(Իբ­րեւ վեր­ջա­բան)
Հայ­րե­նի յու­շե­րուս այս վեր­ջին դր­ուա­գը կ’ու­զեմ յատ­կաց­նել Արա­մի յի­շա­տա­կին, անոր  ան­ձին ու ըն­տա­նի­քին վե­րա­բե­րող կարգ մը ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու, որոնք ընդ­հան­րա­պէս կը վրի­պին ար­դի հա­յու  գի­տու­թե­նէն, թէ­կուզ  միշտ  ու մի­ան­շա­նակ՝ բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօթ չըլ­լան պատ­մած­ներս:
Արա­մի գոր­ծու­նէ­ու­թեան փայ­լուն  փու­լե­րէն մէ­կը կը կազ­մէ Վա­նը:
Ան  առա­ջին ան­գամ հոն ոտք կը դնէր 1904-ին եւ այ­նու­հե­տեւ,- կարգ մը ընդ­մի­ջում­նե­րով,-  բախ­տը կը կա­պէր մաս­նա­ւո­րա­բար այդ պատ­մա­կան ոս­տա­նին եւ ընդ­հան­րա­պէս ամ­բողջ Վաս­պու­րա­կա­նին՝ ար­ժա­նա­նա­լով «Վա­նայ Արա­մը»  յոր­ջոր­ջու­մին եւ առար­կայ դառ­նա­լով շր­ջա­կայ թուրք, քիւրտ եւ այ­լազ­գի  շր­ջա­նակ­նե­րու  մի­ա­հա­մուռ յար­գան­քին՝ մին­չեւ «փա­շա» ան­ուա­նու­մը: Այս­տեղ ան  քիչ մը ամէն բան է՝ ու­սու­ցիչ, դպ­րո­ցի հիմ­նա­դիր,  երի­տա­սար­դա­կան խում­բե­րու կազ­մա­կեր­պող, ազ­գա­յին հաս­տա­տութ­եանց վե­րա­կա­ցու եւ հա­յութ­եան մնա­յուն ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ յաչս  թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան:
Արամ Վա­նը կը լքէ անոր ինք­նա­վա­րու­թեան ան­կու­մէն ետք՝ 1916-ին, որ կը զու­գա­դի­պի ռու­սա­կան բա­նա­կի նա­հան­ջին Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նէն, երբ այ­լեւս կա­րե­լի չե­ղաւ այն­տեղ պահ­պա­նել՝ հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րու առաջ­նոր­դու­թեամբ ու օգ­նու­թեամբ ազա­տագր­ուած տա­րածք­նե­րը, ուր պահ մը նա­հան­գա­պետ  ալ նշա­նակ­ուե­ցաւ  ան ռու­սա­կան իշ­խա­նու­թեան կող­մէ:
* * *
Նա­հան­ջե­լով Վաս­պու­րա­կա­նէն՝ ան կը հաս­նի Թիֆ­լիս, ուր կեդ­րո­նա­ցած էին օր­ուան կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծիչ­նե­րը եւ կը վճռ­ուէ­ին ազ­գա­յին բո­լոր հար­ցե­րը: Սա­կայն այս մի­ջա­վայ­րը իր նս­տա­կե­ցա­կան ու դիւա­նա­կա­լա­կան բար­քե­րով չի գրա­ւեր զինք, եւ 1917-ին, Ազ­գա­յին խոր­հուր­դի լի­ա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի հան­գա­ման­քով ան կ’անց­նի Երե­ւան, որ շատ աւե­լի կը պատ­շա­ճէր իր  ճա­շա­կին ու ըմբռ­նում­նե­րուն եւ ուր, մա­նա­ւանդ, շատ աւե­լի գործ կար ընե­լիք:
Ար­դա­րեւ, Երե­ւա­նը այդ օրե­րուն լեց­ուած էր արեւմ­տա­հայ  հոծ գաղ­թա­կա­նու­թեամբ,  մաս­նա­ւո­րա­բար մե­ծա­թիւ՝ մօտ 50.000, ան­տէր որ­բե­րով, որոնց վի­ճա­կը շու­տով պի­տի օր­հա­սա­կան դառ­նար աւե­լի քան հա­րիւր տարիէ ի վեր այն­տեղ հաս­տատ­ուած ռու­սա­կան  բա­նա­կի վեր­ջին մնա­ցորդ­նե­րու հե­ռա­ցու­մով՝ ի հե­տե­ւանս  Լե­նի­նի կո­չե­րուն՝  դադ­րեց­նե­լու պա­տե­րազ­մը եւ վե­րա­դառ­նա­լու տուն, ինչ որ բո­լո­րո­վին ան­տէր կը ձգէր Հա­յաս­տա­նը թըր­քա­կան զօր­քե­րու  դէ­պի Արա­րատ­եան դաշտ խու­ժու­մի փոր­ձե­րուն դի­մաց:  Հայ­րե­նի հա­յու­թեան ու կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րուն վեր­ջին բե­կոր­նե­րուն աչ­քե­րը բնա­կան հա­կու­մով մը կը յա­ռին  Արամ Մա­նուկ­եա­նին, որուն վար­չա­կան ու ռազ­մա­կան  համ­բա­ւին այ­լա­պէս ալ  ծա­նօթ էին անոնք:
Այս առան­ձին ու ան­տէր մնա­ցած զանգ­ուա­ծի  ջա­նա­դիր կազ­մա­կեր­պու­թեան շնոր­հիւ է,  որ յա­ռա­ջա­ցաւ այն  դի­մադ­րա­կան ու­ժը, որ հա­մա­կած էր հա­յու­թիւնը երեք տա­րի առաջ Վա­նի մէջ  եւ պի­տի ամիս­ներ ետք վե­րա­յայտն­ուէր Սար­դա­րա­պա­տի մէջ՝  յաղ­թա­կան դի­մագ­րա­ւե­լով   թր­քա­կան ներ­խու­ժող հոր­դա­ննե­րը եւ պար­տու­թեան մատ­նե­լով զա­նոնք՝ վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար վեց դա­րե­րէ ի վեր կորս­ուած հայ պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­քե­րը՝ 28 Մա­յիս 1918-ին:
Եւ մինչ կ’ակն­կալ­ուէր, որ ի՛նք ալ գլ­խա­ւո­րէր  հռ­չակ­ուած հան­րա­պե­տու­թիւնը, Արամ Մա­նուկ­եան,  որ  միշտ  խու­սա­փած էր տիտ­ղոս­նե­րէ ու ցու­ցա­կան պա­տիւ­նե­րէ,  իր տե­ղը կը զի­ջի Յով­հան­նէս Քա­ջազ­նունիի, որ կը դառ­նայ  առա­ջին վար­չա­պե­տը, մինչ ինք կը ստանձ­նէ ներ­քին նա­խա­րա­րու­թիւնը, ուր շատ աւե­լի գործ կար ընե­լիք,  մօտ ամիս մըն ալ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս կը վա­րէ աշ­խա­տան­քի եւ խնա­մա­տա­րութ­եան  նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը:
Կը մա­հա­նայ 29  Յուն­ուար 1919-ին, բծա­ւոր տի­ֆի վա­րա­կով, ամ­բողջ ամիս մը պայ­քա­րե­լէ ետք հիւան­դու­թեան դէմ եւ հա­զիւ եօ­թը ամիս վա­յե­լե­լով,- եթէ կա­րե­լի է այս­պէս ըսել,- ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հրճ­ուան­քը: Ետին կը ձգէ այ­րին՝ բժշ­կու­հի Կա­տա­րի­նէ Զալ­եա­նը, եւ չորս ամ­սու որ­բու­հի մը՝ Սե­դան, խան­ձա­րու­րի մէջ:
* * *
Արամ Մա­նուկ­եա­նի եւ Կա­տա­րի­նէ  Զալ­եա­նի ամուս­նու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցած էր 1918-ի սկիզ­բը: Այն ատեն կի­նը լծ­ուած էր գաղ­թա­կան­ներն ու որ­բե­րը հա­մա­ճա­րակ­նե­րու դէմ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար մղուող պայ­քա­րին, եւ անոնց հան­դի­պումն ալ տե­ղի կ’ու­նե­նայ  ճիշդ  այն հիւան­դա­նո­ցին մէջ, ուր կը գոր­ծէր  ան:
Այս ամուս­նա­կան կեան­քը կը տե­ւէ նուազ քան  տա­րիու­կէս:
Ամու­սի­նին մա­հէն ետք կի­նը  կ’ընտր­ուի  խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր՝ դառ­նա­լով 80 ան­դամ հա­շուող  Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի երեք կի­նե­րէն  մէ­կը՝ շա­րու­նա­կե­լով մի­ա­ժա­մա­նակ բե­րել իր մաս­նակ­ցու­թիւնը գաղ­թա­կան­նե­րու խնամ­քին:
Վրայ կը հաս­նի Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մը, եւ կը սկ­սի  անոր գող­գո­թան:
Նախ կը գրա­ւեն բնա­կա­րա­նը, որ  սեւ քա­րէ կա­ռուց­ուած երկ­յարկ գե­ղե­ցիկ  շէնք մըն էր, որ Արամ Մա­նուկ­եան, Երե­ւան ժա­մա­նե­լուն առ­թիւ,  նուէր ստա­ցած էր Ֆա­տեյ Քա­լան­դար­եան անուն  բա­րե­կա­մէ մը, ապա  կը զր­կեն աշ­խա­տան­քէ եւս: Տի­կին Մա­նուկ­եան, բո­լո­րո­վին ան­տէր մնա­լով, կը հաս­տատ­ուի  քրո­ջը  մէկ սեն­եա­կա­նոց տու­նը, այ­նու­հե­տեւ  կը մեկ­նի Կրաս­նո­տար՝ Արա­մի ազ­գա­կան­նե­րուն  քով, ուր կ’ապ­րի չար­քաշ կեան­քով մը՝ կա­տա­րե­լով քա­նի մը աշ­խա­տանք: 1927-ին Հա­յաս­տա­նի մէջ խիստ կա­րի­քը կը զգաց­ուի մաս­նա­գէտ բժիշկ­նե­րու, ահա այս առի­թէն ալ օգտ­ուե­լով ան կը վե­րա­դառ­նայ Երե­ւան ու կը նուիր­ուի իր մաս­նա­գի­տու­թեան.  «Մայրս առա­ւօտ­եան աշ­խա­տան­քի կ’եր­թար, ճա­շի կու գար, զիս կը կե­րակ­րէր, նո­րէն դու­ռը վրաս փա­կե­լով՝ կ’եր­թար ու­րիշ գոր­ծի, դա էր նրա ամ­բողջ  կեան­քը»,- կը վկա­յէ Սե­դա Մա­նուկ­եան իր յու­շե­րուն մէջ:
Արա­մի ըն­տա­նի­քը խոր­տա­կե­լու փոր­ձէն ետք՝ օր­ուան հա­մայ­նա­վար իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը  կ’ար­տա­շիր­մեն անոր աճիւն­նե­րը  եւս, որ օրին կը գտն­ուէր այժմ­եան Կո­մի­տա­սի ան­ուան պան­թէ­ո­նի տե­ղը, ուր  թաղ­ուած էր Առա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան ծախ­սե­րով, եւ կնո­ջը  շատ նեղ մի­ջոց­նե­րով անոնք կը փո­խադր­ուին այժմ­եան Թոխ­մախ գէ­օ­լի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, որուն ակ­նարկ­ուած է այս յու­շե­րու 12-րդ դր­ուա­գին մէջ: Ան­կա­խու­թե­նէն ետք՝ Արամ Մա­նուկ­եա­նի շի­րի­մը մէկ ան­գամ եւս տե­ղա­փոխ­ուե­ցաւ ու հանգր­ուա­նեց  այս ան­գամ,- յու­սանք վերջ­նա­կա­նա­պէս,- Երե­ւա­նի պե­տա­կան պան­թէ­ո­նի մէջ, ուր բեր­ուե­ցան  ու  ամ­փոփ­ուե­ցան  անոր կնոջ եւ աղջ­կան աճիւն­նե­րը  եւս:
* * *
Կը հաս­նի 1937 չա­րա­շուք թուա­կա­նը,  եւ Կա­տա­րի­նէ Մա­նուկ­եան ան­գամ մը եւս դուրս կը դր­ուի տու­նէն ու կ’ար­ձակ­ուի աշ­խա­տան­քէն: Ան տնանկ ու ծայ­րա­յեղ թշ­ուառ կ’ապ­րի մին­չեւ Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի սկիզ­բը, երբ մեծ կա­րիք կը զգաց­ուի բժիշկ­նե­րու, ուս­տի  կը թոյ­լատր­ուի, որ  ան  վե­րա­տի­րա­նայ իր քա­ղա­քաց­ի­ա­կան  իրա­ւունք­նե­րուն եւ  վերսկ­սի աշ­խա­տիլ:
Այս­պէս կ’ապ­րի ան մին­չեւ մա­հը՝ 1965-ին:
Մա­հէն քիչ առաջ ան կ’ըսէ աղջ­կա­նը. «Ես չտե­սայ, բայց դու ան­պայ­ման կը տես­նես  այն օրը, երբ մար­դիկ  կը յի­շեն ու կը գնա­հա­տեն քո հօ­րը: Ես վս­տահ եմ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը  չի մո­ռա­նար նրան»:
Մօ­րը մա­հէն ետք Սե­դա Մա­նուկ­եան Երե­ւան կը մնայ մին­չեւ 1976, ապա  կը հաս­տատ­ուի Մոսկ­ուա, ուր կ’ապ­րի կեան­քին մնաց­եալ տա­րի­նե­րը մին­չեւ 2005՝ 86 տա­րի­քը: Այս ամ­բողջ մի­ջո­ցին ան միայն մէկ ան­գամ՝ 1998-ին կ’այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան, ուր Սար­դա­րա­պա­տի թան­գա­րա­նին կը նուի­րէ հօ­րը անձ­նա­կան իրերն ու լու­սան­կար­նե­րը:
Արմենակ Եղիայեան