«Արմէնփրէս».-ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ  յղած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար ալ Ասատին` Ազգային տօնին առիթով:

«Ձերդ Գերազանցութիւն,

Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդը` Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Ազգային տօնին առիթով:

Հայ եւ սուրիացի ժողովուրդները կապուած են պատմական սերտ առնչութիւններով եւ բարեկամական զգացմունքներով, որոնք իրական հիմք  հանդիսացած են մեր երկիրներու միջեւ գործակցութեան եւ յարաբերութիւններու զարգացման համար:

Լիայոյս եմ, որ Սուրիոյ ժողովուրդը շուտափոյթ կը յաղթահարէ ծանր ճգնաժամի հետեւանքներն ու կ’ընթանայ խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղիով: Կը վերահաստատեմ մեր պատրաստակամութիւնը` շարունակելու մեր նպաստը բերելու առկայ մարդասիրական հարցերու լուծման ու մեր երկիրներու միջեւ աւանդական երկխօսութեան առաւել խորացման` ի շահ մեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու:

Կը մաղթեմ Ձեզ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդը` խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն»,  ըսուած է ՀՀ վարչապետի ուղերձին մէջ: