«Երկիր».- Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիան պատրաստ է օժանդակութիւն ցուցաբերելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան ու բարի դրացիական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն:

«Մենք չենք կրնար չողջունել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ կայուն խաղաղութեան, բարի դրացիական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղուած նախաձեռնութիւնները: Անցեալ տարուան 9 Նոյեմբերին եւ այս տարուան 11 Յունուարին Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւնները յուսալի հիմք են: Մենք պատրաստ ենք շարունակել ցուցաբերելու բոլոր կարելի օժանդակութիւնները նման գործընթացներուն: Անշուշտ, Ատրպէյճանն ու Հայաստանը փոխադարձ վստահութեան անհրաժեշտ մակարդակի հաստատման եւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման դժուար ճամբուն միայն սկիզբն են: Կարեւոր է, որ այս յառաջխաղացումը ուղեկցուի դրական լոյսի տակ, ներառեալ` տեղեկատուական», ըսած է ան:

Ըստ Զախարովային, ատրպէյճանցի եւ հայ ընկերներու հետ փոխգործակցութիւն ստեղծելու համար տակաւին շատ դժուարութիւններ կան յաղթահարելու: «Մենք կը  շեշտենք, որ Հարաւային Կովկասի կայունութիւնն ու կայուն տնտեսական զարգացումը կը համապատասխանեն այս տարածաշրջանին Ռուսիոյ բոլոր գործընկերներու շահերուն: Մենք կ’ակնկալենք, որ գործնական հարցերու մէջ կողմերը կը ձգտին քայլերու, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան յարաբերութիւններու կարգաւորման ու վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու, այլ ոչ թէ նոր բաժանարար գիծերու», աւելցուցած է Ռուսիոյ ԱԳՆ ներկայացուցիչը: