Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ վրայ բանեցուած ճնշումը՝ Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային համակարգեր ձեռք բերելուն առնչուող, կրնայ հակառակ ազդեցութիւն եւ հետեւանքներ ունենալ: Այս մասին «Պլումպըրկ»ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն:
«Երբ այլ երկիր մը մեզի կը մօտենայ առաւելապաշտական դիրքորոշմամբ եւ պահանջներ կը ներկայացնէ՝ տուեալ դէպքը «կա՛մ մեր ձեւով, կա՛մ ընդհանրապէս պիտի չըլլայ», ոգիով, ապա այդ մօտեցումը մեզ այլ ուղղութիւններու կը մղէ»», ըսած է Թուրքիոյ նախագահի բանբերը:
Ըստ Քալընի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տարակարծութիւններ կային, «սակայն անոնք վերացած են՝ կառուցողական երկխօսութեան միջոցով»: «Ինչո՞ւ մենք չենք կրնար նոյնը ընել Միացեալ Նահանգներու հետ», հարցուցած է ան:
Բանբերը շեշտած է, որ Թուրքիա կրնայ «Էս-400» համակարգեր ունենալ այնպիսի ձեւով, որ չխախտէ ՕԹԱՆ-ի պաշտպանական համակարգը:
«Այս խնդիրները կարելի է լուծել կառուցողական երկխօսութեան միջոցով՝ բաց եւ ազնիւ, սակայն ամերիկացի քաղաքական գործիչները պէտք է հասկնան, թէ մենք որքանով լուրջ կը վերաբերինք այդ հարցերուն: «Էս-400»ի գնման մասին որոշումը կարելի չէ տալ մէկ գիշերուան մէջ»», յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի բանբերը: