Նիկոլ Փաշինեանը 17 Մարտին  պէտք է այցելէր ԿԳՄՍ Նախարարութիւն: ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամները տեղեկանալով այս մասին  յայտարարութիւն  տարածած էին, որ մտադիր են փակել անոր ճանապարհը:

Առաւօտեան արդէն նախարարութեան շէնքը չորս կողմէն շրջապատուած էր  ոստիկաններու կողմէն, ինչպէս նաեւ երկու կողմէն փակ էր Վազգէն Սարգսեանի փողոցը:

ՀՅԴ ՀԵՄ անդամ Քրիստինէ Վարդանեան ԿԳՄՍՆ-ի մօտ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին յայտնեց.«Մենք երեք ընկերներով հոս ենք: Մենք կ’ուզէինք ցոյց տալ  այս ոստիկանապետութեան պատկերը, որ հիմա ՀՀ-ի մէջ իրականութիւն  դարձած է»:

«Նիկոլ Փաշինեանը 500 մեթր վեր գտնուող իր աշխատասենեակէն 500 մեթր ներս գտնուող նախարարութիւն կրցած է այցելել հազարաւոր ոստիկաններու ուղեկցութեամբ: Տեսէք` ժողովրդավարութիւն յորջորջող մարդը, խումբը ինչպէս կը տեղաշարժի ու դուք որոշեցէք` կ’ուզէ՞ք այսպիսի ղեկավար ունենալ, թէ՞ ոչ… Երեք ընկերով հոս ենք, բայց շրջապատուած ենք այսքան ոստիկաններով», ըսաւ ան:

«Ասկէ մէկ տարի առաջ, երբ այս նախարարութեան դիմաց նստացոյց կ’ընէինք, եւ կը պահանջէինք տխրահռչակ նախարարին հրաժարականը, Նիկոլ Փաշինեանը եկաւ, կեցաւ մեր առջեւ եւ խօսեցաւ: Մենք կ’ուզենք ցոյց տալ, թէ մէկ տարի յետոյ Նիկոլ Փաշինեանին իրական վիճակը եւ անոր իշխանութեան իրական պատկերը ինչ է․ ան այսօր կը խուսափի ՀՀ քաղաքացիներուն հետ հանդիպելէ, եւ կառավարութենէն նախարարութիւն կը տեղաշարժի հազարաւոր ոստիկաններով: Անոր իշխանութիւնը բաղկացած է այս ոստիկաններէն»,յայտարարեց Գոռ Սարգսեան:

Կառավարութեան շէնքէն դէպի ԿԳՄՍ Նախարարութիւն 500 մեթր տարածութիւնը հազարաւոր ոստիկաններու ուղեկցութեամբ եւ  քանի մը ինքնաշարժներու շարասիւնով գացող Նիկոլ Փաշինեանին ցուցարարները դիմաւորեցին կառավարութեան շէնքին մօտ` «դաւաճան» վանկարկումներով:

«Որոշեցինք գալ` հոս բարեւել զայն, օրհնել, դարձեալ հոսկէ թող երթայ հոն», ըսաւ ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի նախագահ Սարգիս Կարապետեան:

Ան դիտել տուաւ, որ նախորդ անգամ, երբ ինքը միայնակ էր ցոյցին  , 60 ոստիկան բերին իր դէմ, այսօր մօտ մէկ տասնեակ ցուցարարներ են, եւ ոստիկաններուն թիւը աւելի բազմապատկած են: