Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող սուրիական եւ լիպիական ընդդիմադիր ուժերու պատանի վարձկաններ Ատրպէյճան ղրկուած են՝ մասնակցելու Ղարաբաղի դէմ պատերազմին:
Ըստ «Էրմէնիհապէր»ի, Ֆաճր Մալաքի անունով նախկին սուրիացի վարձկան մը այս տեղեկութիւնը փոխանցած է: Անոր խօսքով, երբ ան մաս կը կազմէր Թուրքիոյ  կողմէ հովանաւորուող սուրիական զինեալ ահաբեկչական խումբերու, ընդամէնը 13 տարեկան էր:
Այս նիւթին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ տալով, Մալաքի հետեւեալը ըսած է.
«Թուրքիան Ատրպէյճան ղրկած է Սուրիոյ մէջ իր զօրակցութիւնը վայելող զինեալները՝ Արցախի դէմ պատերազմին սատարելու նպատակով, անոնց մէջ երեխաներ ալ եղած են: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան մեզ ղրկած էր Լիպիա եւ Հայաստան: Կրտսեր սերունդը, անոնք, որոնք դեռ մանուկ էին պատերազմի սկիզբը, անգիտակից, անկիրթ, անգրագէտ ու միամիտ էին: Կը կարծեմ, որ անոնք միշտ պիտի մնան Թուրքիոյ ստրուկը»: