Բո­լորս ալ մեզ շր­ջա­պա­տող օղա­կին մէջ կը գտ­նենք այն­պի­սի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, որոնց ներ­կա­յու­թիւնը եր­բեմն կը ծան­րաց­նէ մեր հո­գին, կը կաշ­կան­դէ մեր հանգս­տու­թիւնը, այն­պէս ինչ­պէս բարդ գիրք մը կը խռո­վէ մեզ ու իս­կա­կան ծան­րու­թիւն մը կը դառ­նայ մեր ձեռ­քե­րուն մէջ: Մեզ, մա­նա­ւանդ մեր երի­տա­սար­դու­թիւնը, կը մղէ առ­նե­լու մեր կեան­քի ամե­նավ­տան­գա­ւոր որո­շու­մը՝ ընդ­հան­րա­պէս ըն­թեր­ցա­նու­թե­նէ հրա­ժա­րե­լու որո­շու­մը:
Սա­կայն պահ մը կանգ առ­նենք ու լաւ մտա­ծենք:
Գիր­քը հին ժա­մա­նակ­նե­րէն ի վեր եղած է այն հա­յե­լին, որուն ընդ­մէ­ջէն ծա­նօ­թա­ցած ենք ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թեան, ցե­ղե­րու բար­քե­րուն ու սո­վո­րոյթ­նե­րուն, նոյ­նիսկ կր­ցած ենք թա­փան­ցել ան­հա­տին՝ թէ՛ գրո­ղին եւ թէ՛ հե­րո­սին նե­րաշ­խար­հը, բա­ցա­յայ­տե­լով անոնց հո­գե­վի­ճա­կը, ապ­րում­նե­րը, տա­ռա­պան­քը եւ մտա­հո­րի­զո­նը:
Իւ­րա­քան­չիւր գիր­քի մէջ կը գտ­նենք տար­բեր ան­հա­տա­կա­նու­թիւն­ներ բնու­թագ­րող գլ­խա­ւոր տու­եալ­ներ, որոնք ան­մի­ջա­պէս կ’աշ­խատց­նեն ըն­թեր­ցո­ղին միտ­քը: Ըն­թեր­ցո­ղը կա­մաց-կա­մաց կը սկ­սի մտա­բե­րել իր մի­ջա­վայ­րէն դէմ­քեր եւ դէպ­քեր ու զա­նոնք կը վեր­լու­ծէ տար­բեր դի­տան­կիւն­նե­րէ՝ գիր­քէն քա­ղած իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն:
Եւ այս­պէս՝ որ­քան աւե­լի գիրք ըն­թեր­ցէ ան, այն­քան յս­տակ ու ճիշդ կը սկ­սի դա­տել ամէն բան: Ըն­թեր­ցո­ղը կը սկ­սի խու­սա­փիլ այն մար­դոց­մէ, որոնք կը նմա­նին տհաճ ու բարդ գիր­քե­րու, սա­կայն կը գի­տակ­ցի, թէ կա­րե­լի չէ երես դարձ­նել այն գիր­քե­րէն, որոնք նման են հո­գե­հա­րա­զատ մարդ­ոց:
Գե­ղե­ցիկ բա­ռե­րը, քաղցր եւ անուշ նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը ու բարձ­րո­րակ շա­րա­հիւ­սու­թիւնը ըն­թեր­ցո­ղին դէմ­քին վրայ կը գծեն լայն ժպիտ մը, կը խա­ղա­ղեց­նեն հո­գին եւ ան կ’որո­շէ յա­ճախ ճա­շա­կել ու վա­յե­լել նմա­նա­տիպ գիր­քեր:
Ըն­թեր­ցո­ղը կր­նայ հան­դի­պիլ նա­եւ գիր­քե­րու, որոնց մէջ կր­նայ գտ­նել իր սի­րե­կանն ան­գամ ու թե­րեւս ալ չբա­ւա­րար­ուի միայն զայն ըն­թեր­ցե­լով, այլ ու­զէ ան­պայ­ման կող­քել այդ գիր­քը պահ­պանե­լու հա­մար՝ վս­տահ ըլ­լա­լով, որ պի­տի չփճա­նայ ու զինք չզր­կէ կր­կին ըն­թեր­ցե­լու ան­զու­գա­կան հա­ճոյ­քէն:
Գիր­քը ալե­հեր իմաս­տուն մըն է, որուն ձայ­նը կր­նանք լսել ոչ միայն անոր շօ­շա­փե­լի կող­քը բա­նա­լով, այ­լեւ բջի­ջա­յի­նի կո­ճա­կը սեղ­մե­լով, հե­տե­ւա­բար միշտ մե­զի հետ ու­նե­նա­լով այն աղ­բիւ­րը, ուր­կէ պի­տի ստա­նանք մեր գի­տե­լիք­նե­րը եւ հարս­տաց­նենք մեր փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը:
Շատ ար­դար է Մու­շեղ Իշ­խա­նի խօս­քը որ կ’ըսէ. «Գիր­քե՛ր սի­րե­լի, գիր­քե՛ր մտե­րիմ, դուք պի­տի մնաք, ես պի­տի մեկ­նիմ…»:

 

Անի Մինասեան