«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան փոքրամասնութիւններու հոգեւոր ու աշխարհիկ առաջնորդներուն հետ  ունեցած իֆթարի ընթացքին անդրադարձած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:

Էրտողան Սպիտակ տան ղեկավարին` Բայտընի յայտարարութիւնը անուանած է սխալ եւ անգիտակցաբար առնուած քայլ:

«Պայտընը շատ սխալ յայտարարութիւն  կատարած է: Մեր մօտ միլիոնաւոր փաստաթուղթեր կան: Պայտընի պէս մտածողները թող գան ու նային», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Անգարայի Չանքայա պալատին մէջ մատուցուած իֆթարին հայ համայնքէն մասնակցած են Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան եւ Թուրքիոյ մէջ «Հայկական Հիմնադրամներու Միութեան» եւ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն: