րիկ­եան-իրան­եան պատ­ուի­րա­կու­թիւն­նե­րու  հան­դի­պու­մի նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն», ապա աւել­ցուց. «Ըստ երե­ւոյ­թի, Ուա­շինկ­թը­նի վրայ ճն­շում բա­նեց­նող ու­ժե­րը որո­շած էին յիշ­եալ հան­դի­պու­մը ձա­խո­ղու­թեան մատ­նել»։
Աղ­բիւ­րին հա­մա­ձայն, ԱՄՆ մին­չեւ օրս կը փոր­ձէ Իրա­նի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ  վերսկ­սիլ՝ մի­ջու­կա­յին գոր­ծար­քի հա­մա­ձայ­նու­թեան վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար, սա­կայն Իրան կը մեր­ժէ որե­ւէ հա­մա­ձայ­նու­թիւն նախ­քան Իրա­նի դէմ ԱՄՆ-ի կող­մէ սահ­ման­ուած պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րուն վե­րա­ցու­մը։
Իր կար­գին, Իս­րա­յէլ Պայ­տը­նը զգու­շա­ցուց Իրա­նի հետ մի­ջու­կա­յին գոր­ծար­քի հա­մա­ձայ­նու­թեան վե­րա­դառ­նա­լու հե­տե­ւանք­նե­րէն։