7 Յու­նի­սին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ար­մէն Սարգս­եան կոչ ուղ­ղած է նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւի մեկ­նար­կին առի­թով, ուր յայտ­նած է. «Այ­սօր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ պաշ­տօ­նա­պէս մեկ­նար­կած է Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­հերթ ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խընտ­րա­կան քա­րոզ­ար­շա­ւը: Այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ’ու­նե­նան բա­ցա­ռիկ բարդ եւ ճգ­նա­ժա­մա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ, մեր ժո­ղո­վուրդն ու պե­տու­թիւնը կ’անց­նին դժ­ուա­րին փոր­ձու­թիւն­նե­րու մէ­ջէն: Ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու յայտ ներ­կա­յա­ցու­ցած բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն եւ դա­շինք­նե­րուն կոչ կ’ուղ­ղեմ ըլ­լա­լու առա­ւե­լա­գոյնս զուսպ, յար­գե­լու ընտ­րո­ղը ու մր­ցա­կի­ցը, ցու­ցա­բե­րե­լու խո­հե­մու­թիւն ու հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւն, ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը կա­տա­րե­լու քա­ղա­քա­կիրթ քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թի մթ­նո­լոր­տի մէջ: Կ’առա­ջար­կեմ բո­լոր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն, որ իրենց գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ, պահ­ուած­քով եւ խօս­քով չխո­րաց­նեն ճգ­նա­ժա­մը, չհա­տեն բա­րո­յա­կա­նու­թեան սահ­ման­նե­րը, տուրք չտան քա­րոզ­չա­կան անազ­նիւ ար­հես­տա­գի­տու­թեան, հա­ւա­տա­րիմ մնան մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն ու հա­ւա­քա­կան նպա­տա­կին: Պե­տա­կան բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը պար­տա­ւոր են առա­ւել պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ վե­րա­բե­րե­լու իրենց պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն գծով: Յատ­կա­պէս մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ու­նին իրա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը: Անոնք պար­տա­ւոր են գոր­ծե­լու մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ ու մաս­նա­գի­տու­թեամբ՝ երաշ­խա­ւո­րե­լու օրի­նա­կա­նու­թիւնն ու իրա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թիւնը, ապա­հո­վե­լու հա­սա­րա­կա­կան կար­գը, ընտ­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նոն ըն­թաց­քը: Կը դի­մեմ բո­լոր ընտ­րող­նե­րուն՝ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն աշ­խու­ժօ­րէն մաս­նակ­ցե­լով դր­սե­ւո­րե­լու մեր վե­րա­բեր­մուն­քը քա­ղա­քա­կան այս կամ այն ու­ժին, այս կամ այն քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չին հան­դէպ՝ խո­րա­պէս գի­տակ­ցե­լով, որ ընտ­րու­թիւն կը կա­տա­րենք մեր երկ­րի ապա­գա­յին, զար­գաց­ման հե­ռան­կա­րին, մեր սե­րունդ­նե­րու բա­րե­կե­ցու­թեան հա­մար: Յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցող բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն եւ դա­շինք­նե­րուն՝ կ’ու­զեմ յի­շեց­նել, որ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ար­տա­հերթ եւ նա­եւ ար­տա­կարգ, երկ­րի հա­մար բախ­տո­րոշ ըլ­լա­լով հան­դերձ, բնա­կա­նոն քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց են, որուն պէտք է վե­րա­բե­րիլ մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ, եւ որ­մէ Հա­յաս­տան պե­տու­թիւնը եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը պէտք է ար­ժա­նա­պա­տուու­թեամբ դուրս գան»: