«Երկիր».-ՀՅԴ պատուիրակութիւնը 9 Մայիսին այցելեց Եռաբլուր պանթէոն: ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէութեան, այլ կոմիտէութիւններու եւ ՀՅԴ «Կամաւորական Շարժում» հասարակական կազմակերպութեան անդամները ծաղիկներ զետեղած են Արցախեան գոյապայքարի նահատակներու շիրիմներուն եւ յարգանքի տուրք մատուցել Արցախի համար զոհուած հերոսներու յիշատակին: