Չորեքշաբթի, 26 Մայիս 2021֊ի առաւօտեան հալէպահայութիւնը հոծ շարքերով, գլխաւորութեամբ սուրիահայ երեք համայնքապետներուն՝ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, քաղաքացիական իր պարտաւորութիւնը կատարելու համար ներկայացաւ քուէարկութեան կեդրոն, Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան դիմաց եւ մասնակցեցաւ Սուրիոյ նախագահական ընտրութեան։
Ընտրութեան առաւօտեան ժամերէն ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբն ու սկաուտները, հայ, արաբ եւ օտար լրագրողներ։
Ընտրութեան աւարտին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը հանդիպեցաւ նաեւ սուրիահայ նահատակներու ծնողներուն, որոնք իրենց կարգին եկած էին մասնացելու քուէարկութեան եւ արժեւորելու իրենց զաւակներուն նահատակութեան ուղին։
Ընտրութիւնները կը շարունակուին մինչեւ երեկոյեան ժամը 8։00։

Լուսանկարները՝ Ճորճ Ուրֆալեանի։