«Երկիր».- ԵԱՀԿ-ի առցանց ֆորումի ընթացքին ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Ստանիսլավ Զաս յայտարարած է, որ ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան տարածաշրջանին,Արցախեան հակամարտութեան գօտիին վրայ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք 6 ամիսներու ընթացքին, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետի կողմէն եռակողմ յայտարարութեան ընդունման հետեւանքով իրավիճակի կարգաւորման գործընթացին մէջ արձանագրուած են դրական տեղաշարժեր:
«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի տեղակայումը, միջազգային բանակցողներու ջանքերը Արցախի համապարփակ կարգաւորումը վերսկսելու համար հիմք կը ստեղծեն երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման համար: Իրավիճակը աստիճանաբար կը հաստատուի: կարեւորը, որ այլեւս չեն կրակեր:
Մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի զարգացման, յատկապէս Հայաստանի Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Մենք կ’ողջունենք կողմերու ` պետական սահմանի հարցերը խաղաղ ձեւով լուծելու մտադրութիւնը: Մենք հոն երկարաժամկէտ խաղաղութիւն հաստատելու հեռանկար կը տեսնենք:
Միեւնոյն ատեն, հոն իրավիճակի սրումի վտանգները տակաւին կը մնան», ըսած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը: