Կարծես դար մը անցած էր…
Վեց ամիս առաջ, այս սրահին մէջ հաւաքուած էին համալսարանի նոր ուսանողները, որպէս ծանօթացում նշանակուած հաւաքը գործնական եղած էր:     Պատերազմի գոյժը ցնցած էր երկիրը, թշնամին անակնկալ խուժած էր ցամաքէն, երկինքէն անխնայ հարուածելով: Թէեւ յարձակումը ըստ հետախուզական ծառայութիւններու տեղեկութեանց, Արցախի նախագահի հաստատումով անսպասելի չէր, թէեւ միշտ ալ սահմանի վրայ դիպուկահարի գնդակով սպանուող կամ վիրաւորուող զինուորներու դէպքեր կ’արձանագրուէին, թէեւ թըշնամիի պատերազմի նախապատրաստութեան մասին յաճախ կը հաղորդուէր լրահոսով:
Իրականութեան դէմ յանդիման պահ մը շփոթած, բայց միաւորուած ուսանողները սրահին մէջ հաւաքուած, սնունդի սնտուկներ կը պատրաստէին ու նայուածքները մերթ ընդ մերթ յառելով հեռատեսիլի պաստառին կը դիտէին սփռուող լուրերը:
Պատերազմի ընթացքին ոգեւորելը անհրաժեշտ էր, հետեւաբար նոյն յանկերգն էր, որ կը հնչէր ամէնուրեք «Յաղթելու ենք» եւ բոլորը ոգեւորուած էին, կը փորձէին ընել կարելի ամէն բան:
– Ուրեմն Անի՛, ես էլ Նարեկն եմ,- ըսաւ երիտասարդը սեւ աչքերուն արտայայտիչ նայուածքը պահ մը հանգչեցնելով աղջկան վրայ,- ԺԱ. դարում շքեղ Անին կործանուեց. Վեստ Սարգիսը, Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոս եւ կարգ մը փառամոլ իշխաններ դաւադրաբար քաղաքը  յանձնում են թշնամիներին.. հիմի մնացել է շքեղ քաղաքի տխուր պատմութիւնը եւ «Անի» անմահ անունը մեր սիրուն աղջիկներին նուիրելու:
Անին շփոթած էր, որպէս համաձայնութեան նշան գլուխը շարժեց:
– Այո՛, Անին սիրուն անուն է, տիրոջը նման,- ըսաւ արագ-արագ սնտուկին մէջ տեղաւորելով ծխախոտի փաթեթները,- ճակատում յաճախ ուտելիքից աւել կռուողները նախընտրում են սիկարէթը:
Անին կրկին շարժեց գլուխը, խօսելու ունակութիւնը կորսնցուցած աշակերտի նման, որ դասը չյիշելով կը մնայ անճրկած:
– Իսկ հիմի Սարդարապատ է, չպիտի ընկրկել, Անի՛ ջան,- շարունակեց տատամսելով ու քթին տակէն.
«Իմ մահով ոչինչ չի փոխուի կեանքում,
Եւ չի պակասի աշխարհում ոչինչ,
Մի լոյս կը մարի հինգերորդ յարկում,
Կը մթնեն մի պահ աչքերը քո ջինջ»:
Ու գլուխը բարձրացնելով հարցական նայեցաւ:
– Համօ Սահեան,- գոչեց Անի:
– Այո՛, Սահեան.. դէ օգնիր փակենք սնտուկը,-  ըսաւ Նարեկ հրամայական ոճով:
Խոր քունէ արթնցողի նման Անին մօտեցաւ:
– Ինչո՞ւ այդ տողերը մտաբերեցիր,- համարձակութիւնը հաւաքելով հարցուց ան:
– Հաւանաբար…- Նարեկ կուլ տուաւ պատասխանը:
Յաջորդ օր Նարեկը չկար.. համալսարանի ուսանողներէն կամաւոր խումբ մը մեկնած էր ճակատ:
Շարունակեցին սնտուկներ պատրաստել մինչեւ…
* * *
Սրահին պատին վրայ համալսարանի զոհուած տղոց անուններու ցուցակն էր ու լուսանկարները: Անի սրտատրոփ մօտեցաւ:
Անուշ-անուշ ժպիտներ, դէպի չապրուած օրեր յառած քաղցր նայուածքներ, թուականի մը վրայ սառած ժամանակ…
Նարեկին լուսանկարը անժպիտ էր, բայց վճռական նայուածքով:
Ականջներուն մէջ վերակենդանացաւ անոր ձայնը:
«Հաւանաբար…»
«Իմ մահով ոչինչ չի փոխուի կեանքում,
Եւ չի պակասի աշխարհում ոչինչ…»:
– Ինչո՞ւ… դու ու քո նմանները պիտի ապրէին,- փսփսաց Անի:
Ուսին թեթեւ հպում զգաց, շուարած ետ նայեցաւ: Սմբատն էր, համալսարանի դասաւանդութիւնը վերսկսելէն ի վեր իր շուքը դարձած Սըմբատը: Սկիզբները աղջկայ գոհունակութեամբ կը լսէր անոր փաղաքշական խօսքերը, յետոյ աստիճանաբար այդ շուքը դարձաւ  անտանելի:
– Ի՞նչ սառած նայում ես, տղերքը կողքի սենեակում են, կարծիքների փոխանակում պիտ լինի, արի՛… Լալի՞ս ես, ափսոս չե՞ն աղուոր աչքերդ,-
«Յիմա՛ր, կատարեալ յիմա՛ր» մտովի արհամարհեց ու անխօս, արագ քայլերով հետեւեցաւ շուքին:
Շրջանակ կազմած նստած էին ուսանողները, անծանօթ երիտասարդ մը կար գրասեղանին ետեւ, բոլորին ցուցաբերած ակնածանքէն եզրակացուց, որ պատասխանատու անձնաւորութիւն է: Սմբատը շուքի իր պարտականութիւնը կատարելով արագ երկու աթոռ կարգադրեց, անձայն տեղաւորուեցան… ան բազուկը սեփականատիրոջ իրաւունքով երկարեց իր աթոռի կռնակին, Անի դժկամութեամբ կծկուեցաւ:
Հեղինակաւորը կը խօսէր ձեռքերը թափահարելով, ներկայ վիճակի, զգաստութեան, համաճարակի, տնտեսութեան մասին, կեդրոնացումը կորսնցուցած էր, ուղեղի խորշերը նոր մտքեր ընդունելու անկարող էին:
– Հը՞, Անի ջան, լա՞ւ ես,- Սմբատին ձայնն էր, շունչը ծոծրակին, զինք փշաքաղելով:
Ցնցուեցաւ մրափէ արթնցողի նման, նկատեց մանիշակագոյն, կանաչ մազերով աղջիկը, որ ցուցադրաբար ոտքի կանգնելով բարձրաձայնեց զիլ ձայնով:
– Այս ազգը հարիւր տարի է իրաւունքների մասին է գոռում, երեսուներկու տարի է Ղարաբաղ ենք գոռում եւ ի՞նչ… մենք փոխելու ենք էս նեխած մտածողութիւնը, մենք պիտի փոխուենք…
– Ի՞նչ էք ասում, հրաժարուել մեր իրաւունքների՞ց, դուք  հասկանում էք, տեսէք,- Արշակը առաջ երկարեց վիրակապուած աջ ձեռքը,- իմ վիրաւորանքը էստեղ չի այլ.. -ու ձեռքը տարաւ սրտին:
 Պատերազմի մասնակցած էր, վիրաւորուած ձեռքէն ու տակաւին բուժման փուլի մէջ:
– Տէ լաւ, չքաղաքականացնենք, մենք համալսարանի առաջադիմութեան մասին ենք մտածում,- միջամտեց Սմբատը:
– Դուք իսկապէս ծայրայեղական էք.- առաջ անցաւ գունաւոր ծամերով աղջիկը:
– Աշխարհը արագ քայլերով է գնում դէպի համաշխարհայնացում, մենք համակեցութիւն ենք ուզում,- կոտրտուելով խօսեցաւ երկար ծամերով տղայ մը, որ այնքան ալ առնական կեցուած չունէր:
– Մեր հարեւանների հետ բարի դրացիութիւն կարգաւորելը անխուսափելի է,- աւելցուց հեղինակաւորը:
– Ասացէ՛ք խնդրեմ, մենք ոնց պիտի նայենք կողքի սրահի պատին.. էդ.. էդ հերոս տղոց նկարներին.- ոտքի ցատկեց Դաւիթը:
– Նրանք հերոսներ են, խոնարհում ենք, յետոյ ինչ,- ծաղրական դիմեց երկար ծամերով տղուն կողքին նստող անոր «բարեկամ»ը:
– Արդէն չեմ կարող շարունակել,- Արշակ դուռը շռնդալից փակելով դուրս եկաւ, անոր հետեւեցան ուրիշներ:
Անին ալ ցատկեց:
– Անի ջան, էդ ո՞ւր,- Սմբատ փորձեց արգիլել:
– Քեզ ի՞նչ, դա իմ գործն է, չփորձուես քիթդ մխրճել իմ գործերին, հասկացա՞ր,- չդիմացաւ Անի ու առաջ անցաւ:
Ուսանողական սրճարան կար մօտերը, համախոհներով շարունակեցին հաւաքը:
– Տղե՛րք, եկէք չյուսալքուենք, մեր հերոսների, մեր հին ու նոր նահատակների յիշատակը վառ պահենք… պարտութիւն, դաւաճանութիւն, դասալքութիւն մոռանանք մի պահ, բոլորին հաշուարկելու ժամանակը կը գայ: Ապրիլ ամիսն է, պատերազմի զոհերու, գերիներու կողքին չմոռնանք ցեղասպանութիւնը… մենք որպէս նոր սերունդ ինչ ունենք աւելցնելու, ինչ նոր մտքեր ու գործնական անելիքներ ունենք,- Արշակին խօսքն էր:
– Մենք պարտաւոր ենք սանձել այս նոր հոսանքը, ինչպիսի լուացուած ուղեղներ, յանձնուած տկարամիտներ. թուրքն ու ազերին անխնայ պըղծում են մեր սրբութիւնները, սպառնում, իսկ էդ անզգամները բարի դրացութիւն խաղալու պատրաստ են,- բորբոքած ըսաւ Դաւիթ:
– Հարիւր տարիներէ ի վեր ցեղասպանութեան ճանաչումը մուրացել ենք,  յետոյ պահանջատիրութիւն գոռացել, ձայն բարբառոյ… միայն Ապրիլ 24-ին, ծաղիկներ կը խոնարհեցնենք ու ամէն ոք իր գործին… յարգանքս բոլորին, ասէք խնդրեմ ինչ արդիւնքի հասել ենք… վերջին պատերազմը փաստ էր, 44 օր միայն զգաստացման քարոզներ լսել ենք, շատ լաւ էլ իմանում էին որ նախայարձակը մենք չէինք, որ Թուրքիան աշխոյժ մասնակից էր արիւնահեղութեան, նոյնիսկ ահաբեկիչներ ուղարկած էր: Լաւ իմացէք, եթէ օտար պետութիւնները շահ չունեն մատը մատին չեն կպցնի: Դասեր քաղենք պատմութենէն, մեզ դիւանագիտական ռազմավարութիւն է պէտք, ճկունութիւն եւ ինչու չէ նենգութիւն, լարախաղացութիւն՝ որ նոյնինքն քաղաքականութեան խաղն է,- Արամն էր պատմական գիտութիւններու ուսանող:
– Համաձայն եմ, մենք ծայրայեղական ու տարուող ժողովուրդ ենք դարել…  էդ օրերին յիշո՞ւմ էք,- ծիծաղելով աւելցուց Դաւիթ,- Թրամփի ընտրական արշաւի ընթացքին երբ ամերիկահայերը փակեցին անոր ճանապարհը յայտարարեց, որ հայերը լաւ մարդիկ են, ինչպիսի՞ գովերգութիւն.. կամ Քիմ Քարտաշեանը գրեց ի նպաստ հայերին.. Օհօ՜ ֆէյսպուքի էջերը խայտացին.. իսկ սահմանին մեր անպաշտպան տղերքն էին.. հազար ամօթ մեզ:
– Տղերք չշեղուենք, այլ առաջարկներ,- Արշակ ձախ ձեռքով թխկացուց սեղանը:
– Ես Արամի առաջարկներին հարիւր տոկոս համաձայն եմ ու աւելացնելու բան ունեմ, մենք պիտի զարկ տանք գիտութեան, յատկապէս «ռազմագիտութեան».. քսանմէկերորդ դարում ենք ապրում, բոլորս խելացի հեռախօսներ ունենք, այ փէտեր, համակարգիչ, բայց զէնք, արդիական զէնք ունի՞ մեր պետութիւնը, այս դարու պատերազմը պիտի լինի կոճակներով… իսկ որքան հայ գիտնականներ ունենք աշխարհի տարածքում, մենք այն ազգն ենք որ ունի մեծ, հարուստ եւ իմաստուն Սփիւռք:
– Սփիւռքը չզլացաւ, բայց…- մէջը մտաւ Սեւակ:
– Թէեւ շնորհակալ, բայց լրիւ համաձայն չեմ Սփիւռքի ներդրմանը, երկար քննարկելու հարց է, հիմի մեր անելիքի մասին խօսենք: Մեզ ներուժ է պէտք, ոչ արտահոսք, հասկանալի է՝ արտագաղթը սկսուել է մեծ թափով, մարդիկ յուսալքուել են, բայց հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին յարատեւ պատերազմ, պարտութիւն, ջարդ ապրել է ու գոյատեւել, եթէ նախկինում հռոմէացին, յոյնը, պարսիկն էին մեզ ասպատակողը, ջարդողը, հիմի ազերին է, անկուշտ թուրքը… ու պէտք է հասկանալ, որ թուրքը երբե՛ք մեզ գործընկեր, բարեկամ չի լինի,- եզրակացուց Արամ:
– Անի ջան, դու էլ երեւի ասելիք ունես,- Արշակ եզրակացութեան յանգելէ առաջ դիմեց Անիին:
– Ես յաւերժ պիտի յիշեմ մեր զոհուած տղերքը, մանաւանդ Նարեկի վերջին խօսքերը.. «Իմ մահով ոչինչ չի փոխուի կեանքում, Եւ չի պակասի աշխարհում ոչինչ» … ի՞նչ ասեմ, Նարեկն ու իր նմանները պիտի՛ ապրէին, անոնց մահով շատ բան պակասեց: Ափսոս նրանք գնացին, մնացին էդ թափթփուքները, մորթապաշտները, համակերպողները ու աշխուժացան իրենց սեւ գործը անելու..
– Անին իրաւացի է, գնանք սրահ, մեր կամաւոր նահատակների յիշատակով երդուենք:
Պատի ցուցակին վրայ Արամը աւելցուց.
«Մահն իմացեալ անմահութիւն է» նախադասութիւնը:
– Դէ տղերք այս ոսկի տղոց հովանիին ներքեւ պիտի երդուենք՝ մնալ հաւատարիմ մեր ազգին, հայրենիքին: Մեր այս խումբը պիտի համալրուի ազգասէր մարդկանցով ու անյապաղ սկսենք աշխատանքի, կարեւորը յոյսը, հաւատքը եւ միասնութիւնն են,- Արշակ բարձրացուց վիրակապուած ձեռքը.- յիշենք մեր իմաստուն բանաստեղծ Չարենցի պատգամը.
«Ով Հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը, քո հաւաքական ուժի մէջ է»:
Բոլորը բարձրացուցին ձեռքերը, շրթունքները կը շարժէին անխօս, երկիւղածութեամբ, աղօթքի պահ էր:
Այդ պահուն կողքի սենեակէն դուրս եկան «ժողովական»ները եւ լաւ աշխատանք մը կատարողի ինքնագոհութեամբ, անտարբեր ուղղուեցան ելքի դուռ:
14/ 04/ 2021 Երեւան
Պերճուհի Աւետեան