(Գիրեճեան Նազարը՝ հօրս քեռին եւ իր շառաւիղները)
Վտան­գա­ւո­րը հոն էր, ուր եր­բեմն կ’եր­թա­յինք բա­ցօ­թ­եայ դաշտ, ներ­կա­յիս Ս. եր­րոր­դու­թիւն-Զուարթ­նոց եկե­ղեց­ւոյ ետե­ւի տա­րած­քը: Խօս­քը այն ժա­ման­կա­հատ­ուա­ծին մա­սին է, ուր նոյ­նիսկ եկե­ղե­ցին գո­յու­թիւն չու­նէր: Լծ­ուե­լով հե­տա­խու­զա­կան աշ­խա­տան­քի, աղ­բե­րուն մէջ կը փնտ­ռէ­ինք STP մակ­նի­շով մե­տաղ­եայ դա­տարկ շի­շեր, զորս հայ ար­հես­տա­ւոր­նե­րը կ’օտա­գոր­ծէ­ին ինք­նա­շարժ­նե­րու իւղ լեց­նե­լու հա­մար: Այդ շի­շե­րուն մէջ կը լեց­նէ­ինք քիմ­ի­ա­կան նիւ­թի մը մնա­ցոր­դա­ցը՝ գար­պիտ, որ յետ գոր­ծա­ծութ­եան մեր ար­հես­տա­ւոր­նե­րուն կող­մէ, թափ­ուած կ’ըլ­լար դաշ­տին մէջ: Այդ շի­շե­րը իրենց նոր լից­քո­վը կը շպր­տէ­ինք մեր վա­ռած խա­րոյ­կին մէջ, սպա­սե­լով անոնց շա­ռա­չիւն պայ­թիւ­նին: Այս ամէ­նը առանց հաշ­ուի առ­նե­լու, որ կր­նայ շի­շը բե­կոր­նե­րու վե­րած­ուիլ եւ լուրջ վնաս­ներ հասց­նել չորս դին: Այս արա­րո­ղու­թիւնը աւար­տե­լէ ետք, ժա­մը կը հաս­նէր յա­գեց­նե­լու փո­րին կան­չը: Տու­նէն վեր­ցու­ցած կ’ըլ­լա­յինք գետ­նախն­ձոր, սոխ եւ զա­նոնք թա­ղե­լով այդ բո­ցին մէջ, յո­խոր­տա­բար կը տօ­նախմ­բէ­ինք մեր քա­ջա­գոր­ծու­թիւնը՝ համ­տե­սե­լով խանծ­ուած հա­մեղ պա­տա­ռիկ­նե­րը:
Զա­նա­զան խա­ղե­րու սահ­մա­նու­մին մէջ ին­կած այս տի­պի ժա­մանց­նե­րը, խոր­քին մէջ, ին­ծի նման քա­ղա­քի «կա­կուղ թա­թիկ» տղուն հա­մար, ար­կա­ծախնդ­րու­թեան մը հա­մա­զօր կար­գա­վի­ճակ ու­նէ­ին: Ճիշդ այդ պատ­ճա­ռով ալ Նոր Գիւ­ղի ըն­կեր­ներս՝ սկս­նա­կի ակ­նո­ցով կ’ար­ժե­ւո­րէ­ին բե­րած մաս­նակ­ցու­թիւնս, ուր յա­ճախ նե­րո­ղամ­տութ­եամբ կը խնայ­ուէ­ին իմ «յան­ցանք­նե­րը», մին­չեւ որ վար­ժու­թեան (ըս­թա­ժի) շր­ջանս անց­նէի բա­րով, ար­ժա­նա­նա­լով Նոր Գիւ­ղի «թա­ղա­յին չա­րաճ­ճիու­թիւն­նե­րու» վկա­յա­կա­նին, որուն եր­բե՛ք ար­ժա­նի չգտն­ուե­ցայ,  չս­տա­նա­լով այդ «պա­տուոյ գի­րը»:
Յի­շա­տա­կե­լի է նա­եւ, որ մեծ չա­փի հե­ծիք քշե­լը Նոր Գիւ­ղի թա­ղե­րուն մէջ սոր­վե­ցայ, օգտ­ուե­լով այն խա­նութ­նե­րէն, որոնք վար­ձու հե­ծա­նիւ կը տրա­մադ­րէ­ին փա­փա­քող­նե­րուն: Այս­պէս, մէ­կը Յա­բէթն էր՝ ճիշդ Նոր Գիւ­ղի մզ­կի­թին դի­մա­ցը, որ աւե­լի կար­գին եւ նոր հե­ծա­նիւ ու­նէր խա­նու­թի պա­հես­տա­նո­ցին մէջ: Իսկ այլ մր­ցա­կից մը՝ Յա­րու­թը, որ ուս­տա Ար­տա­շին կից խա­նութ մը ու­նէր: Ախոր­ժա­կի բե­րե­լու հա­մար երի­տա­սարդ­նե­րը, ան խա­նու­թէն դուրս կը շա­րէր իր անո­րակ հե­ծա­նիւ­նե­րը, զա­նոնք ներ­կա­յաց­նե­լով որ­պէս կեռ ին­ծի նման սկըս­նակ­նե­րուն: Այդ աժան, կէս կեանք ու­նե­ցող հե­ծա­նիւ­նե­րուն լե­ղի փոր­ձու­թիւնը անձ­նա­պէս ճա­շա­կած եմ: Օր մը հե­ծե­լար­շա­ւի հա­մար իր­մէ  վեր­ցու­ցի հե­ծա­նիւ մը ու այն­քա՜ն գուր­գու­րան­քով մին­չեւ քա­ղա­քի մեր տուն քշե­ցի ու տան մա­ռա­նը պահ դրի՝ ախոր­ժա­կով պատ­րաստ­ուե­լով յա­ջորդ օր­ուան՝ Քրիս­տա­փոր Պա­տա­նե­կան Միու­թեան կրտ­սեր խում­բե­րու ար­շա­ւին, դէ­պի Միւս­լիւմի­էի կա­յա­րա­նը, որ Հա­լէ­պէն շուրջ 15  քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը գտն­ուէր:
Այդ ճամ­բուն ծա­նօթ հա­լէ­պա­հա­յե­րը լաւ գի­տեն, որ պա­ղես­տին­ցի­նե­րու գաղ­թա­կա­յան մը կար այդ ուղի­ին վրայ, եւ հետի­ոտն կամ հե­ծա­նիւով այդ դիր­քէն անց­նի­լը մեծ քա­ջա­գոր­ծու­թիւն էր, քա­նի որ պի­տի դի­մա­ւոր­ուէ­իր շր­ջա­նի տղոց «տաք ըն­դու­նե­լու­թեամբ», ար­ժա­նա­նա­լով տե­ղա­տա­րափ քար­կո­ծու­մի, ճամ­բու վե­րե­ւի իրենց ապա­հով բարձր դիր­քե­րէն: Նման լե­ղի փոր­ձու­թեան վա­խը եր­կա՜ր ժա­մա­նակ մնաց մէջս, տր­ուած ըլ­լա­լով որ ճիշդ այդ դիր­քին վրայ, վար­պետ Յա­կո­բէն վար­ձու­ած հե­ծանիւիս շղ­թան կոտր­ուե­ցաւ ու ես խմ­բա­կէն ան­ջատ­ուե­լով սպա­սե­ցի հրաշ­քի մը, որ ազա­տէ զիս այս անե­լէն: Երէց  պա­տաս­խա­նա­տու­ները, որոնք մեզ կ’ըն­կե­րա­կցէ­ին, նկա­տե­լով այս ան­համ կա­ցու­թիւնը, վե­րա­դար­ձան եւ արագ մը հե­ծանիւը քաշք­շե­լով հե­ռա­ցու­ցին այդ վայ­րէն, զիս եւ հե­ծանիւը տե­ղա­ւո­րե­լով անց­նող ինք­նա­շար­ժի մը մէջ, որ կ’ուղղ­ուէր դէ­պի Միւս­լիւմի­էի կա­յա­րան:
Այլ վտան­գա­ւոր լուրջ բնոյ­թի բախ­տախնդ­րու­թիւն մը ան­ցու­ցի այս ան­գամ Քուէյք գե­տին եզեր­քը, ուր Յա­րու­թին ըն­կե­րակ­ցե­ցայ՝ իրենց տան ոչ­խա­րը արա­ծե­լու, մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ գորտ որ­սա­լու պա­տե­հու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու, որով­հե­տեւ Յա­րու­թը հա­մո­զում գո­յա­ցու­ցած էր, որ գոր­տին արիւնը քսե­լով ափիդ մէջ, ափդ կը դառ­նայ աւե­լի դի­մաց­կուն, տո­կա­լով դպ­րո­ցի ու­սու­ցիչ­նե­րու գա­ւա­զա­նի հար­ուած­նե­րուն: Հայ­կա­կան գե­րեզ­ման­նե­րու ճամ­բուն նա­յող կա­մուր­ջի շր­ջան ուղղ­ուե­ցանք: Գե­տա­փին կից, նշմա­րե­ցի կռկ­ռան անա­սուն­նե­րէն պա­րարտ հատ մը: Ու­շա­դիր, անշ­շուկ  պատ­րաս­տե­ցի ձեռ­քիս մէջ բռ­նած ուր­կա­նի նման լա­թը, որ ձգեմ վրան: Կեդ­րո­նա­ցումս որ­սին վրայ էր, եւ եր­բե՛ք ու­շա­դիր չէի այլ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու: Յան­կարծ, քայ­լերս քս­ուե­լով մա­մու­ռա­պատ թաւշ­եայ գե­տա­կի պէ­թո­նէ սա­լա­յա­տա­կին, ջու­րին մէջ ին­կայ: Գե­տին հոս­քը շատ արագ չէր, բայց շատ հան­գիստ հա­սակս կը ծած­կէր եւ կր­նար արագ մը զիս կուլ տալ: Յա­րու­թը ինձ­մէ քայլ մը ան­դին էր եւ շատ արագ ու հա­մար­ձակ հա­զիւ կր­ցաւ ձեռ­քը եր­կա­րել ու ջու­րին հոս­քէն դուրս քա­շել սարս­ռա­ցող մար­մինս: Ճահ­ճա­ցած ջու­րէն դուրս գա­լով, անո­րո­շու­թեան տուայ­տանքս մա­սամբ մեղ­մա­ցած էր, բայց գոր­տը ան­հե­տա­ցած ու մենք շուա­րած հայ­եաց­քով լուռ զի­րար կը զն­նէ­ինք: Թրջ­ուած ցն­ցո­տի­նե­րով ան­մի­ջա­պէս հա­ւաք­ուե­ցանք եւ վե­րա­դար­ձանք Քե­ռի Նա­զա­րենց բնա­կա­րա­նը, պատ­րաստ­ուե­լով տաք հարց ու փոր­ձի: Սպա­սա­ծէս շատ նուազ մտա­հո­գու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին տնե­ցի­նե­րը: Չու­շա­ցաւ պար­գե­ւատ­րու­մը Հռիփ քեռ­կի­նին ձեռ­քով, Գի­րէճ­եան­նե­րուն հա­մա­դամ նշա­նա­ւոր լո­լի­կի ջու­րի տիւ­րիւմ-ը՝ յա­գե­ցուց սո­ված որո­վայնս:
Այս եւ նման ոդի­սա­կան­ներ Նոր Գիւ­ղի մթ­նո­լոր­տին հա­մար տա­րօ­րի­նակ չէր: Ին­ծի նման­նե­րուն հա­մար, փե­րի­նե­րու հեք­ի­ա­թա­յին պատ­մու­թիւն­նե­րու հա­մա­զօր բա­ներ էին, այն­քա՜ն ազ­դու ու յի­շա­տա­կե­լի պատ­կեր­ներ, որոնք իրենց ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով քան­դակ­ուած են պա­տա­նե­կան ծծում­բա­յին յի­շո­ղու­թեանս մէջ:
Նոր Գիւ­ղի ամէ­նէն յի­շար­ժան վայ­րե­րէն էին Ժէզ­ուիթ­նե­րուն դպ­րոցն ու շր­ջա­փակը: Եր­բեմն հօրս հետ կ’այ­ցե­լէ­ինք այդ հիմ­նար­կը, ուր ինք պաշ­տօ­նա­վա­րած էր քա­ռա­սու­նա­կան­նե­րու վեր­ջը եւ շատ մտե­րիմ յա­րա­բե­րու­թիւն մշա­կած գոր­ծող անձ­նա­կազ­մին հետ, մաս­նա­ւո­րա­բար՝ հան­գուց­եալ պրն. Մկր­տիչ Թաշճ­եա­նին: Այդ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին, դպ­րո­ցին շր­ջա­փա­կը եւ մեծ դաշ­տը կը դառ­նար իմ նա­խան­ձե­լի «արօ­տա­վայ­րը»: Դպ­րո­ցին դիր­քը շատ լաւ սոր­վե­ցայ, ինչ որ օգ­նեց տար­բեր առիթ­նե­րով ըն­կե­րո­վի եր­թա­լու եւ ՄՕՆ ԲԷՐ-ին ներ­կա­յա­ցու­մը վա­յե­լե­լու, ըմ­բոշխ­նե­լով TIN TIN-ին ֆիլ­մե­րը, որոնց պատ­մու­թիւն­նե­րուն ծա­նօթ էի ԹԱՆ ԹԱ­Նի յա­տուկ պատ­կե­րա­զարդ թեր­թե­րէն: Տար­բեր էր կեն­դա­նի պատ­կե­րով եւ ՄՕՆ ԲԷՐ-ին մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով հե­տե­ւիլ հե­րո­սու­թիւն­նե­րուն այն կեր­պար­նե­րուն, որոնց շար­ժում­նե­րուն կ’ըն­կե­րակ­ցէր վար­դա­պե­տին գա­ւա­զա­նի հար­ուած­նե­րուն ձայ­նը, երբ կը մեկ­նա­բա­նէր ցու­ցադր­ուած պատ­կեր մը:
Յար եւ նման վայր մըն էր մեզ հա­մար՝ Սի­նե­մա Նա­զօն, որուն ար­հես­տա­նո­ցը Շա­բաթ -Կի­րա­կի օրե­րը կը վե­րած­ուէր ցու­ցադ­րաս­րա­հի: Սերն­դա­կից բո­լոր տղա­քը լաւ գի­տեն անոր փոքր խա­նու­թը՝ Սա­հակ­եան վար­ժա­րա­նին դի­մաց, ուր շատ յար­մար գի­նով, ցած աթոռ­նե­րու վրայ նս­տած, կր­նա­յիր հե­տե­ւիլ ՔԱՈՒ ՊՈՅական ֆիլ­մի մը, որ քա­ղա­քի սի­նե­մա­նե­րուն մէջ շատ աւե­լի թանկ պի­տի նս­տէր:
Գի­շեր մը Նա­զար քեռիի ըն­տա­նի­քին այ­ցե­լու­թեան ժա­մը աւար­տած էր: Պահն էր ուղղ­ուե­լու տուն՝ քա­ղա­քի հր­շէջ­նե­րու պո­ղո­տան: Սո­վո­րա­բար, մին­չեւ մզ­կիթ կը քա­լէ­ինք, որ­պէս­զի թաքսիի մը հան­դի­պէ­ինք: Այդ օրե­րուն վա­րոր­դը ան­պայ­ման հա­յոր­դի մը կ’ըլ­լար: Յան­կարծ, մեր սպա­սու­մի վի­ճա­կը ընդ­հա­տեց կա­ռա­վա­րա­կան հան­րա­յին հան­րա­կառք մը, որ  կանգ­նե­ցաւ ճիշդ մեր կի­ցը, հա­կա­ռակ որ մենք սպա­սու­մի կան­գա­ռի մը մօ­տը չէ­ինք: Հան­րա­կառ­քը դա­տարկ էր յա­ճա­խորդ­նե­րէ եւ ներ­սը մութ: Յան­կարծ բարձ­րա­ձայն հն­չեց մե­քե­նա­վա­րին ձայ­նը՝ «Եղ­բա՛յր Ման­ուէլ, հրամ­մե­ցէ՛ք, վեր բարձ­րա­ցէ՛ք»: Մու­թին մէջ հա­զիւ կ’երե­ւար խօ­սո­ղին դի­մա­գի­ծը: Հայրս տա­տամ­սոտ պա­տաս­խա­նեց՝«Նեկ­րօ (Սար­գիս Քէ­օշ­կար­եան) դո՛ւն ե՞ս…»: Լաւ մը զն­նե­լէ ետք հան­րա­կառ­քին ներ­սի բա­ժի­նը, հայրս մեզ թե­լադ­րեց վեր բարձ­րա­նալ: Պարզ­ուե­ցաւ, որ Նեկ­րօն՝ իր հեր­թը աւար­տած էր եւ պէտք էր հան­րա­կառ­քը տա­նէր կա­յա­րան: Բայց ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է իր վար­պե­տը գի­շեր­ուան մու­թին, փո­ղո­ցին մէջ­տե­ղը ձգել իր բախ­տին ու անց­նիլ-եր­թալ անն­կատ: Նեկ­րո­յին հա­մար վար­պետ էր հայրս, որով­հե­տեւ այդ օրե­րուն, քա­ղա­քի հան­րա­յին փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու ըն­կե­րու­թիւնը եւ ելեկտ­րա­կա­յա­նը՝ մի­ա­ձուլ­ուած էին ու մէկ յար­կի տակ կը գոր­ծէ­ին, ուր հայրս կը պաշ­տօ­նա­վա­րէր՝ զբա­ղեց­նե­լով տնօ­րէ­նի պաշ­տօն: Առա­ւել, ինչ­պէ՞ս կր­նար հաշտ­ուիլ այն մտա­ծու­մին հետ, որ ինք պի­տի չծա­ռա­յէ ՀՄԸՄ-ի ֆութ­պո­լի վար­չա­կան պա­տաս­խա­նատ­ուին, եւ հան­գիստ խղ­ճով իր օդօ­պիւ­սով, գաղ­տա­գո­ղի պի­տի անց­նի իր սի­րե­լի երէց եղ­բօր մօ­տէն: Իր գոր­ծը վտան­գե­լու աս­տի­ճան զո­հո­ղու­թիւն ընե­լը այդ սե­րուն­դին հա­մար հա­մո­զում էր, աւե­լին՝ հա­ւա­տամք: Բնա­կան է, հայրս զինք պա­խա­րա­կեց եւ զգու­շա­ցուց՝ «Նեկ­րօ՛, այս բա­նե­րը պի­տի չը­նես այ­լեւս…»: Այս­պէս,  ան մեզ հաս­ցուց մին­չեւ տան դրան առ­ջեւ, ապա ուղղ­ուե­ցաւ կա­յա­րան: Այդ­պէս Ճանչց­ուած էր Նեկ­րօն, իր յա­խուռն խառն­ուած­քով, բայց պա­տուով ՀՄԸՄ-ի շա­պի­կը կրող այս հա­յոր­դին կը մնայ իւ­րա­յա­տուկ ու­սա­նե­լի տի­պար մը այդ սե­րուն­դէն: Իր մա­սին  կան նմա­նօ­րի­նակ վկա­յու­թիւն­ներ, որոնք ոս­կե­տա­ռե­րով  ար­ձա­նագր­ուած են հեք­ի­ա­թա­յին Հա­լէ­պի վա­ղե­մի օրե­րու յու­շա­տետ­րե­րուն մէջ:
Ճա­կա­տագ­րի այլ դա­սա­ւո­րու­մով, ամուս­նա­կան կեան­քի բոյնս հաս­տա­տե­ցի Նոր Գիւղ աւա­նին մէջ, այն միջ­նա­բեր­դին, ուր չկա­յին Ուս­տա Ար­տա­շը, TIN TIN-ի ֆիլ­մը, Սի­նե­մա Նա­զօն…: Այս փու­լին՝ զա­ւակ­ներս հա­սակ առին Սա­հակ­եա­նի, Ճե­մա­րա­նի, Մար­տիկ­եա­նի, Տիգ­րան­եան սրա­հի, Կի­լիկ­իա հա­մա­լիր-ամ­րո­ցի շր­ջա­փակ­ե­րուն ջեր­մու­թիւնը վա­յե­լե­լով ու մեր թա­ղե­ցի­նե­րուն եւ անն­ման դրա­ցի­նե­րուն օրհ­նու­թիւնը առ­նե­լով: Այս ամէ­նը լիցք մըն էր, որ բա­ւա­րար էր իրենց հո­գի­նե­րուն մէջ սեր­մա­նե­լու հա­յու նկա­րա­գիր, կե­նա­րար պատ­ուաստ մը, որ­պէս­զի արեւ­մուտ­քի կլա­նիչ ապազ­գա­յին մթ­նո­լոր­տին մէջ կա­րե­նա­յին տո­կալ եւ հա­յօ­րէն կեն­սա­գոր­ծել:
Ամէն ան­գամ, որ Հա­լէպ քա­ղա­քի եւ Նոր Գիւ­ղի շր­ջա­նի ար­ժե­հա­մա­կար­գի իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն մա­սին կը մտա­ծեմ, տա­րօ­րի­նա­կօ­րէն մտ­քիս մէջ կը հն­չէ աշուղ Ջիւանիի «Քան­քա­րա­ւոր Ըն­կեր»ի մե­ղե­դին ու անոր բա­ռե­րու ար­ձա­գան­գը կ’ալ­կո­ծէ նե­րաշ­խարհս: Աշու­ղին բա­ռե­րը, թէ­եւ հա­մե­ցող իրա­կա­նու­թեան, հա­լէպ­եան իրա­կա­նու­թեան հա­րա­զատ, ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րին թարգ­մա­նը կր­նան չըլ­լալ, սա­կայն թե­լադ­րիչ հան­գա­մանք մը կը յու­շեն ու կը պար­զեն մտայ­նու­թիւն մը, որ ոմանց մօտ գո­յու­թիւն ու­նէր (ի դէպ՝ քան­քա­րա­ւոր կը նշա­նա­կէ տա­ղան­դա­ւոր):
Քան­քա­րա­ւոր ըն­կեր, ինձ մի՛ նա­խան­ձիր,
Գո­յու­թիւնս գա­ղա­փա­րիդ վնաս չէ:
Դու քա­ղա­քա­ցի ես, ես գե­ղա­կան­ցի,
Իմ բան­ջա­րը քո հան­ճա­րին վնաս չէ, վնաս չէ:
Ես խսիր եմ գոր­ծում, դու ըն­տիր գոր­գեր,
Ին­չո՞ւ ես նե­ղա­նում ինձ­նից, մա՛րդ ըն­կեր,
Ես եզ­ներ եմ լծում, դու նժոյգ ձի­եր,
Սայ­լա­պանս կա­ռա­պա­նիդ վնաս չէ, վնաս չէ:
Քեզ սր­տով յար­գում է, պատ­ւում Ջիւա­նին,
Դու մի­ա­միտ եղիր, գնա քո բա­նին,
Նա չի կա­րող հաս­նել այն աս­տի­ճա­նին,
Խեղճ բլուրս բարձր սա­րիդ վնաս չէ, վնաս չէ:
Վեր­ջա­պէս Հա­լէ­պը եւ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը կը հա­մե­նան մնալ Նոր Գիւ­ղի եւ քա­ղա­քի մի­ա­խառն, ան­զու­գա­կան բոյ­րը:
Հոս կանգ պի­տի առ­նեմ եւ յատ­կա­պէս պի­տի յի­շա­տա­կեմ Գի­րէճ­եան ըն­տա­նի­քի շա­ռա­ւիղ­նե­րէն մեծ մօրս հօ­րեղ­բո­րորդի­ին՝ Սո­ղո­մո­նի ոդի­սա­կա­նը:
Նա­խորդ յի­շա­տա­կում­նե­րուս մէջ, երբ կ’անդ­րա­դառ­նա­յի խորթ­լախ լե­րան մեր հա­րա­զատ­նե­րուն,  Սո­ղո­մո­նենց ըն­տա­նի­քի յի­շա­տա­կու­թիւնը ձգե­ցի այս էջե­րուն, որով­հե­տեւ նկա­րագ­րե­լիքս սո­վո­րա­կան ըն­տա­նե­կան կեան­քի պա­տում մը չէ, այլ Սո­ղո­մոն Գի­րէճ­եա­նի ոդի­սա­կա­նը։ Սո­ղո­մո­նը՝ ար­հես­տով կօշ­կա­կար էր: Իրենց տու­նը՝ խորթ­լախ բնա­կող Հալ­լաճ­եան­նե­րուն տուն տա­նող ճամ­բուն վրայ էր: Ճիշդ կի­ցը տե­ղա­կան ժո­ղովր­դա­յին սր­ճա­րան մը կար: Այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու մէկ բա­ժինն ալ հայրս կը յատ­կաց­նէր իրենց: Մար­ի­ամ քոյ­րի­կը՝ Սո­ղո­մո­նին կո­ղա­կի­ցը, յա­ճախ տու­նը չէր ըլ­լար, որով­հե­տեւ կ’աշ­խա­տէր իր ըն­տա­նի­քին ապ­րուս­տը ապա­հո­վե­լու հա­մար: Իսկ Ով­սան­նա Պա­ճըն՝ Սո­ղո­մո­նին մայ­րը, տան դե­ռա­տի պզ­տիկ­նե­րը կը խնա­մէր, որով­հե­տեւ Սո­ղո­մո­նը այդ մի­ջո­ցին բան­տարկ­ուած էր: Բան­տարկ­ուե­լուն պատ­ճա­ռը այն էր, որ խորթ­լախ տաղիին մէջ, զին­եալ ընդ­հա­րու­մի մը ըն­թաց­քին, որ­պէս Դաշ­նակ­ցա­կան խում­բի ան­դամ, ան փոր­ձած էր պաշտ­պա­նել Օգ­նու­թեան Խա­չի կեդ­րո­նա­տե­ղին, որուն վրայ կրակ բա­ցած էին հա­յա­նուն հա­մայ­նա­վար մար­դիկ: Ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւն ընող ըն­կեր­նե­րէն մին կը կրա­կէ եւ կը զգետ­նէ յար­ձա­կող­նե­րէն մին, որ տեղ­ւոյն վրայ կ’անշն­չա­նայ: Կարճ ըսե­լով, Սո­ղո­մոն՝ հաշ­ուի առ­նե­լով ըն­կե­րոջ ֆի­զի­քա­կան ոչ խրա­խու­սիչ վի­ճա­կը եւ ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րը, կ’որո­շէ իր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը նկա­տել արար­քի եղե­լու­թիւնը ու կա­մա­ւոր՝ քա­շել անոր դառն հե­տե­ւանք­նե­րը: Եր­կա՜ր տա­րի­ներ բան­տարկ­ուե­լէ ետք, կը մեղ­մաց­նեն պա­տի­ժը ու զինք ազատ կ’ար­ձա­կեն: Մինչ այդ, դժ­բախ­տա­բար վրայ տուած կ’ըլ­լայ իր առող­ջու­թիւնը: Այդ պատ­ճա­ռով ալ բան­տէն ետք, եր­կար չի վա­յե­լեր ազատ կեան­քը ու կ’աւան­դէ իր հո­գին:
Մա­հա­նա­լէն կարճ ժա­մա­նակ ետք, զա­ւակ­նե­րը՝ Ար­մէ­նը (հան­գուց­եալ), Պե­տի­կը, Ով­սա­նը, Ճո­ճօն (հան­գուց­եալ) եւ Վար­դա­նը ըն­տան­եօք կը փո­խադր­ուին Լի­բա­նան եւ հոն կը կազ­մեն իրենց սե­փա­կան, հա­յա­կերտ օճախ­նե­րը:
Մեծ մայրս՝ Ով­սան­նան, ու­նէր 3 քոյր՝ Մայ­րա­նու­շը ամուս­նա­ցած էր Հիւ­սիւ­քիթ Մի­նաս Սիւ­քիւ­թեան-Լուռ­եա­նի հետ, Սի­րա­նու­շը ամուս­նա­ցած էր Յով­նան Քր­տօք­եա­նին հետ, իսկ Մա­լա­քին ամու­րի էր եւ կը մնար Նա­զար Քեռի­ենց հետ:
Նա­զար քե­ռին շատ խո­ժոռ եւ շու­քը ծանր անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր: Կ’աշ­խա­տէր զի­նուո­րա­կան պե­տա­կան Րահ­պէն, որ­պէս Մո­թոր­սայ­քը­լի ար­հես­տա­ւոր: Կեան­քի իր ամէ­նէն ցա­ւա­լի օրը եղաւ իր աւագ զա­ւա­կը կորսն-ց­ուցած օրը: Հան­գուց­եալ Ժա­նը իր զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին, իր քշած մո­թոր­սայք­ըլին ար­կա­ծի մը զո­հը եղած էր:
Քեռի­ին կո­ղա­կի­ցը ին­ծի հա­մար հե­րո­սու­հի Հռիփ­սի­մէ քոյ­րիկն էր, որուն ու­սե­րուն վրայ նա­եւ կ’իյ­նար տան հո­գա­տա­րու­թիւնը ու բա­զման­դամ ըն­տա­նի­քին յա­ւել­եալ եկա­մուտ ապա­հո­վե­լու խն­դի­րը: Այդ­քա­նը ոչինչ, բայց իբր գործ, ինչ­պէս շա­տեր մեր Նոր Գիւ­ղի հայ ըն­տա­նիք­նե­րէն, պա­շար կը պատ­րաս­տէ­ին ու կը վա­ճա­ռէ­ին, ըլ­լայ լո­լի­կի խտաց­ուած խոյս, կամ կար­միր պղ­պե­ղի փո­շին եւ խտաց­ուած խոյ­սը: Դժ­բախ­տա­բար իրենց տու­նը բակ չու­նէր: Աս­տի­ճա­ննե­րէն ուղ­ղա­կի վե­րի սեն­եակ­նե­րը  պի­տի բարձ­րա­նա­յիր, հոն­կէ վեր ալ դէ­պի տա­նիք:  Հա­կա­ռակ այս անն­պաստ պայ­ման­նե­րուն, այդ կի­նը շու­կա­յի ծանր պար­կե­րը ու­սին դրած մին­չեւ տա­նիք կը բարձ­րա­նար: Օրե­րով կի­զիչ արե­ւուն տակ կը պատ­րաս­տէր պա­շա­րի յա­տուկ ու­տես­տե­ղէ­նը, իր բա­ժի­նով օգ­տա­կար դառ­նա­լու ըն­տա­նի­քի բա­զում կա­րիք­նե­րուն:
Այս երե­ւոյ­թը աւե­լի կամ  նուազ չա­փով հա­մա­տա­րած էր Նոր Գիւ­ղի ատե­նօք հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ: Գաղ­թա­կան հա­լէ­պա­հա­յը ընդ­հան­րա­պէս եւ Նոր­ Գիւղ­ցի հա­յը մաս­նա­ւո­րա­պէս զհացն յա­նա­պա­զօր­եայ վաստ­կե­լու հա­մար դի­մեց ար­դար քր­տին­քով տք­նա­ջան ճա­նա­պար­հին ու այդ դժ­ուա­րին պայ­ման­նե­րուն մէջ կեն­դա­նի պա­հեց նաե՛ւ հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը, ու­սում ջամ­բե­լով նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն:
Այս պատ­ճառ­նե­րով ալ Նոր Գիւ­ղը կը հա­մե­նայ մնալ հայ­կա­կա­նու­թիւն բու­րող հնոց եւ աւան­դա­պաշտ ամ­րոց:
(շար.2 եւ վերջ)
Ժան Հալլաճեան