Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան Շարժ­ման վար­չա­պե­տի թեկ­նա­ծու Վազ­գէն Մա­նուկ­եա­նի դի­տար­կու­մով, բնա­կան եր­կի­րը այն է, երբ ղե­կա­վա­րը առանց թիկ­նա­պահ­նե­րու ազա­տօ­րէն կը շր­ջի փո­ղոց­նե­րուն մէջ:
«Ի՞նչ եր­կիր, երբ ինք փամփշ­տար­գել պի­տի հագ­նի, կող­քը հա­զար հո­գի պի­տի ըլ­լայ, դեռ նռ­նակ­ներն ալ այլ հարց: Ասի­կա ցոյց  կու տայ, որ իշ­խա­նու­թիւն չու­նի, որով­հե­տեւ ղե­կա­վա­րի իշ­խա­նու­թիւնը ժո­ղո­վուրդն է: Եթէ ինք ժո­ղո­վուր­դէն կը վախ­նայ, ի՞նչ իշ­խա­նու­թիւն է», ըսած է Մա­նուկ­եան:
Աւելց­նենք, որ իշ­խա­նու­թիւնը Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի ( այ­սու­հե­տեւ՝ ԱԺ) դար­պաս­նե­րը  փա­կած է, իսկ Աժ-ին մէջ տե­ղադր­ուած են լու­սա­ձայ­նա­յին նըռ­նակ­ներ:
«Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան շար­ժում»ի ղե­կա­վար­նե­րուն  ՀՀ նա­խա­գահ Ար­մէն Սարգս­եա­նի հետ հան­դի­պու­մին ակ­նար­կե­լով, Վազ­գէն Մա­նուկ­եան ըսած է, որ նա­խա­գա­հը մին­չեւ Չո­րեք­շաբ­թի երե­կոյ­եան ժա­մը 18:00-ն ժա­մա­նակ ու­նի որո­շում գո­յաց­նե­լու:
«Մենք փաս­տարկ­ներ բե­րինք, որոնց հա­մա­ձայն, նա­խա­գա­հը պէտք է գոր­ծը ղր­կէ Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րան: Բայց որո­շո­ղը ինքն է: Ես կը կար­ծեմ, որ փաս­տարկ­նե­րը շատ վա­ւե­րա­կան էին եւ պի­տի ազ­դէ­ին իր վրայ: Ես հա­մոզ­ուած եմ, որ նա­խա­գա­հը  ճիշդ որո­շում կ՚ըն­դու­նի: Բայց սպա­սենք եւ տես­նենք, մնա­ցած է եր­կու ժամ», շեշ­տած է ընդ­դի­մա­դիր գոր­ծի­չը:
Վազ­գէն Մա­նուկ­եա­նը աւելց­նե­լով ըսած է, որ բա­նա­կը անօ­րի­նա­կան հրա­մա­նի չ՚են­թարկ­ուիր: Այ­սինքն, չի կր­նար ըլ­լալ, որ հրա­ման ար­ձակ­ուի Օննիկ Գաս­պար­եա­նը պաշ­տօ­նա­զուրկ դարձ­նե­լու, իսկ ան հլու-հնա­զանդ դուրս ել­լէ :
«Այդ­պի­սի բան չի կր­նար ըլ­լալ: Բա­նա­կը պի­տի մնայ կան­գուն իր ժո­ղո­վուր­դին կող­քը: Բայց լաւ կ՚ըլ­լար որ նա­խա­գա­հի հրա­մա­նա­գիր ըլ­լայ կամ որո­շու­մը հա­մա­պա­տաս­խա­նէր իրա­վի­ճա­կին», ընդգ­ծած է ան: