Դամասկոս, ՍԱՆԱ- Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտէ Սապպաղ յայտարարեց, որ Երկուշաբթի, 19 Ապրիլ 2021-ին կը սկսի Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածուներուն արձանագրութիւնը։

Սապպաղ Սուրիոյ խորհրդարանի արտակարգ ժողովի Ա. նիստին կոչ ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել, դիմելու Սահմանադրական բարձրագոյն դատարան յառաջիկայ տասը օրերու ընթացքին, մինչեւ Չորեքշաբթի, 28 Ապրիլ 2021։

Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնները արտերկիր ապրող սուրիացիներուն համար տեղի պիտի ունենան 20 Մայիս 2021-ին, իսկ Սուրիոյ մէջ՝ 26 Մայիս 2021-ին։