44-օր­եայ պա­տե­րազ­մը, ան­կէ առաջ տի­րող վի­ճակն ու մաս­նա­ւո­րա­պէս անոր հե­տե­ւած զար­գա­ցում­նե­րը կը հար­կադ­րեն, որ Հա­յաս­տա­նի ճա­կա­տա­գի­րը յան­ձան­ձել ու­զո­ղը, ներ­քին հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու եւ տագ­նապ­նե­րու ոլոր­տէն ան­դին սե­ւե­ռե­լով՝ շատ աւե­լի լուրջ եւ քն­նա­կան մօ­տե­ցու­մով դի­տէ շր­ջա­նա­յին ու մի­ջազ­գա­յին զար­գա­ցում­նե­րը, որոնք ընդ­հան­րա­պէս վտան­գա­ւոր ալիք­ներ-հո­սանք­ներ ստեղ­ծած են Հա­յաս­տան-Ար­ցա­խի շուրջ: Վար­պետ քա­ղա­քա­գէտ-դիւա­նա­գէ­տին կը մնայ ըստ կա­րել­ւոյն՝ լա­ւա­գոյնս կշ­ռա­դա­տել իրա­կա­նու­թիւնը եւ գոր­ծել վնաս­նե­րը նուա­զա­գոյ­նին իջեց­նե­լու, մին­չեւ իսկ ստեղծ­ուած հո­սանք­նե­րէն օգտ­ուե­լու կամ­քով: Սա երա­զա­յին բաղ­ձանք չէ, այլ մաս կը կազ­մէ «կա­րե­լին իրա­կա­նաց­նե­լու» տար­րա­կան սկզ­բուն­քին: (Ասոր կը հե­տե­ւի նա­եւ, բա­նա­կին վե­րա­կանգ­նու­մին զու­գա­հեռ՝ փլուզ­ուած դիւա­նա­գի­տու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը):
Պահ մը կա­ցու­թիւնը դի­տենք հե­տեւ­եալ պատ­կե­րին մէջ: Հա­յաս­տա­նի փոքր հա­ծա­նա­ւը կը նա­ւար­կէ տա­րա­ծուն ծո­վե­րու, ովկ­ի­ա­նոս­նե­րու մէջ. անոր դի­մաց կամ կող­քին կը նա­ւար­կեն հս­կայ քա­րիւ­ղա­տար­ներ, ապ­րան­քա­տար­ներ եւ պա­տե­րազ­մա­կան նա­ւա­տոր­մեր: Հա­յաս­տա­նի նա­ւա­պե­տը գի­տէ,և պէտք է գիտ­նայ,և որ այդ հս­կայ նա­ւե­րուն անց­քը ան­պայ­մա­նօ­րէն պի­տի ստեղ­ծէ ալիք­ներ ու հո­սանք­ներ, որոնք կր­նան մին­չեւ իսկ խոր­տա­կու­մի տա­նիլ մեր նա­ւը, ու­րեմն, իրեն կը մնայ ո՛չ թէ ուղ­ղա­կի ճա­կա­տու­մի-բա­խու­մի  չեր­թալ այս կամ այն հս­կա­յա­կան նա­ւուն դէմ, այլ ղե­կը օգ­տա­գոր­ծել այն­պի­սի՛ ձե­ւով մը, որ մեր նա­ւը նուա­զա­գոյն վնա­սով ու շե­ղու­մով շր­ջան­ցէ ան­կէ եկող ալիք­նե­րուն ազ­դե­ցու­թիւնը: Աւե­լի վար­պե­տի գործ կ’ըլ­լայ օգտ­ուիլ ստեղծ­ուած մեծ ալիք­նե­րէն, որ­պէս­զի անոնց հո­սան­քը (որ­քան որ կա­րե­լի է) նպաս­տէ մեր նա­ւուն դէ­պի նպա­տա­կա­կէտ(եր) յա­ռա­ջա­նա­լուն:
Նման «տե­սու­թիւն» հա­ւա­նա­բար նկատ­ուի ան­կա­րե­լի առա­քե­լու­թիւն՝ մեր նա­ւա­պե­տե­րուն հա­մար, որով­հե­տեւ սկ­սած ենք սո­վո­րու­թիւն դարձ­նել այն զրոյ­ցը, թէ Հա­յաս­տան ի՞նչ ուժ ու­նի, ի՞նչ բա­րե­կամ­ներ, որ կա­րե­նայ դի­մա­կա­յել ու դի­մադ­րել հզօր հո­սանք­նե­րու: Սկ­սած ենք մոռ­նալ, որ 100 տա­րի առաջ, 30 տա­րի առաջ, նման ահա­ւոր ալիք­նե­րու դէմ յան­դի­ման եկած ենք, սա­կայն նուազ փոր­ձա­ռու­թեամբ, հա­մեստ ու­ժով՝ աւե­լի՛ վար­պե­տօ­րէն յա­ռաջ տա­րած ենք մեր նա­ւը: Սա սնա­մէջ յո­խոր­տանք չէ, սա պատ­մա­կան փաստ է, ու­զենք տես­նել-ըն­դու­նիլ, թէ ոչ:
ԱՆ­ՄԻ­ՋԱ­ԿԱՆ
ԶԱՐ­ԳԱ­ՑՈՒՄ­ՆԵՐ
Տե­սա­նե­լի է (արդ­եօք բո­լորս ալ կը տես­նե՞նք), որ Մի­ջին Արե­ւել­քէն մին­չեւ Կով­կաս, նա­եւ շատ աւե­լի հե­ռու տա­րա­ծուող երկ­րա­մա­սեր, աւե­լի քան տաս­նամ­եա­կէ մը ի վեր ին­կած են հին-նոր փո­թո­րիկ­նե­րու յոր­ձա­նու­տին մէջ, որոնց ալիք­նե­րը ահա­ւա­սիկ հա­սան Հա­յաս­տան-Ար­ցախ: Վի­ճա­կը մէկ մաս­նիկն է Խորհր­դա­յին Միու­թեան կոր­ծա­նու­մէն ետք ուր­ուագծ­ուած «նոր աշ­խարհ»ին, ուր ու­ժե­րու եւ մր­ցակ­ցու­թիւն­նե­րու դա­սա­ւո­րու­մը խոր­քին մէջ վե­րա­նո­րո­գած է, նո­րա­ցու­ցած են հին հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը: Նպա­տակ չու­նինք մտ­նե­լու ման­րա­մաս­նու­թեանց մէջ, հաս­նե­լու հա­մար մին­չեւ Եւ­րո­պա, Ափ­րի­կէ կամ Արե­ւելք(ներ):
Մե­զի հա­մար ամէ­նէն ու­շագ­րաւ զար­գա­ցում­նե­րէն մէ­կը կը կա­տար­ուի Կով­կաս-Փոքր Աս­իա տա­րած­քին մէջ: Առե­րե­ւոյթ՝ ակա­նա­տես ենք Ռուս­իոյ եւ Թուրք­իոյ մի­ջեւ սի­րա­բա­նա­կան-հա­կադ­րա­կան էջե­րու, որոնք կի­րարկ­ման դաշտ ու­նին նա­եւ Սուր­ի­ան եւ Ռուս­իոյ դրա­ցի այլ շր­ջան­ներ: Իրա­կա­նու­թիւնը այն է, որ Թուրք­իա, որ­քան ալ որ խա­ղայ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու հա­կադ­րուո­ղի լա­րե­րուն վրայ, է՛ ու կը մնայ, պի­տի պահ­ուի ՆԱ­ԹՕ-ի մէկ ան­դա­մը, անոր հո­ղե­րը կը պա­հեն Արեւմտ­եան Զի­նակ­ցու­թեան հա­մար իրենց նշա­նա­կու­թիւնը:
Եթէ պահ մը ետ եր­թանք պատ­մու­թեան էջե­րուն մէջ, պի­տի յի­շենք, որ 19-րդ դա­րու ամ­բողջ եր­կայն­քին, յե­տոյ նա­եւ 20-րդ դա­րուն, Ռուս­իա Թուրք­իոյ ուղ­ղու­թեամբ միշտ ալ շար­ժած է ՄԵԿ­ՆԵ­ԼՈՎ ԻՐ ՇԱ­ՀԵ­ՐԷՆ, եւ ո՛չ թէ ան­պայ­ման Հա­յաս­տա­նի կամ այլ եր­կիր­նե­րու-ժո­ղո­վուրդ­նե­րու շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լու դի­տա­ւո­րու­թե­նէն: Ռու­սա­կան բա­նակ­նե­րը այս տրա­մա­բա­նու­թեամբ են որ յա­ռա­ջա­ցած են դէ­պի թր­քա­կան հո­ղեր, յե­տոյ ստիպ­ուած են քաշ­ուիլ, երբ Արեւ­մու­քը օգ­նու­թեան հա­սած է իր շա­հե­րու կռ­ուան՝ Թուրք­իոյ: Իսկ եթէ յի­շենք Սան Սթե­ֆա­նո­յի եւ Պեր­լի­նի դաշ­նա­գիր­նե­րու օրե­րը, կը տես­նենք, որ Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան շա­հե­րը ինչ­պի­սի՛ խա­ղե­րու եւ մր­ցակ­ցու­թիւն­նե­րու զոհ դար­ձան… մեր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վեր զար­գա­ցող ան­ցու­դար­ձե­րու հե­տե­ւան­քով, մին­չեւ այ­սօր ալ կայ այն տե­սա­կէ­տը, որ Սան Սթե­ֆա­նոն հա­մե­մա­տա­բար աւե­լի՛ բա­րե­յոյս էր, քան բազ­մա­թիւ խո­հա­րար­ներ հա­մախմ­բող Պեր­լի­նը: Իսկ հի­մա, ու­նինք հայ-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, դաշ­նակ­ցա­յին կա­պե­րը, ինչ­պէս նա­եւ… Մինս­քի խմ­բա­կը, որ ահա­ւա­սիկ կը փոր­ձէ ինք­զինք վե­րա­հաս­տա­տել պա­տե­րազ­մէն աւե­լի քան 7 ամիս ետք…
Մեզ շա­հագրգ­ռող զար­գա­ցում­ներ կան օրա­կար­գի վրայ, շատ մօ­տիկ եւ քիչ մը աւե­լի հե­ռու ապա­գա­նե­րուն: Օրի­նա­կի հա­մար, կան Փու­թին-Պայ­տըն Ժը­նե­ւի հան­դի­պու­մը, Պայ­տըն-Էր­տո­ղան տե­սակ­ցու­թիւնը, Էր­տո­ղան-Ալի­եւ հան­դի­պում­նե­րը (մաս մը՝ Շուշիի մէջ…): Զու­գա­հե­ռա­բար, Հա­յաս­տան յոյ­սեր եւ գոր­ծակ­ցա­կան հե­ռան­կար­ներ կա­պած է Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան (մաս­նա­ւո­րա­բար գե­րի­նե­րու հան­գոյ­ցին լուծ­ման ոլոր­տին մէջ): Քիչ մը աւե­լի հե­ռու նա­յե­լով՝ Ու­աշինկ­թը­նի եւ Թեհ­րա­նի հո­րի­զոն­նե­րը մատ­նա­չափ մը աւե­լի՛ լու­սա­ւոր կը թուին Պայ­տը­նի օրով, քան ինչ որ էին Թրամ­փի օրե­րուն (եր­բեք մտա­հան չենք ըներ, որ Պայ­տըն, Թրամփ, խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ եւ այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ նա՛եւ կա­պանք­ներ ու­նին, եւ կը շար­ժին իրենց­մէ վեր «ու­ժե­րու» շա­հե­րուն հա­մա­ձայն…): Կա­րե­լի է օղակ­նե­րը աւե­լի եւս տա­րա­ծել, հաս­նե­լու հա­մար մին­չեւ Ծայ­րա­գոյն Արե­ւելք եւ այ­լուր, գո­նէ այն տա­րածք­նե­րը, որոնց մէջ տե­ղի ու­նե­ցող հին-նոր(աց­ուած) զար­գա­ցում­նե­րը առա­ւել կամ նուազ չա­փով ազ­դե­ցու­թիւն ու­նին Հա­յաս­տա­նի ու շր­ջա­պա­տող երկ­րա­մա­սե­րուն վրայ:
