Քանատան չեղեալ յայտարարած է նախապէս տրուած զէնք եւ ճարտարագիտութիւններ Թուրքիա արտածելու արտօնութիւնները, այն բանէն ետք, երբ երկրին իշխանութիւնները ստացած են ապացոյցներ անոնց օգտագործման մասին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ: Այս մասին կը յիշուի Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնոյի յայտարարութեան մէջ: «Անցեալ աշնան, արտածման վերահսկման մեր խիստ դրութեան տակ, Քանատայի կառավարութիւնը կասեցուցած է զինուորական ապրանքներու եւ ճարտարագիտութիւններու` Թուրքիա արտածման արտօնութիւնները` մինչեւ հետաքննութիւնը այն մեղադրանքներուն վերաբերեալ, որ քանատական ճարտարագիտութիւնը Ազրպէյճանը օգտագործած է Լեռնային Ղարաբաղի զինուորական տագնապին մէջ: «Քայլերը կը յաջորդեն 2019 թուականի աշնան Թուրքիա արտածման նոր արտօնութիւններու տրամադրումը կասեցնելու որոշումին, որ տրուած է այն բանէն ետք, երբ Թուրքիան այդ տարուան հոկտեմբերին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ սկսաւ «Խաղաղութեան ակունք» զինուորական գործողութիւնը եւ ներխուժեց այնտեղ: «Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ազգային պաշտպանութեան բաժանմունքի հետ միասին, այդ ժամանակէն ձեռնամուխ եղած է Թուրքիոյ ուղղուած բոլոր կասեցուած եւ գործող արտածման արտօնութիւններու մանրակրկիտ վերատեսութեան: «Այս հետաքննութենէն ետք, որուն ընթացքին բացայայտուած են համոզիչ ապացոյցներ, որ Արցախի մէջ կ՛օգտագործուի Թուրքիա արտածուող քանատական ճարտարագիտութեան, ես կը յայտարարեմ 2020 թուականի աշնան դադրեցուած արտօնութիւններու ջնջման մասին: «Նման օգտագործումը կը հակասէ Քանատայի արտաքին քաղաքականութեան եւ Թուրքիոյ վերջնական օգտագործման հաւաստումներուն: «Այս առաւօտ ես խօսեցայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ` վերահաստատելու Քանատայի մտահոգութիւնները եւ նախաձեռնելու երկխօսութեան գործիքակազմ քանատացի եւ թուրք պաշտօնատարներու միջեւ` փոխադարձ վստահութիւնը հաստատելու եւ արտածման արտօնութիւններու շուրջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու համար` վերջնական օգտագործման երաշխիքներու հետ համապատասխանութիւն ապահովելու համար: «Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի կարեւոր դաշնակից է, եւ ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութեան ծրագիրներու հետ կապուած դիմումները պիտի գնահատուին իրարմէ անջատ կերպով», նշուած է յայտարարութեան մէջ: