Տաս­նամ­եակ մը առաջ էր, երբ Երե­ւան մեկ­նե­լու հա­մար, դարձ­եալ ծնըն­դա­վայր Հա­լէպս կ’այ­ցե­լէի, բա­րի բախ­տէս, կր­ցայ բժիշկ Թո­րոս Թո­րան­եա­նին հետ յա­տուկ ժա­մադ­րու­թեամբ մը տեսն­ուիլ: Կ’ու­զէի ան­պայ­ման հան­դի­պիլ:
Ու իբ­րեւ ան­ծա­նօթ մը, սիրտս բա­ռե­րուս մէջ բռ­նած, ուխ­տա­ւո­րի մը ան­կեղ­ծու­թեամբ, որոշ­ուած ժա­մուն, հա­ւատքս եւ ու­րա­խու­թիւնս շալ­կած, գա­ցի զինք տես­նե­լու: Ան­կեղ­ծօ­րէն, առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պի­տի հան­դի­պէի հա­լէ­պա­հայ նման գրո­ղի մը: Զինք մօ­տէն կամ հեռ­ուէն չէի տե­սած, նոյ­նիսկ ծա­նօթ չէի իր ան­ուան եւ իր գրի­չին: Մէկ խօս­քով զինք չէի ճանչ­նար: Ու աղմ­կոտ սր­ճա­րա­նի մը ան­կիւնը տե­ղա­ւոր­ուե­լէ ետք, այդ երե­կոյ մենք եր­կու­քով եր­կար խօ­սե­ցանք քիչ մը ամէն բան: Յա­ճախ լուռ խօ­սե­ցանք: Ինք ան­համ­բեր կը սպա­սէր, որ արդ­եօք ի՞նչ կամ ին­չե՜ր պի­տի պատ­մէր կամ պի­տի ըսէր դի­մա­ցը նս­տող եւ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ամե­րի­կա­հայ դար­ձած, բնիկ այս հա­լէպ­ցին:
Ան­մի­ջա­պէս, հա­զիւ քա­նի մը սո­վո­րա­կան նա­խա­դա­սու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կած, իր լոյս ըն­ծա­յած քա­նի մը հա­տոր­նե­րը բռ­նած, արագ մը սե­ղա­նին վրայ դնե­լով, ցու­ցա­մա­տո­վը հասկ­ցուց, թէ «ասոնք» ին­ծի հա­մար էին: Եւ ապա ի՛նք բա­ցու­մը կա­տա­րեց մեր խօ­սակ­ցու­թեան: Ու սկը­սաւ այն­պէս մը խօ­սիլ, որ կար­ծես իր կեան­քին կորս­ուած հետ­քե­րը կ’ու­զէր փնտ­ռել: Բայց առա­ջին իսկ հեր­թին, ին­ծի հա­մար ի՛նք տա­ռա­պան­քը շալ­կած ուխ­տա­ւո­րի մը նմա­նե­ցաւ: Կը խօ­սէր կար­ծես թէ մե­զի հա­մար կեան­քը նոր սկ­սած ըլ­լար:
Ու առանց ժա­մա­ցոյ­ցի սլաք­նե­րուն հե­տե­ւե­լու, ան­հատ­նում եւ հա­ճե­լի զրու­ցե­ցի ու խօ­սե­ցայ ահա­գին թուղթ վատ­նած եւ գրիչ մա­շե­ցու­ցած այս հա­յուն հետ, սրտ­բա­ցօ­րէն եւ ան­կեղծ: Ինք միշտ միտ­քը ան­հան­գիստ, սիրտն ու հո­գին ան­համ­բեր, յա­ճախ այ­րող բա­ռե­րով կը խօ­սէր: Կը զգա­յիր, որ իր այդ տա­րի­քին հա­յու հո­գին տա­կա­ւին չէր յոգ­նած: Կը հա­ւա­տար հա­յու վաղ­ուան արե­ւին: Ին­ծի հա­մար իս­կա­պէս հարց էր, թէ ինչ­պէ՛ս պի­տի կա­րե­նա­յի թա­փան­ցել անոր մտ­քին մէջ: Ի՞նչ կր­նա­յի ըսել այս հայ մար­դուն, Մես­րոպ­եան բա­նա­կի այս կա­մա­ւոր զի­նուո­րագր­եա­լին, որ յա­նուն հայ գի­րին, շա­րու­նակ եւ ան­սա­կարկ, քր­տինք, հա­ւատք, օրի­նա­կե­լի կո­րով թա­փած էր, որոնց իբ­րեւ հա­րա­զատ ար­դիւնք տաս­նամ­եակ­նե­րով եւ յա­ճախ ալ հո­գե­կան տա­ռա­պանք հա­գած եւ նոյն­քան ալ ճա­ռա­գայ­թող տո­ղե­րով՝ ար­տա­յայ­տած: Մէ­կը, որ իր անձն ու գոր­ծը կա­պած էր իր ժո­ղո­վուր­դին, իր հա­րա­զատ Արա­րատ­եան երկ­րին, իր գա­ղու­թին եւ իր մայ­րենիի գի­րին, մշա­կոյ­թին եւ սր­տին:
Ահա իր հա­տոր­նե­րը: Ան­տառ մը խօսք եւ գործ: Տոք­թո­րը, ազ­նիւ «տա­ճառ­ներ» կեր­տած իր գրի­չով, իս­կա­պէս իւ­րօ­րի­նակ դէմք մըն էր: Ահա թէ ին­չո՞ւ իր բո­լոր խօս­քե­րը, գոյն տուին մտա­ծում­նե­րուս: Այդ երե­կոյ, կար­ծես մենք եր­կու­քով կը փոր­ձէ­ինք վե­րագտ­նել հայն ու հա­յու­թիւնը: Սրտ­ցաւ մեր­ձե­ցում մը կար մեր ազ­գա­յին բո­լոր ցա­ւե­րուն:
Ինք գրա­կան հա­սուն­ցած տա­ղանդ մըն էր, ան­կաս­կած: Սո­վո­րա­կա­նին մէջ ան­սո­վո­րը տես­նե­լու կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ՝ գրիչ մը, որ ըն­թեր­ցո­ղին մօտ իր ստեղ­ծա­գործ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, կ’արթնց­նէր գի­տակ­ցու­թիւնը: Մէ­կը, որ պայ­քա­րած էր «բան» մը պա­հե­լու, իր հա­սուն բա­ռե­րու տո­ղե­րով: Ու վեր­ջա­պէս, հա­լէ­պա­հայ ներ­կայ իրա­կա­նու­թեան մէջ ամէ­նէն վաս­տա­կա­շատ մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն մէ­կը:
Ու մեր հան­դիպ­ման աւար­տին, երբ բա­ցա­յայ­տեց, թէ իմ հա­տոր­նե­րէս ալ ստա­ցած էր, ըսաւ քիչ մը շատ պարզ ու մտե­րիմ.
-Գիր­քերդ, կը խոս­տա­նամ կար­դալ…. կը կար­դամ ան­պայ­ման եւ կը խօ­սինք եւ կամ կը գրեմ:
Ապա ան­կէ ետքն ալ, կար­ծեմ հո՛ս, մեր մօտ, օր մը իր «տա­րե­դար­ձը» հրա­պա­րա­կա­յին կեր­պով յի­շա­տա­կե­ցինք, եւ որուն անձ­նա­պէս ներ­կայ գտն­ուե­ցայ, հա­մես­տօ­րէն: Ու պէտք է յի­շեմ, որ ան իր խոս­տու­մը կա­տա­րեց, եւ շուրջ տա­սը էջե­րու մէջ ամ­փո­փած իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ին­ծի ղր­կեց, որուն հա­մար օրին երախ­տա­պարտ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներս առա­քե­ցի:
Իսկ հի­մա, այս օրե­րուն, ահա իր մահ­ուան բօ­թը կ’ըսէր.-
«Թո­րան­եան ըն­տա­նի­քի նա­հա­պետ, սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի գրա­գէտ, գրա­կա­նա­գէտ, ար­ուես­տի ու գրա­կա­նու­թեան իւ­րօ­րի­նակ դես­պան, բժիշկ, շուրջ եր­կու տասն­եակ հա­տոր­նե­րու հե­ղի­նակ եւ «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» շքան­շա­նի մե­տա­լա­կիր Թո­րոս Թո­րան­եան՝ իր երկ­րա­յին կեան­քէն հրա­ժեշտ տուաւ 93 տա­րե­կան հա­սա­կին»:
Թէ­եւ շուա­րած եմ, բայց ինք գի­տակ­ցու­թեանս առ­ջեւ ներ­կայ է: Կը փոր­ձեմ կեան­քի կո­չել, շա­րել, դա­սա­ւո­րել բո­լոր հին ու նոր յու­շերս: Կը զգամ, որ մտ­քիս մէջ իր յի­շա­տակն է, որ կը շր­ջի տաք, նոյն­քան ալ՝ մտե­րիմ: Ահա, հայ գրող մըն ալ կը հե­ռա­նայ, կ’ըսեմ: Հայ գրիչ մըն ալ կը լռէ: Հայ մտ­քի ու հոգիի շտե­մա­րան մըն ալ իր ստեղ­ծա­գործ տի­րոջ­մէն կը բաժն­ուի:
Անուն­ներ կան, որոնք կար­ծես մի­ա­սին կը մտա­ծեն: Այս­պէս՝ Հա­լէպ եւ տոքթ. Թո­րան­եան: Երբ ան­կեղ­ծօ­րէն մէ­կուն մա­սին կը խօ­սինք, մեր յի­շո­ղու­թիւնը մա­քուր ջու­րե­րուն մէջ նաե՛ւ կը յի­շէ այն միւսն ալ: Ահա, ա՛յս էր «տոք­թո­րը»:
Սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ բժիշկ Թո­րան­եան հաս­տա­տա­պէս հայ գի­րին ու գրա­կա­նու­թեան, հայ մշա­կոյ­թի գե­ղեց­կու­թեան եւ ար­ժէ­քին խն­կար­կու հայ մըն էր: Լաւ դի­տող մը: Իր սիր­տը մշ­տա­կան նուի­րում եւ զո­հա­բե­րում եղած էր ազ­գին եւ անոր զա­ւակ­նե­րուն ու հայ գի­րին: Այս մէ­կը իր մտե­րիմ­նե­րուն կող­քին, կր­նանք հաս­տա­տել բո­լորս ալ:
Օտա­րա­մուտ բար­քե­րու ներ­խու­ժու­մի մեր այս օրե­րուն որ­քա՜ն կա­րի­քը ու­նինք ար­ժէք­նե­րու, որոնք նոր սե­րուն­դին կը ծա­նօ­թաց­նեն հայ մար­դու աւան­դա­կան դի­մա­գի­ծի բո­լոր կող­մե­րը։ Յս­տակ է, թէ մար­դու մը բնու­թա­գի­րը իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին, իր ստեղ­ծած ու ձեռք ձգածն ու բե­րածն է: Ահա թէ ին­չո՛ւ եւ ինչ­պէ՛ս իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ըն­թեր­ցում­նե­րով կը զգաս, որ հրա­շա­լի հո­գի մը կայ անոնց մէջ, որ որոշ կո­րո­վով նա­եւ կ’ար­ձա­գան­գէ մար­դոց մտ­քե­րուն՝ ար­դար­օ­րէն:
Հա­ւա­տա­ցէ՛ք բա­ռերս պարզ եւ սո­վո­րա­կան խօս­քե­րու չեն նմա­նիր: Այս տո­ղե­րը պար­զա­պէս քաղցր ու բա­րի յուշ մնա­ցած ապ­րու­մի մը սկիզբն են: Վեր­ջին հա­շուով տոք­թո­րը պարտ­քը կա­տա­րած մարդ մըն էր, որ ճա­կա­տագ­րի բե­րու­մով կը բաժն­ուէր մեզ­մէ յա­ւիտ­եան: Ան իր խղ­ճի հան­դար­տու­թեամբ իր հետ ոչինչ կը տա­նէր, բայց ան­կաս­կած կը դրոշ­մէր յանձ­նա­ռու հա­յու, մեծ եւ բազ­մա­վաս­տակ մտա­ւո­րա­կա­նի եւ պար­կեշտ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի ան­մեղ եւ յս­տակ պատ­կե­րը:
Մեր առա­ջին հան­դիպ­ման աւար­տին, բժիշկ Թո­րան­եա­նին մաղ­թած էի այն­քան բա­րիք, որ­քան իրա­ւունք ու­նին ու­նե­նա­լու իրեն նման բո­լոր ընտր­եալ­նե­րը:
Իսկ ա՛յս ան­գամ կ’ըսեմ. «Յի­շա­տակն ար­դա­րոց, օրհ­նու­թեամբ եղի­ցի»:
Յար­գա՛նք իր հա­րուստ վաս­տա­կին եւ բի՛ւր յար­գանք իր բա­րի յի­շա­տա­կին։
Գէորգ Պետիկեան