Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կտրականապէս մերժեց ու դատապարտեց Սարաքէպի ենթադրեալ դէպքին մասին Քիմիական Զէնքի Կանխարգիլման Կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած ապակողմնորոշիչ զեկոյցը, շեշտելով որ ան ամբողջութեամբ կեղծիքի վրայ հիմնուած է:
Նախարարութիւնը  յայտնեց .« Ընթացիկ ամսուան 12-ին Քիմիական Զէնքերու Կանխարգիլման Կազմակերպութիւնը ապակողմնորոշիչ զեկոյց ներկայացուց այսպէս կոչուած «հետաքննութեան եւ նոյնականացման խումբ»ին կողմէ: Խումբ, որուն յառաջացումը Սուրիան եւ Քիմիական Զէնքերու  Համաձայնագրին մասնակից մեծաթիւ երկիրներ ապօրինի համարած  էին, շեշտելով, որ ան ստեղծուած է ԱՄՆ-ի եւ անոր արեւմտեան դաշնակիցներուն կողմէ՝ Քիմիական Զէնքերու Կանխարգիլման Կազմակերպութեան հաղորդագրութիւնները այլ կերպով խմբագրելու եւ ներկայացնելու համար»:
Նախարարութիւնը շարունակելով ըսաւ. «Սուրիա խստիւ կը դատապարտէ այսպէս կոչուած «հետաքննութեան եւ նոյնականացման խումբ»ին ապօրինի զեկոյցին մէջ արձանագրուած տեղեկութիւնները, անոնց ներկայացման ձեւն ու բովանդակութիւնը եւ կը հաստատէ, որ Սարաքէպի կամ այլ քաղաքի մէջ Սուրիա երբեք թունաւոր կազեր չէ օգտագործած, իսկ սուրիական արաբական բանակը զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պատերազմի ամէնէն դաժան մարտերուն անգամ նման զէնքեր չէ օգտագործած»: