«Արմէնփրէս».-ՀՀ կառավարութեան շէնքին դիմաց իրազեկման եւ բողոքի ցոյց իրականացնող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդական թեւի անդամներէն 16-ը ոստիկանութիւն բերուած են: «Անոնք ոստիկանութիւն բերուած են վարչական իրաւախախտումներու առնչութեամբ օրէնսգիրքի 182-րդ յօդուածով (Զինծառայողներու կամ ոստիկանութեան ծառայողի օրինական պահանջը չկատարելը) նախատեսուած արարքներ կատարելու համար», յայտնեցին ոստիկանութենէն: