Երեւանի Բաղրամեան պողոտային մէջ տեղի ունեցող հանրահաւաքներու ընթացքին պարզուեցաւ  պաստառ մը, որուն  վրայ գրուած էր «ազատագրում»: Սա կը վկայէ, որ մարդիկ իշխանութեան դէմ ծաւալուած շարժումը այլեւս իբրեւ ազգայինազատագրական պայքար ընկալած են:

Ազգային եւ պետական գիտակցութեամբ օժտուած մեծամասնութեան համար պատերազմը չէ աւարտած: Թշնամին կը շարունակէ գերի պահել անյայտ թիւով հայորդիներ, ամէն օր նորանոր տարածքներ ու դիրքեր կը գրաւէ բուն Հայաստանի տարածքէն, կը ձեւաւորէ նոր սահմանագիծեր, թշնամի երկրին յղփացած ղեկավարը կը խօսի Զանգեզուրի ու Երեւանի ատրպէյճանապատկան ըլլալու մասին:

Միւս կողմէն` Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնական ներկայացուցիչները` թրքական «գորշ գայլեր» ծայրահեղական կազմակերպութեան առաջնորդը, Նիկոլ Փաշինեանը պաշտպանած են եւ սպառնալիք պարունակող յայտարարութիւններ  կատարած են Հայաստանի ժողովրդային շարժումին եւ հայոց բանակի հասցէին: Իսկ ամէնէն վտանգաւորն ու երկրի համար սպառնալին  սեփական իշխանութիւնը ու անոր առանձին ճիւղերն են, այս ամէնուն պաշտօնապէս հակադարձելու փոխարէն, սահմաններու եւ բաանումներու նոր գիծերու վերահսկողութիւնը կազմակերպելու, գերիներու եւ այլ հարցերով գոնէ զիչողական յայտարարութեամբ սահմանուած սկզբունքներու պահպանումը պահանջելու, բացարձակապէս լուռ ու անտարբեր են եւ չեն արձագանգեր ոչ միայն սեփական պետութեան ու ժողովուրդի անվտանգութեան եւ արժանապատուութեան դէմ թոյլ տրուող ոտնձգութիւններուն, այլեւ անգամ իրենց հասցէին հնչող ծաղրանքին ու հայհոյանքին: Այդպիսի գործելակերպ դրսեւորելու հրահանգ  տրուած է համապատասխան գերատեսչութիւններուն եւ պաշտօնատարներուն այս ամէնուն գլխաւոր մեղաւորին ու պատասխանատուին կողմէն: Ազգային դաւաճանութեան ակնյայտ դրսեւորումներու որակ ունեցող գործունէութեան համար իշխանութիւններու եւ թիւ մէկ պատասխանատուի գործողութիւններու ազատութիւնը կ’ապահովեն Ազգային անվտանգութեան եւ Ոստիկանութեան համակարգերը` յանձինս իրենց ղեկավարներուն: Չմոռնանք, ի հարկէ, որ քաղաքական առումով թիկունքը կ’ապահովեն երկրի խորհրդարանը եւ նախագահը:

Չմոռնանք նաեւ այն արտաքին ուժերը, որոնք լռեցին, երբ միջազգային ահաբեկչական ուժերուն ուղեկցութեամբ երկու պետութիւններ ռազմական յարձակում ձեռնարկեցին Արցախի դէմ, լռեցին, երբ անոնք արգիլուած զէնքի կիրառումով կատարեցին պատերազմական յանցագործութիւններ, աւերեցին խաղաղ բնակավայրեր, հոգեւոր ու մշակութային կոթողներ, գլխատեցին մարդոց, իրականացուցին այլ վայրագութիւններ: Անոնք այժմ աչք  փակած են, երբ Հայաստանի իշխանութիւնը հալածանք, ոստիկանապետութեան բռնի ուժ, ինչպէս եւ ուժի գործադրման սպառնալիք կը կիրառէ սեփական ժողովուրդին դէմ, եւ, ընդհակառակը, ակնյայտօրէն կը հովանաւորեն: Ըստ էութեան, արտաքին ուժերը, օգտուելով երկրին մէջ կորսուած յենարաններէն եւ պատասխանատուութեան սպառնալիքին տակ խուճապահար իշխանութիւններու կամազուրկ վիճակէն, կը թելադրեն անոնց շարունակել այն քաղաքականութիւնը, ըստ որուն, տարածաշրջանի մէջ կը լուծուին աշխարհաքաղաքական հարցեր` ի հաշիւ Հայաստանի պետականութեան եւ հայ ժողովուրդի ապագային:

Այն պայմաններուն մէջ, երբ բարոյազուրկ ու ազգային շահերուն դաւաճանած ղեկավարը կորսնցուցած է երկրի բնականոն կառավարումը իրականացնելու, արտաքին սպառնալիքէ պետութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորելու, առանց ոստիկանական պատնէշի անգամ առանձնասենեակէն դուրս գալու կարելիութիւնը, անոր մտահոգութեան հիմնական առարկան կը մնան ուժային կառոյցները: Այդ լծակներուն միջոցով ան կը փորձէ վախ սերմանել եւ կտրել ժողովուրդը, միաժամանակ իր իշխանութեան հետագայ երաշխաւոր  կը տեսնէ  ուժային կառոյցները: Անոր համար իսկական ցնցում եղաւ Գլխաւոր շտապին, եւ Պաշտպանութեան բանակի կողմէն արծարծուած իր հրաժարականին պահանջը:

Փաստացիօրէն վարչապետի լիազօրութիւնները լիարժէքօրէն իրականացնելու կարելիութիւնները կորսնցուցած ամբոխի առաջնորդը փորձեց երկրին մէջ վերահաստատել իր իշխանութիւնը` դիմելով նոյն ամբոխին, որ անոր իշխանութեան  բերած էր եւ, ըստ էութեան, անոր յենարանն էր: Պետական բոլոր լծակներու գործադրումով, կաշառքով ու սպառնալիքով հրապարակ բերուած զանգուածի սահմանափակ թիւը խորտակեց անոր յոյսերը, թէ այդ լծակը կրնայ կրկին իրեն համար յաղթանակ ապահովել: Օրէնքի ու օրինականութեան հետ երբեք հաշուի չնստած ուժի ներկայացուցիչները տակաւին իշխանութիւնը գրաւելու օրերուն յայտարարած էին, որ ժողովուրդի կամքը վեր է օրէնքէն: Կորսնցնելով ժողովուրդի անունով օրէնքը ոտնահարելով հարցեր լուծելու կարելիութիւնը` այս ուժի առաջնորդը դարձեալ կառչեցաւ վերջին յոյսով` հեռացնելու Գլխաւոր շտապի անհնազանդ պետը, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ գլխատելու ողջ բանակը` նուիրեալ ու փորձառու ղեկավարութեան փոխարինելով կամազուրկ, կամակատար, տգէտ դուրսպրծուկներով: Ինչպէս կը տեսնենք, անգամ պատերազմին կրած դաժան պարտութիւնը դաս չէ եղած, որ հաւանական նոր պատերազմէն առաջ երկրի բանակը խնայուի անձնակազմի կործանարար յեղաշրջումներէն: Եթէ վարչապետին համար իշխանութեան պահպանման վերջին յոյսը կը մնայ ուժը, որուն միջոցով ան կրնայ բռնանալ, կանխել, պատժել, սադրել եւ անգամ քաղաքացիական բախումներ հրահրել, ապա իր բուռին մէջ գտնուող ոստիկանութեան ու ազգային անվտանգութեան ուժերու միջոցով ան ոչ մէկ սադրանք չի կրնար հրահրել, եթէ ամենազօր բանակը իր հետ չէ, որ ընդհակառակը, զգուշացուցած է ձեռնպահ մնալ ժողովուրդին դէմ կարելի բռնարարքներէն:

Վարչապետի գլխաւոր հարցը կը շարունակէ մնալ ոչ իրեն, այլ ժողովուրդին հաւատարիմ բանակին հնազանդեցնելու մտասեւեռումը, այն ակնկալիքով, որ անգամ իրեն համար ամօթալի, երկրին համար կործանարար այս վիճակը կարելի է ձգել անորոշ ժամանակով: Իրավիճակի` անորոշ ժամանակով երկարաձգումը, սակայն, մեղմօրէն, կը զայրացնէ  ժողովուրդին` ազգային ու պետական գիտակցութիւն ունեցող մեծամասնութեան, երբ երկիրը ամէն օր կորուստներ արձանագրած է անվտանգութեան ու կենսագործունէութեան մնացած ոլորտներուն մէջ, առաւել եւս տագնապալի է դաւաճանի մեղադրանքը կրող ղեկավարի ձեռքին մէջ գտնուող պետութեան հեռանկարը:

Քաղաքագէտ Ստեփան Դանիէլեան սոյն թուականի 7 Մարտին «ֆեյսպուք» ընկերային ցանցին մէջ գրած է. «Որքան կառավարութիւնը կ’ուշացնէ սպասուելիք հրաժարականը, այնքան մարդիկ աւելի ռատիքալ (արմատական«Գ.») կը դառնան, ու բացարձակապէս կարեւոր չէ, թէ ռատիքալները (արմատական«Գ.»)  քանի տոկոս են: Եթէ նոյնիսկ այնքան  շատ չեն, այնուամենայնիւ, խստօրէն դրդուած են ուվճռական: Ռատիքալացումը ոչ միայն իշխանափոխութեան գործօն է, այլեւ ետիշխանական գործընթացներու սպառնալիք իրենց քայլականներուն համար, ի հարկէ: Մի՛ սրէք կիրքերը. ձեր օգուտին համար չէ»:

Քաղաքագէտին գրածը կը խմորուի մեր աչքին առջեւ ու ամէն տեղ, եւ որքան ալ ընթացող զարգացումներուն կայունութեամբ ու օրինականութեամբ շահագրգիռ ուժը իշխանութեան փոխարէն  ընդդիմադիր քաղաքական շարժումն է, այս գործընթացը չի կրնար ո՛չ կասեցնել եւ ոչ ալ ներառել իր վերահսկողութեան դաշտը: Չեն կրնար մոռցուիլ կամ մարիլ մարդոց կիրքերն ու սրուած զգացումները ո՛չ տարածքային ու մարդկային կորուստներուն, ո՛չ երկրի ապագային նկատմամբ: Թերեւս հոգեկան անհաւասարակշռութեամբ պայմանաւորուած  մտատեսիլները, թէ հինգհազարամեայ երկիր մը, այնուամենայնիւ, կարելի է քշել դարաւոր ոսոխին երախը, հաւանաբար մեծ վնասներ կը հասցնեն երկիրին, բայց վստահաբար կը կործանեն անոր դահիճները: Եւ որքան ալ ֆիզիքապէս դժուար ըլլայ, պէտք է ձգտիլ գործընթացները պահելու օրինականութեան ուղեծի`րին ժողովուրդներու ինքնապաշտպանութեան բնական իրաւունքի նկատաժումով:


«Դրօշակ», թիվ 3 (1649), մարտ, 2021 թ.