Թուրքիոյ արեւելեան շրջանին մէջ տեղի ունեցած օդանաւային աղէտին հետեւանքով  11 թուրք զինուոր մահացած է, իսկ 2-ը՝ վիրաւորուած:
Մահացածներէն մէկը Թուրքիոյ ցամաքային զօրքերու Էլեազըղի (Խարբերդի) 8-րդ վաշտի հրամանատար, զօրավար Օսման Էրպաշն է:
Ո՞վ է Օսման Էրպաշը
Թրքական մամուլը հեղեղուած է զօրավար Էրպաշի կենսագրութիւնն ու գործունէութեան մանրամասնութիւններով: Յատկանշական է, որ Էրպաշի զինուորական գործունէութեան մէջ հայկական հետք եւս կայ: Կը յիշուի, որ թուրք զօրավարը իր ռազմական-մարտավարական գիտելիքներով օգնած է Ատրպէյճանին Լեռնային Ղարաբաղի 3-րդ պատերազմին «յաջողութեան հասնելու համար»:
Թուրք զօրավարը յայտնուած է «Պայրաքտար» ԱԹՍ-ներու (Անօդաչու թռչող սարքերու-«Գ.»,  ստեղծման ակունքներում մէջ: Էրտողանի փեսան՝ յիշեալ ԱԹՍ-ն արտադրող ընկերութեան ղեկավար Սելճուք Պայրաքտարը, Telegram-ի իր էջով յայտնած է, որ զօրավար Էրպաշի հետ աւելի քան 10 տարի ընկերութիւն ըրած է՝ միասին փորձարկած են անօդաչու թռչող սարքերը:
Էրպաշի ձեռքերը թաթխուած  եղած են նաեւ քիւրտ զինեալներուն դէմ գործողութիւններուն: Ան 2010-ին ընդհանուր ուսուցում  կազմակերպած է այն զինուորականներուն  համար, որոնք այդ գործողութիւններուն ընթացքին պէտք էր  ԱԹՍ-ներ կիրառէին:
Օսման Էրպաշ ծնած է ներկայ Թուրքիոյ կեդրոնական Եոզկաթ նահանգի Երքէօյ շրջանը: 1983-ին աւարտած է ռազմական դպրոցը, 1997-ին ռազմական ակադեմիան, իսկ 2000-ին Թուրքիոյ ԶՈՒ (Զինեալ Ուժերու) ակադեմիան:
Ան 2017-ին  նշանակուած էր 8-րդ վաշտի հրամանատար: