Ու­սու­ցի­չը աշա­կեր­տին դա­սա­ւան­դած իր նիւ­թը կր­նա՞յ սիրց­նել…:
Կը հա­ւա­տամ որ շատ մեծ դեր կր­նայ խա­ղալ ան այս իմաս­տով:
Պատ­մեմ, թէ ին­չո՛ւ…
Դպ­րո­ցա­կան առօր­եա­յիս մէջ պա­տա­հած դէպք մը շր­ջեց հե­տաքրք­րու­թիւնս ու­սու­ցա­նուող նիւ­թի մը՝ ու­սո­ղու­թեան նկատ­մամբ եւ ես ատել սկ­սայ այդ նիւ­թը, նոյ­նիսկ չէի ու­զեր, որ ու­սո­ղու­թեան դա­սա­պա­հը հաս­նէր:
Երբ 5-րդ կարգ էի, օր մը ու­սուց­չու­հին դա­սա­րան մտաւ եւ ըսաւ. «Այ­սօր մի­ա­սին գիր­քէն քա­նի մը վար­ժու­թիւն պի­տի լու­ծենք»: Իրա­կա­նու­թեան մէջ ճշգր­տօ­րէն չեմ յի­շեր, թէ ի՛նչ էր առա­ջին վար­ժու­թիւնը: Դա­սըն­կեր-դա­սըն­կե­րու­հի­ներս սկ­սան կար­գով ամպի­ոն բարձ­րա­նալ եւ լու­ծել թե­լադր­ուած վար­ժու­թիւնը: Նկա­տե­ցի, որ ու­սուց­չու­հին գիր­քի վար­ժու­թիւն­նե­րը կար­գով լու­ծել կու տար, ուս­տի հե­տե­ւե­ցայ գիր­քին՝ իմա­նա­լու, թէ կարգս հաս­նե­լուն պէս ո՞ր վար­ժու­թիւնը պի­տի լու­ծէի: Միտքս հանգս­տա­ցաւ, դիւ­րին էր, գի­տէի լու­ծու­մը: Աս­տի­ճա­նա­բար կարգս կը մօ­տե­նար, սիրտս սկ­սած էր արա­գօ­րէն տրո­փել: Չար բախ­տէս, կարգս մօ­տե­նա­լուն պէս ու­սուց­չու­հին շր­ջան­ցե­լով քա­նի մը վար­ժու­թիւն թե­լադ­րեց, որ ու­րիշ մը լու­ծեմ: Վար­ժու­թիւնը չկր­ցայ լու­ծել, իսկ ու­սուց­չու­հին բա­ցատ­րե­լու եւ լու­ծու­մը սոր­վեց­նե­լու փո­խա­րէն յան­դի­մա­նեց զիս դա­սըն­կեր­նե­րուս դի­մաց: Այս­քա­նով ալ չբա­ւա­րար­ուե­լով, ան իր փար­թամ ձեռ­քով հինգ ան­գամ ապ­տա­կեց: Զար­մա­ցած էի անոր բր­տու­թիւնն ու անար­գան­քը տես­նե­լով: Սաս­տիկ նե­ղա­ցած էի, չէի գի­տեր, թէ ի՛նչ էր յան­ցանքս, եւ թէ ին­չո՛ւ սխալ­ներս սր­բագ­րե­լու եւ ճիշ­դը սոր­վեց­նե­լու փո­խա­րէն վայ­րա­գօ­րէն կ’ապ­տա­կէր ու կ’ար­հա­մար­հէր աշա­կեր­տը:
Մի­թէ ա՞յդ էր ու­սու­ցի­չին կո­չու­մը…
Մեծ հի­աս­թա­փու­թիւն ապ­րե­ցայ ու այդ օր­ուը­նէ սկ­սայ ատել ու­սողու­թիւնը:
Ու­սուց­չու­հին իր առա­քե­լու­թե­նէն դուրս եկած ու ցա­ւօք բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած էր վրաս այդ պա­հէն իսկ: Տա­րի­ներ ան­ցան ու ես ո՛չ կր­ցայ յաղ­թա­հա­րել այդ անար­գան­քը, ոչ ալ սոր­վիլ այդ դա­սա­նիւ­թը:
Դպ­րո­ցա­կան տասն­եակ լաւ յու­շե­րուս կող­քին բազ­մած այս վատ յու­շը չեմ կր­ցած մոռ­նալ եր­բեք:
Փա­փաքս է, որ ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հի­նե­րը ամէն ջանք թա­փեն սիրց­նե­լու իրենց դա­սա­ւան­դած նիւ­թը, որով­հե­տեւ այդ ալ աշա­կեր­տին յա­ջո­ղու­թեան առաջ­նոր­դող կա­րե­ւոր քայլ մըն է:
Գարօլին Քիւրքլեան