Կը քա­լեմ ծա­նօթ, բայց ին­ծի ար­դէն օտար դար­ձած թա­ղե­րէ: Շէն­քե­րը շա­տո՜նց կորսն­ցու­ցած են իրենց կեն­սու­նա­կու­թիւնը, համն ու հո­տը: Հատ ու կենտ լոյ­սեր կը պսպը­ղան շէն­քե­րէն՝ ինչ­պէս հե­ռա­ւոր ու ամա­յա­ցած գիւ­ղի տու­ներ: Փո­ղո­ցը բո­լո­րը գլ­խի­կոր ու մտած­կոտ կը քա­լեն, կար­ծես կը վախ­նան դա­ժան իրա­կա­նու­թեան հետ առե­րես­ուե­լէ: Ան­դին՝ արաբ լա­կոտ­ներ զի­րար հայ­հո­յե­լու մր­ցու­մի ելած են:
Կ’անց­նիմ եր­բեմ­նի Նոր Գիւ­ղէն, որ օրըս­տօ­րէ աւե­լի կը վե­րած­ուի ալ Մի­տա­նի…
***
Ֆէյս­պու­քը նո­րէն կը թար­մաց­նէ յի­շո­ղու­թիւնս՝ 9 տա­րի առաջ այս­օր­ուան պէս…, կը բա­նամ էջս… ինը տա­րի առաջ այ­սօր­ուան պէս վե­ցե­րորդ դա­սա­րա­նի հան­դէ­սիս օրն էր…: Նոյն Նոր Գիւ­ղի «Տիգ­րան­եան» պար­տէ­զէն ներս մօ­տա­ւո­րա­պէս 60 աշա­կերտ­ներ կը վան­կար­կէ­ին «Սա­հակ­եա­նէն՝ Ճե­մա­րան», բայց այդ 60-էն միայն տա­սը հո­գին աւար­տեց Ճե­մա­րա­նը…:
Այդ օր ոչ մէ­կուս միտ­քէն կ’անց­նէր, որ վեր­ջին ան­գամ պի­տի տես­նէ­ինք զի­րար: Հա­մոզ­ուած էինք, որ մեր չա­րաճ­ճիու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կէ­ինք Ճե­մա­րա­նի յար­կին տակ, պի­տի ծա­նօ­թա­նա­յինք նոր ըն­կեր­նե­րու, պի­տի մտեր­մա­նա­յինք անոնց հետ, սա­կայն եր­բեք պի­տի չմոռ­նա­յինք զի­րար…
***
-Կա­րե­ւոր ըսե­լիք ու­նիմ, առանց ընդ­մի­ջե­լու լսէ՛: Վերջ­նա­կա­նօ­րէն պի­տի մեկ­նինք: Տունն ալ ծա­խու դրած ենք: Կը կար­ծեմ որ ասի­կա ամէ­նէն ճիշդ որո­շումն է: Չէ՞ որ դուն ալ շատ կ’ու­զես հոն հաս­տատ­ուիլ եւ միշտ կը կրկ­նես Գ. Նժ­դե­հին խօս­քը «Հայ­րե­նի­քից զատ, հայ­րե­նի­քից դուրս ինձ հա­մար խա­բու­սիկ են բո­լոր դրախտ­նե­րը»: Գո­նէ հոն մարդ կ’ու­նե­նաս հի­մա եւ երբ որ այ­ցե­լես հա­րա­զատ տա­նիք մը կ’ու­նե­նաս գըլ­խուդ վե­րեւ եւ յե­տոյ այն­քա՜ն դիւ­րա­ցած են հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րը հի­մա, երբ որ ու­զենք կր­նանք տեսն­ուիլ…: Հա­ւա­տա՛, հե­ռա­ւո­րու­թիւնը իր ազ­դե­ցու­թիւնը պի­տի չու­նե­նայ… Դուն իմ մի­ակ հա­ւա­տա­րիմ ըն­կերն ես, չու­նե­ցած քոյ­րիկս ես եւ ընդ­միշտ պի­տի մնաս… ես վս­տահ եմ, որ դուն ալ օր մը պի­տի գաս…
***
Փի­լոն­նե­րը հա­գած, շր­ջա­նա­ւար­տու­թեան գլ­խարկ­նե­րը մեր գըլ­խուն, շար­ուե­ցանք բե­մին վրայ: Իւ­րա­քան­չիւ­րիս աչ­քե­րը այն­պէ՜ս կը փայ­լէ­ին, ամէն մէկս իր միտ­քին մէջ իր լու­սա­ւոր ապա­գան կը հիւ­սէր: Իւ­րա­քան­չիւրս թէ­եւ տար­բեր նպա­տա­կով, սա­կայն նոյ­նը կ’ու­զէ­ինք… յա­ջո­ղու­թի՜ւն: Ու հն­չեց մեր վեր­ջին զան­գը, գլ­խարկ­նե­րը թռան օդ եւ անոնց հետ եր­կինք բարձ­րա­ցան նա­եւ մեր երազ­նե­րը:
Ար­դէն պատ­րաստ էինք կեան­քի ովկ­ի­ա­նո­սին մէջ նա­ւար­կե­լու, բայց ան­տեղ­եակ էինք, որ ովկ­ի­ա­նո­սին ալիք­նե­րը եր­բեմն շատ ուժ­գին կը հար­ուա­ծեն եւ գի­շա­տիչ ձու­կեր կր­նան մեզ լա­փել, նա­եւ կր­նանք հան­դի­պիլ մեծ ժայ­ռե­րու: Չէ­ինք գի­տեր, որ ստիպ­ուած էինք մեր խո­շոր նա­ւէն փո­խադր­ուիլ փոքր մա­կոյկ­ներ եւ այդ­պէս նա­ւար­կել:
***
Օր­ուան աւար­տին երի­տա­սար­դու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւնը, առանց սե­ռի խտ­րու­թեան, յոգ­նա­բեկ կը մտ­նէ իր սեն­եա­կը, կը գո­ցէ դուռ ու պա­տու­հան եւ իր հե­ռա­ձայ­նի գու­նա­ւոր պա­ստա­ռի­կէն կը նա­յի աշ­խար­հին: Կը դի­տէ իր տա­րե­կից­նե­րու «վա­յելք»ի տե­սե­րիզ­ներն ու նկար­նե­րը ու կը մտմ­տայ՝ «Երա­նի՜ ես ալ հոն ըլ­լա­յի», յե­տոյ  կը նա­յի ժա­մուն, կը յի­շէ, որ վա­ղը առ­տու պէտք է գոր­ծի եր­թայ, որ­պէս­զի գո­նէ իր ծախ­սե­րը ըն­տա­նի­քին վրայ բեռ չըլ­լան…
Վեհան Պարսումեան