Չորեքշաբթի, 9 Յունիս 2021-ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ ԱՄն կը շարունակէ սուրիական հանքային հարստութիւնները թալանել, եւ նիւթական ֆինանսաւորում տրամադրել Սուրիա զինեալ խմբաւորումներուն։ Լաւրով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ. «Անգամ մը եւս կը շեշտենք, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ներկայութիւնը ապօրինի է, յատկապէս, որ ԱՄՆ-ի ուժերը յաճախ կը թալանեն սուրիական հարստութիւնները, ինչպէս քարիւղային դաշտերը, գիւղատնտեսական հողատարածքները եւ ապօրինի միջանցքներէ իրաքեան սահման կը փոխադրէ զանոնք։ Անոնք նաեւ իրենց թալանած գումարները կը տրամադրեն Եփրատի արեւելեան ափ տեղադրուած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն։ Սա ինքնին վտանգաւոր երեւոյթ է եւ վատ աւարտ պիտի ունենայ»։