Երկուշաբթի, 10 Մայիս 2021-ին, Սուրիոյ նախագահ, սուրիական բանակի ընդհանուր հրամանատար Պաշշար ալ Ասատ վարչական հրամանագիր մը հրապարակեց։ Հրամանագիրին համաձայն զօրացրուումի կ՚ենթարկուին հետեւեալ զինուորական կարգերը ունեցող զինուորական ծառայողները։
– Զինուորական պարտադիր կամ պահեստի կոչուած սպաները, որոնք կը բոլորեն երկու տարուան իրենց ծառայութիւնը՝ մինչեւ 31 Մայիս 2021։
-Բժշկական ծառայութիւն ունեցող բժիշկ զինուորները, որոնք կը բոլորեն երկու տարուան իրենց ծառայութիւնը՝ մինչեւ 31 Մայիս 2021։
-Պարտադիր կամ պահեստի կոչուած աստիճանաւոր սպաները, որոնք կը բոլորեն եօթուկէս տարուան իրենց ծառայութիւնը՝ մինչեւ 31 Մայիս 2021։