Չորեքշաբթի, 26 Մայիս 2021-ին, սուրիական պատերազմի արհաւիրքի տարիներուն իրենց կեանքը զոհաբերած նահատակներուն ծնողները եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին նախագահական ընտրութիւններուն։ Մօտաւորապէս 20 նահատակներու մայրեր համախմբուած էին նահատակ Գրիգոր Աշնագլեան դպրոցին մէջ, հաւատալով Սուրիոյ գալիք բարգաւաճ եւ խաղաղ օրերուն։
Նահատակ Գրիգոր Աշնագլեանի մայրը՝ Եոլանտ Աշնագլեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ սոյն նախագահական ընտրութիւններու իրականացումով մենք մեր զաւակներուն իրաւունքի ձայնը լսելի դարձուցինք արար աշխարհին, կանխելով ահաբեկչական այն դաւադրութիւնները, որոնք ի մտի ունէին երկիրը քայքայել եւ անկումի մատնել զայն։