Lragir.am-ը հարցազրոյց մը ունեցած է ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանի հետ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պատերազմէն ու զինադադարի հաստատումէն ետք ի՞նչ վիճակ կը տիրէ Արցախի մէջ, եւ թէ 1994-ի սահմաններուն վերադառնալու հարցեր կը քննարկուի՞ն, կարելիութիւններ կա՞ն, Իշխանեան յայտնած է.
«Զինադադարէն ետք, մենք առիթ ունեցանք անդրադառնալու Արցախի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակին՝ քաղաքական, ընկերային, անվտանգային հարցերու, ինչպէս նաեւ տնտեսական հիմնախընդիրներու: Եւ այդ առումով մեր գնահատականները այդքան ալ գունաւոր չէին, իրականութեան արտացոլանքն էր: Յետպատերազմեան այս ծանր վիճակը յաղթահարելու պրպտումներու մէջ ենք: Այստեղ շատ կարեւոր է, որ Արցախի Հանրապետութեան պետական կառոյցները կարենան ճիշդ ուղղութիւն որդեգրել՝ իւրաքանչիւրը իր մասով: Անշուշտ, ժողովուրդին ակնկալութիւնները անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովումն է, բայց նուազ կարեւոր չեն այն ընկերային հարցերը, որոնք ծառացած են տեղահանուած բնակչութեան առջեւ:
Այսօր դժուար է ըսել, թէ մենք կրցա՞ծ ենք ճիշդ ուղղութիւն որդեգրել: Սակայն պէտք է ըսել, որ նշանները այդ առումով ինչ որ տեղ յուսադրիչ են: Թիւ մէկ խնդիրը, ինչպէս ըսի, անվտանգային հարցերն են, եւ ռուս խաղաղապահներու այստեղ ներկայութիւնը կարելիութիւն կու տայ վերակազմակերպելու եւ վերակառուցելու մեր կորսնցուցածը եւ նպատակային առումով մեր դիմաց նոր պայմաններու մէջ նոր հարցեր դնելու»:
Անդրադառնալով նպատակային հարցերուն, Իշխանեան ըսած է. «Օրերս տարածաշրջան այցելեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը: Եւ այս առումով, ինչպէս եւ նախորդ ամիսներուն, երկու տարաբնոյթ տեսակէտներ հընչեցին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ: Ատրպէյճան կը յայտարարէ, որ Ղարաբաղի հարցը լուծուած է, եւ նման հարց այլեւս գոյութիւն չունի: Հայկական կողմը կը շեշտէ, որ մենք ունինք դեռ չհանգուցալուծուած հիմնահարց, եւ այդ ուղղութեամբ մեր ջանքերը կ՚օգտագործենք: Վստահ եմ, որ այդ տեսակէտներու բախման արդիւնքով նաեւ որոշ խնդիրներ պիտի յառաջանան: Մենք՝ որպէս Արցախի Հանրապետութիւն, որպէս առանձին կողմ, կը փորձենք մեր հարցերը ձեւակերպել եւ յառաջացած նոր խնդիրներու մէջ լուծման տարբերակներ գտնել:
Հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ պէտք է ըսել, որ վերջերս Արցախի խորհրդարանէն ներս ընդունուած յայտարարութիւնը շատ կարեւոր էր Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ մեր հետագայ քայլերուն համար: Մենք կը գիտակցինք, որ, այո, պատերազմին պարտուած ենք, որ հարուածն ու կարուստները մեզի համար շատ-շատ ծանր են, բայց մենք պէտք է կարենանք վերակազմակերպել մեր ընդհանուր աշխատանքները:
Այդ առումով, տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումին միտուած հարցերը, մեր համարկումը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ վերջնական միացման գաղափարին իրականացումը ճիշդ այն ռազմավարական նպատակներն են, որոնց շուրջ մենք աւելի քան 30 տարի պայքար մղած ենք: Եւ հասած էինք որոշ փուլի:
Մեզի համար հարցի թուացեալ հանգուցալուծումը այսօր մեզ մատուցած է այլ իրականութիւն: Եւ այս իրականութեան հետ մենք պէտք է ինչ որ տեղ համակերպինք, բայց չընդունինք զայն որպէս վերջնական հանգուցալուծում եւ վերակառուցենք մեր աշխատանքները: Այդ նպատակին հասնելու համար նաեւ պէտք է գտնենք համապատասխան միջոցները: Իսկ միջոցները թելադրուած չեն միայն այսօրուան մեր պայմաններով:
Կարեւորը այդ նպատակը սահմանելն է, իսկ այդ նպատակը մենք սահմանած ենք տասնամեակներ առաջ, 100 տարի առաջ, երբ Ղարաբաղը կը բռնակցուէր Ատրպէյճանին՝ ինքնավար մարզի կարգավիճակով: Եւ պայքարի շարունակութիւնը նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է պատգամենք մեր սերունդներուն, եթէ չկարենանք ամբողջական հանգուցալուծման հասնիլ մեր սահմանած նպատակներու շրջագիծին մէջ:
Միացումը մեր ռազմավարական նպատակն էր ու այսօր ալ նպատակն է»: