«Երկիր Մետիա».-«Հայաստան» քաղաքական դաշինքի գործակցութեան հռչակագիրը ստորագրուեցաւ: Հռչակագիրը ստորագրեցին ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան: «Դաշինքի ձեւաւորումը թելադրուած է 44-օրեայ պատերազմի աղէտալի հետեւանքները, մեր պետականութեան նետուած նոր սպառնալիքները յաղթահարելու անհրաժեշտութեամբ», մինչեւ ստորագրումը Հռչակագիրի բնագիրը հրապարակեց Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեան: