Մաս­նա­ւո­րա­բար 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մի դադ­րե­ցու­մէն աս­դին, Հա­յաս­տան-Ար­ցախ աշ­խարhը եւ անոր հետ ամ­բողջ հա­յու­թիւնը կ’ապ­րին հրա­բու­խի մը խառ­նա­րա­նին մէջ: Իւ­րա­քան­չիւր արե­ւա­ծա­գի, եւ ան­կէ մին­չեւ արե­ւա­մուտ հասց­նող ժա­մե­րը մեր հայ­րե­նի­քին եւ ժո­ղո­վուր­դին արա­րուող պատ­մութ­եան մէջ կ’ար­ձա­նագ­րեն դէպ­քեր եւ ուղ­ղու­թիւն­ներ, որոնց­մէ  դրա­կան զար­գա­ցում­նե­րու սպա­սու­մը կը մնայ ան­պա­տաս­խան, չ’անց­նիր խոս­տում­նե­րու եւ բա­րի կա­մե­ցո­ղութ­եան սահ­մա­նը, իսկ բա­ցա­սա­կան իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը, յատ­կա­պէս ազեր­ի­ա­կան թշ­նա­մանք­նե­րու իրա­կա­նաց­ման գետ­նին վրայ, նոր «նուա­ճում­ներ» կ’ար­ձա­նագ­րեն ի հե­ճուկս Հա­յաս­տա­նի ու հա­յութ­եան:
«Խառ­նա­րան»ին խճան­կա­րը կազմ­ուած է բազ­մա­թիւ մաս­նիկ­նե­րով, որոնց­մէ մաս մը ու­նի կարճ թել, իսկ ու­րիշ­ներ կ’եր­կա­րին շա­բաթ­նե­րու, ամիս­նե­րու վրայ: Կա­րե­լի չէ թուել բո­լո­րը, կանգ առ­նել քայ­լա­փոխ առ քայ­լա­փոխ, սա­կայն եթէ ընտ­րենք քա­նի մը օրի­նակ, ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը կը դառ­նայ քիչ մը աւե­լի յս­տակ ու պար­զո­րոշ:
 ՄԱՍ­ՆԱՏ­ՈՒԱԾ ՄԱ­ՅԻՍ 28-Ը
Կարճ թե­լե­րէն մէ­կը կազ­մեց Մա­յիս 28-ի յի­շա­տա­կու­մը: Լրա­տու աղ­բիւր­նե­րէ տր­ուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ցոյց տուին, որ Սար­դա­րա­պա­տի մէջ կերտ­ուած յաղ­թա­նա­կին եւ դա­րե­րու անո­րո­շու­թե­նէ ետք հիմ­նադր­ուած Հան­րա­պե­տու­թեան 103-րդ տա­րե­դար­ձին յի­շա­տա­կու­մը ձե­ւով մը ար­տա­ցո­լա­ցու­մը եղաւ իրո­ղա­կան ող­բա­լի (եւ չըլ­լա­լիք) վի­ճա­կին:
Առա­ւօ­տուն, Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոսն ու խումբ մը հո­գե­ւո­րա­կան­ներ Սար­դա­րա­պատ էին աղօ­թե­լու հա­մար: Աւե­լի ուշ, նա­խա­գա­հը, հրա­ժար­եալ վար­չա­պետն ու հրա­ժար­եալ­նե­րու փա­ղանգ մը հա­սան Սար­դա­րա­պատ, ոգե­կո­չա­կան հան­դի­սու­թեան մը հա­մար: Յիշ­եալ եր­կու «նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րէն» մե­ծա­գոյն բա­ցա­կան էր մեր ժո­ղո­վուր­դը, բազ­մու­թի՛ւնը (եւ ո՛չ թէ միայն մա­մու­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը. միայն իշ­խա­նու­թեան մօ­տիկ կա­յա­նի մը ար­տօն­ուած էր լրագ­րող ղր­կել): Յու­շա­հա­մա­լի­րին ճամ­բա­նե­րը փակ­ուած էին ժո­ղո­վուր­դին եւ մա­մու­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն առ­ջեւ, գործ­նա­պէս փաս­տե­լով, որ մոռց­ուած է թէ Սար­դա­րա­պատն ու Հա­յաս­տա­նի ան­կախ հան­րա­պե­տութ­եան ստեղ­ծու­մը ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՒՐ­ԴԻՆ սխ­րան­քին ար­դիւնքն էր…: Ալ ի՜նչ խօսք՝ յաղ­թա­նա­կը կեր­տող զի­նու­ժի ժա­ռան­գորդ­նե­րուն՝ հոգ չէ թէ խորհր­դան­շա­կան տո­ղանց­քին մա­սին: Պար­տու­թեան առաջ­նորդ­ուած եւ վար­կա­բե­կու­մէ վար­կա­բե­կում տա­րուող զի­նու­ժը ի՞նչ երե­սով պի­տի տո­ղան­ցէր նա­հան­ջա­մոլ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն աչ­քին առ­ջեւ: Սար­դա­րա­պա­տին ար­ձա­գանգ եղող՝ Ար­ցախ­եան բազ­մա­հանգր­ուան յաղ­թա­նակ­նե­րուն շուքն ան­գամ ջնջ­ուած էր իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն «նուա­ճում­նե­րուն» հե­տե­ւան­քով: Ան­կա­խու­թեան կեր­տիչ­նե­րուն հաս­ցէ­ին ար­ձակ­ուած դր­ուա­տիք­նե­րը գա­ցին-ին­կան երե­սան­ցու­թեան թէ­զին վրայ…
Մա­յիս 28-ը աւե­լի՛ ար­ժա­նա­ւոր կեր­պով նշ­ուե­ցաւ այ­լուր: «Հա­յաս­տան» դա­շին­քը հան­րա­հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պած էր Արամ Մա­նուկ­եա­նի յու­շար­ձա­նին շուրջ, Երե­ւա­նի մէջ: Հոն տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­րա­պե­տու­թեան արա­րող­նե­րուն եր­թը վե­րա­կանգ­նե­լու ուխ­տի վե­րա­նո­րո­գում, պար­տուո­ղա­կա­նու­թեան վերջ տա­լու հա­ւաս­տիք­ներ եւ յոյ­սեր հն­չե­ցին: Դրա­կան յի­շա­տա­կում­նե­րու շար­քին էին նա­եւ պատ­կե­րասփռ­ուած յայ­տա­գիր­ներ ու վա­ւե­րագ­րա­կան նիւ­թեր, իբ­րեւ յու­շա­րար պատ­գամ­ներ:
Մաս­նատ­ուած եւ տխուր էր 103-րդ Մա­յիս 28-ը, նման Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Սփիւռք իրա­կա­նու­թիւն­նե­րուն: Այս «մաս­նիկ­նե­րը» ար­ձա­նագր­ուե­ցան դառ­նու­թեամբ…
ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ԿԱՆ ԽԱՌ­ՆԱ­ՐԱ­ՆԸ ԵՒ…
Քա­ղա­քա­կան բե­մին վրայ, աւե­լի եր­կա­րա­շունչ թե­լե­րու խառ­նա­րա­նին մէջ նո­րա­գոյն փո­թո­րի­կը ստեղծ­ուե­ցաւ մէկ կող­մէ՝ սահ­ման­նե­րուն եր­կայն­քին ազեր­ի­ա­կան ոտնձ­գու­թեանց սաստ­կաց­ման, իսկ միւս կող­մէ՝ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն կող­մէ հրա­ժար­եալ վար­չա­պե­տին պար­տադր­ուած՝ նո­րա­գոյն բա­ցա­յայ­տում­նե­րուն ու խոս­տո­վա­նու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով: (Սո­վո­րու­թիւնն է, չէ՞. վա­րա­գոյ­րին ետին բա­ներ մը ընել, հա­ւաս­տել, որ «անանկ բան չկայ», յե­տոյ ետ­դարձ ընել եւ խոս­տո­վա­նիլ, երբ ընդ­դի­մա­դիր մը կամ մա­մու­լը ձա­խա­ւե­րու­թիւնը հրա­պա­րակ հա­նէ ան­վի­ճե­լի փաս­տե­րով, փոր­ձել յան­ցան­քը մեղ­մաց­նող պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­ներ որո­նել անուղ­ղայ մա­նու­կի պէս…):
Սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ ազեր­ի­ա­կան թշ­նա­ման­քը նոր մա­կար­դակ նուա­ճած է. Սիւ­նի­քի ճամ­բա­նե­րուն վե­րահս­կո­ղու­թիւնը, ռազ­մա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցող բար­ձունք­նե­րու եւ կարգ մը գիւ­ղե­րու գրա­ւու­մը ու­նին նոր «մր­ցա­կից­ներ»՝ Գե­ղար­քու­նի­քի եւ Տա­ւու­շի սահ­մա­նա­յին գօ­տի­նե­րէն ներս բա­զում թա­փան­ցում­ներ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը սկզբ­նա­պէս մնա­ցին խու­սա­փո­ղա­կան, ճշ­մար­տու­թիւն­նե­րը հեր­քող՝ հաւ­կու­րի կա­ցու­թեան մէջ, սա­կայն ճշ­մար­տու­թիւն­նե­րը հար­կադ­րե­ցին խոս­տո­վա­նիլ իրենց ան­կա­րո­ղու­թիւնը (կ’ար­ձա­նագ­րենք միայն ցա­ւով. ո՛չ ոք կ’ու­րա­խա­նայ նման ընկըր­կում­նե­րու ի տես): Առա­ջին հեր­թին, հաս­տատ­ուե­ցաւ, որ «մո­լոր­ուած» զի­նուոր­նե­րուն թիւը 250-ի կը հաս­նի, հասկ­ցանք, որ ճամ­բայ չէ­ին կորսն­ցու­ցած, այլ եկած ու առօք-փա­ռօք դիր­քեր գրա­ւած են Հա­յաս­տա­նի մայր հո­ղին վրայ, կ’ամ­րա­նան: «Թա­փան­ցող զիուոր­նե­րուն մէկ մա­սը ել­ման կէտ վե­րա­դար­ձած է» լու­րե­րը ցն­ծու­թիւն չբե­րին, որով­հե­տեւ գրաւ­ուած դիր­քե­րը բազ­մա­ցան: Իշ­խա­նու­թիւնը խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ «հիւ­րե­րուն» թիւը բարձ­րա­ցած է 500-600-ի: Հի­մա ար­դէն կը խօս­ուի «առն­ուազն հա­զար»ի մա­սին (Աչ­քը լո՜յս պան­դոկ շի­նել ու­զող­նե­րուն): Իշ­խա­նու­թիւնը կառ­չած կը մնայ «խա­ղաղ լու­ծում»ի ընտ­րան­քին, որուն հա­մար բա­զում խրատ­ներ կը տե­ղան դուր­սե­րէն (10 Նո­յեմ­բե­րէն ետք ստեղծ­ուած վի­ճակն ու կրա­ւո­րա­կան ան­գոր­ծու­թիւնը այլ­ընտ­րան­քի ճամ­բա­նե­րը մեծ մա­սամբ խա­փա­նած են): Օր ըստ օրէ աւե­լի պարզ կը դառ­նայ, թէ Հա­յաս­տա­նի գլ­խուն ինչ­պի­սի՛ փո­թո­րիկ­ներ կը կու­տակ­ուին (տես­նող կը փնտռ­ուի):
Եւ յան­կարծ (նմա­նա­պէս ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու բա­ցա­յայ­տու­մին ճն­շու­մին տակ), հրա­ժար­եալ վար­չա­պե­տը հաս­տա­տեց, որ բա­նակ­ցու­թիւն տե­ղի կ’ու­նե­նայ սահ­մա­նագ­ծու­մի առա­ջար­կի մը շուրջ, զոր պի­տի ստո­րագ­րէ, եթէ որոշ պայ­ման­ներ լրաց­ուին: Փո­թո­րի­կը սաստ­կա­ցաւ, երբ ակ­նար­կու­թիւն եղաւ, որ Ատր­պէյ­ճա­նը հո­ղա­տա­րածք­ներ ու­նի (եղեր) Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն ներս, Երե­ւա­նի հա­րա­ւը եւ Տա­ւուշ, որոնք կր­նան ընդգրկ­ուիլ «պի­տի ստո­րագ­րեմ»ին մէջ, հա­մա­ձայ­նու­թիւն՝ որ­մէ (ըստ հրա­ժար­եա­լին) «ո՛չ մէկ վնաս պի­տի հաս­նի Հա­յաս­տա­նին»: Խառ­նա­րա­նին բոր­բո­քու­մը (պարզ զու­գա­դի­պու­թիւն՝ Քոն­կո­յի արե­ւել­քը բոր­բո­քած հրա­բու­խին) սաստ­կա­ցաւ, երբ հրա­ժար­եալ վար­չա­պե­տը հրա­պա­րակ նե­տեց «շի­նիչ առա­ջարկ» մը եւս. ռուս կամ ՀԱՊ­Կ-ի ան­դամ­նե­րէն խա­ղա­ղա­պահ դէ­տեր հաս­տա­տել Հա­յաս­տա­նի արե­ւել­եան սահմա­նին վրայ, Սոթ­քէն մին­չեւ Խոզ­նա­վար եր­կա­րող գօտի­ին մէջ:
…ՔԻՉ ՄԸ ՔԱՐ­ՏԷԶ
Չմտ­նենք այս հա­ւաս­տիք­նե­րուն եւ առա­ջար­կին ստեղ­ծած մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն ման­րա­մաս­նու­թեանց մէջ, որոնց մեծ մա­սը ան­վի­ճե­լիօ­րէն ցոյց կու տան ան­հե­թե­թու­թիւն­ներն ու քա­ղա­քա­կան ման­կա­պար­տէ­զի վի­ճա­կը (ի դէպ, բա­նա­կա­յին­ներն ալ դուրս չեն եկած ման­կա­պար­տէ­զէն, երբ ազեր­ի­ա­կան ոտնձ­գու­թեանց դի­մաց նա­հան­ջո­ղա­կա­նու­թիւնը կը փոր­ձեն հա­զար ու մէկ պատ­ճա­ռա­բա­նութ­եամբ ար­դա­րաց­նել, առանց հասկց­նե­լու, թէ շուրջ 7 ամի­սէ ի վեր ին­չո՞ւ ան­գոր­ծութիւնը կը մնայ տի­րա­կան):
Եթէ աչք մը նե­տենք կող­քի քար­տէ­զին, դժ­ուար չէ տես­նել, որ Սոթ­քէն Խոզ­նա­վար սահ­մա­նա­յին գօ­տին հա­զիւ 25 առ հա­րիւրն է Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուող սահ­մա­նա­գի­ծին: Անի­կա կ’ընդգր­կէ Վար­դե­նի­սի «զգա­յուն» շր­ջա­նը, դրա­ցի է Հա­յաս­տա­նը Ար­ցա­խին կա­պող այժ­մու նր­բանց­քին: Բնա­կա­նա­բար կը ծա­գին շարք մը հար­ցեր, որոնց­մէ՝
1-Սա կը նշա­նա­կէ՞, որ Սոթ­քէն հիւ­սիս եւ Խոզ­նա­վա­րէն հա­րաւ եր­կա­րող սահ­ման­նե­րը ապա­հով են, ան­ձեռնմ­խե­լի (խն­դա­լիք չէ):
2-Ո՞վ պի­տի պաշտ­պա­նէ Սիւ­նիքն ու հիւ­սիս-արե­ւել­եան սահ­ման­նե­րը (Ատր­պէյ­ճա­նի հետ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նին ընդ­հա­նուր եր­կայն­քը մօ­տա­ւո­րա­պէս 500 քլմ. է. իշ­խա­նա­ւոր­ներ կը պատ­ճա­ռա­բա­նեն, որ կա­րե­լի չէ ամէն բար­ձուն­քի գա­գա­թը զի­նուոր դնել…): Կա­ռա­վա­րութ­եան վեր­ջին նիս­տե­րէն մէ­կուն, քն­նարկ­ուած է Սիւ­նի­քի յիշ­եալ գօտի­ին մէջ որոշ հո­ղա­մա­սեր ռու­սա­կան ու­ժե­րուն տրա­մադ­րե­լու ծրա­գիր մը, որուն մա­սին սկիզ­բը հրա­պա­րա­կում չե­ղաւ, բայց ի վեր­ջոյ բա­ցա­յայտ­ուե­ցաւ (եւ սա այն իշ­խա­նու­թիւնն է, որ կը յո­խոր­տայ, թէ ժո­ղո­վուր­դէն գաղտ­նիք չի պա­հեր, կը կար­ծէ, թէ մոռց­ուած է գաղտ­նօ­րէն ստո­րագր­ուած Նո­յեմ­բեր 9-ը…):
3-Պէ՞տք է հա­ւաս­տի նկա­տել այն մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը (եւ ին­չո՞ւ ոչ), թէ՝ նման սահ­մա­նի մը մա­սին պաշ­տօ­նա­պէս խօ­սե­լով, անուղ­ղա­կի կեր­պով կ’ըն­դու­նինք, որ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ «վի­ճե­լի» սահ­մա­նը այդ փա­փուկ եւ խնդ­րա­յա­րոյց գօտի­ին մէջ է միայն, նա­եւ կ’ըն­դու­նինք, որ ան­կէ արե­ւելք տա­րա­ծուող ԱՄ­ԲՈՂՋ ՇՐ­ՋԱ­ՆԸ (դարձ­եալ նա­յինք քար­տէ­զին) Ատր­պէյ­ճա­նի կը պատ­կա­նի: Ման­րա­մաս­նենք. Սոթ­քէն Խոզ­նա­վար եր­կա­րող գի­ծին արե­ւել­քը կը տա­րած­ուի Ար­ցա­խէն հա­յութ­եան մնա­ցած փոքր գօ­տին, որ ար­դէն դր­ուած է ռու­սա­կան խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու հս­կո­ղու­թեան տակ:
4-Սա կը նշա­նա­կէ՞, որ Հա­յաս­տան գործ­նա­պէս կ’ըն­դա­ռա­ջէ Ալի­ե­ւի այն յայ­տա­րա­րութ­եան, որ Ար­ցա­խի հար­ցը լուծ­ուած է, սահ­մա­նագ­ծու­մի եւ խա­ղա­ղութ­եան պայ­ման­նե­րու շուրջ հա­մա­ձայ­նե­լու հա­մար, Հա­յաս­տան պէտք է ըն­դու­նի Ատր­պէյ­ճա­նի «հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը», ըն­դու­նի, որ Ար­ցա­խը (այ­սինքն՝ ինչ որ մնա­ցած է տա­կա­ւին) Ատր­պէյ­ճա­նի հող է: (Ո՞ւր կը մնան «Ար­ցա­խը Հա­յաս­տան է ու վերջ»ը, Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ինք­նո­րոշ­ման իրա­ւուն­քը, մին­չեւ իսկ խորհր­դա­յին օրե­րու ԻՆՔ­ՆԱ­ՎԱՐ ՄԱՐ­Զի հան­գա­ման­քը…):
5-Չնաշ­խար­հիկ առա­ջար­կին ի լուր, այ­սու­հե­տեւ ինչ­պէ՞ս հա­ւա­տալ, որ «դէ­տե­րու գօ­տի»էն հիւ­սիս ին­կող՝ Տա­ւու­շի «վի­ճե­լի կղզ­եակ­ներ»ու մա­սին հրա­ժար­եա­լին ստո­րագ­րե­լիք հա­մա­ձայ­նա­գի­րը իս­կա­պէս պի­տի ըլ­լայ ի շահ Հա­յաս­տա­նի: Չէ՞ որ մեր ժո­ղո­վուր­դը տե­սած է (թէ­եւ ոմանք կը փոր­ձեն մո­ռաց­կոտ եւ նե­րո­ղա­միտ խա­ղալ), որ 9 Նո­յեմ­բե­րի յայ­տա­րա­րու­թիւնն ալ «ի նպաստ Հա­յաս­տա­նի» էր (իբ­րեւ թէ 25 հա­զար զի­նուո­րի կեանք փր­կե­լու նպա­տա­կով), չէ՞ որ այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րին մէջ չէ­ին մտ­ներ Ատըր­պէյ­ճա­նին փաս­տա­ցի նուէր յանձն­ուած տա­րածք­նե­րը, որոնք փո­խանց­ուե­ցան (դարձ­եալ յի­շեց­նենք յու­շա­կո­րոյս­նե­րուն) բե­րա­նա­ցի հա­մա­ձայ­նու­թեան մը հի­մամբ: Դեռ քա­նի՞ «օգ­տա­կար հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ», գաղտ­նի կամ այլ, դառն անակն­կալ­նե­րու պի­տի մատ­նեն մեզ:
6-Սիւ­նի­քի շր­ջա­նին մէջ ռու­սա­կան ու­ժե­րուն հո­ղեր-կէ­տեր տրա­մադ­րե­լու ծրա­գի­րը արդ­եօք նոր տե­սա­կի քո­ղար­կո՞ւմ մըն է, մէկ կող­մէ՝ մեր հո­ղե­րը մեր մի­ջոց­նե­րով պաշտ­պա­նել մեր­ժե­լու, եւ միւս կող­մէ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի հե­տապն­դած «Մի­ջանցք»ը իրա­կա­նաց­նե­լու ընտ­րանք­նե­րուն:
7-Վեր­ջին (բայց ո՛չ վերջ­նա­գոյն) հար­ցում մը: Ին­չո՞ւ հայ­կա­կան կող­մը միշտ պի­տի ըլ­լայ տուո­ղը եւ փո­խա­րէ­նը ոչինչ ստա­ցո­ղը (չմոռ­նանք, որ մենք շատ աւե­լի առ­նե­լիք-իրա­ւունք­ներ ու­նինք, քան ազեր­ի­ա­կան-թր­քա­կան կող­մը): Ին­չո՞ւ, օրի­նա­կի հա­մար, հա­րիւ­րա­ւոր գե­րի­նե­րու վրայ պի­տի աւել­նան 6 նո­րեր, իսկ մենք պի­տի մնանք ձեռ­նա­ծալ, ու­րա­խա­նանք, որ այս կամ այն եր­կիր կամ խորհր­դա­րան (այ­լա­պէս ող­ջու­նե­լի) պա­հանջ­ներ պի­տի դնէ Ատր­պէյ­ճա­նին:
ՀՐԱ­ԺԱՐ­ԵԱԼ­ՆԵ­ՐՈՒՆ
ԻՐԱ­ՒԱ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆԸ
Վար­չա­պետն ու կա­ռա­վա­րու­թիւնը հրա­ժա­րած են մօ­տա­ւո­րա­պէս մէկ ու կէս ամի­սէ ի վեր: Խորհր­դա­րա­նը լու­ծար­քի են­թարկ­ուած է մօ­տա­ւո­րա­պէս մէկ ամի­սէ ի վեր: Եւ ահա, Հա­յաս­տա­նի (եւ Ար­ցա­խի) շուրջ ճա­կա­տագ­րա­կան ծրա­գիր­նե­րը հրա­պա­րակ կու գան իշ­խա­նութ­եան մա­կար­դա­կին վրայ իրո­ղա­կան պա­րա­պու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը, այ­սինքն՝ հրա­ժար­եալ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու օրով:
Հրա­ժար­եալ-պաշ­տօ­նա­ւարտ­նե­րու այս «դա­րաշր­ջա­նին», մենք կը մնանք խա­ղա­ղա­սէր, կրա­ւո­րա­կան ու ձեռ­նա­ծալ, իսկ Ատր­պէյ­ճան կ’աշ­խա­տի կուլ տալ Ար­ցա­խի մնաց­եալ մա­սը, պա­տա­ռիկ­ներ խլել (ին­չո՞ւ չէ նա­եւ նուէր­ներ սպա­սել) նոյ­նինքն Հա­յաս­տա­նի հո­ղե­րէն:
Եւ մենք կ’եր­թանք դէ­պի աղ­բիւ­րը… ընտ­րա­պայ­քա­րի (սա ար­դէն առան­ձին քն­նար­կե­լի հարց է. յա­ջոր­դիւ):
Ս. Մահսերէճեան