«Երկիր».-9 Յունիսին ԱՄՆ պետքարտուղարի եւրոպական եւ եւրոսիական հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Ֆիլիպ Ռիքըր հանդիպում  ունեցած է ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մէջ:

Հանդիպումի ընթացքին ՀՀ եւ ԱՄՆ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաները քննարկած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ:

Յատուկ անդրադարձ կատարուած է ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման, հայ ռազմագերիներու եւ պատանդի կարգավիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիական անձերու անյապաղ հայրենադարձումին, ինչպէս նաեւ` Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէն ՀՀ ինքնիշխան տարածք ներթափանցման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին:

Երկուստէք վերահաստատուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու ձեւաչափի առանցքային դերակատարութեան շարունակականութիւնը ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ: Կարեւոր համարուած  է յառաջացած մարդասիրական հարցերու հասցէագրումը եւ Արցախ միջազգային մարդասիրական օգնութեան անարգել մուտքը:

Ամերիկեան կողմը շեշտած  է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տիրող իրավիճակի լարուածութեան թուլացման անհրաժեշտութիւնը` վերահաստատելով ԱՄՆ պետքարտուղարութեան 27 Մայիսի յայտարարութեամբ ամրագրուած դիրքորոշումը առ այն, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պէտք է ետ քաշուին 11 Մայիսի դրութեամբ գրաւած դիրքերէն:

Միտքեր  փոխանակուած են նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման օրակարգին շուրջ: Ընդգծուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը` որպէս ապագային նման յանցագործութիւնները կանխարգիլելու գործուն միջոց:

Քննարկուած է նաեւ ՀՀ-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան ձեւաչափով իրականացուող հետագայ աշխատանքները: