Ուրբաթ, 12 Մարտ 2021-ին, «RT Arabic» վկայակոչելով ամերիկեան «Wall Street Journal» թերթի հրապարակած զեկոյցը յայտնեց, որ մէկ ու կէս տարիէ ի վեր Իսրայէլ թիրախ ընտրած է Սուրիա ուղղուած աւելի քան 12 իրանեան քարիւղատար նաւեր։ Թերթը յիշեց, որ 2019-ի աւարտին, Իսրայէլ ծովային ականներ տեղադրեց՝ Սուրիա ուղղուած իրանեան քարիւղատար նաւերը ոչնչացնելու նպատակով։ Միւս կողմէ ամերիկեան «Indipendent» թերթը յայտնեց, որ նախօրօք սուրիական տարածքին գտնուող ջուրերուն վրայ իրանեան առեւտրական նաւ մը եւս հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ։