Չորեքշաբթի, 17 Մարտ 2021-ի գիշերուան ժամերուն սուրիացի նշանաւոր երգչուհի Մայատա Պսելիս իր մահկանացուն կնքեց քաղցկեղի հիւանդութենէն որոշ ժամանակ մը տառապելէ ետք։ Հանգուցեալը ծնած է Հալէպ 1967-ին։ Պսելիս Սուրիոյ արուեստի յայտնի դէմքերէն էր։ Սուրիոյ ժողովուրդը մեծ յարգանք կը տածէ իր ստեղծագործութիւններուն եւ սուրիական, յատկապէս հալէպեան, երգարուեստին մէջ իր եւ ամուսնոյն՝ երաժիշտ Սամիր Քուէֆաթիի բերած ներդրումին։ Պսելիս հանրածանօթ էր իր հալէպեան երգերով, որոնց երաժշտութեան մեծամասնութիւնը իր ամուսնոյն ստեղծագործութիւնն էր։ Պսելիս նաեւ շարականներ կը մեներգէր։