Այս բո­լո­րը չենք ար­ձա­նագ­րեր միայն ռազ­մա­կան-ռազ­մա­վա­րա­կան հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու, մր­ցակ­ցու­թիւն­նե­րու կամ գոր­ծակ­ցա­կան կա­պե­րու դի­տան­կիւ­նէն, այլ մա­նա­ւանդ տն­տե­սա­կան շա­հե­րու զու­գոր­դու­թեանց եւ մր­ցակ­ցու­թեանց տե­սան­կիւ­նէն (առանց ան­տե­սե­լու տն­տե­սու­թեան եւ ռազ­մա­վա­րա­կան հա­շիւ­նե­րու մի­ջեւ կա­պե­րը): Չենք մոռ­նար, պէտք չէ մոռ­նանք նա­եւ պատ­մա­կան այն իրա­կա­նու­թիւնը, որ օր մը, երբ Արե­ւել­քին եւ Արեւ­մուտ­քին դի­տան­կիւ­նէն՝ Օս­ման­եան կայս­րու­թեան գո­յա­տե­ւու­մը դար­ձաւ ան­յոյս, լուռ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ անոր «Շնոր­հի հար­ուած» մը տա­լու, եւ կայս­րու­թիւնը մաս­նատ­ուե­ցաւ, ան­կախ եր­կիր­ներ ծնունդ առին եւ կը գո­յա­տե­ւեն, իսկ Թուրք­իա այ­սօր ճամ­բայ ելած է հին փառ­քը (հա­մա­թու­րա­նա­կա­նու­թիւնը) որ­սա­լու ախոր­ժա­կով, մտա­հո­գու­թեան ալիք­ներ տա­րա­ծե­լով Հա­յաս­տա­նէն շատ ան­դին գտ­նուող եր­կիր­նե­րու մէջ…
ԱՐԵ­ՒԵ­ԼՈՒ­ՄԻ ՀԱՐ­ՑԵՐ
Ընտ­րա­պայ­քա­րի դաշ­տը ան­գամ մը եւս լու­սար­ձա­կի տակ բե­րաւ Արե­ւե՞լքը թէ՞ Արեւ­մու­քը ընտ­րե­լու, այ­սինքն՝ արե­ւե­լու­մի հար­ցը: Կարգ մը թեկ­նա­ծու­ներ եւ ու­ժեր կը շեշ­տեն, որ Հա­յաս­տան պէտք է պահ­պա­նէ ռու­սա­մէտ արե­ւե­լու­մը, որով­հե­տեւ Ռուս­իոյ հետ ու­նի պատ­մա­կան եւ ռազ­մա­վա­րա­կան կա­պեր, ձե­ւեր գտ­նէ այս տրա­մա­բա­նու­թեամբ այ­լոց հետ գոր­ծակ­ցե­լու, իսկ հա­կա­դիր գի­ծի մը վրայ, կան դէ­պի Արեւ­մուտք յա­րե­լու եւ ռու­սա­կա­նէն մի­ան­գա­մընդ­միշտ հրա­ժա­րե­լու տե­սա­կէ­տը ջա­տա­գո­վող­ներ, պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով, որ Ռուս­իա չ’ար­դա­րաց­ներ Հա­յաս­տա­նի սպա­սում­ներն ու ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը:
Թէ ին­չո՞ւ մեր ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կի­ցը նման «կրա­ւո­րա­կան» դիրք բռ­նած է, ար­դէն ինք­նին սուր բա­նա­վէ­ճե­րու նիւթ է, ես սա՝ ան­կախ իր շա­հե­րուն հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու Ռուս­իոյ վա­ղե­մի (եւ մոռց­ուած) վար­քա­գի­ծէն (յի­շենք նա­ւե­րու մի­ջեւ ճամ­բոր­դե­լու վե­րի օրի­նա­կը): Մինչ­դեռ, Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ծուա­րած եւ վեր­ջին պա­տե­րազ­մէն ետք ահա­ւոր կեր­պով տկար դիր­քի վրայ ին­կած Հա­յաս­տա­նէն կը սպաս­ուի իրա­տե­սու­թիւն եւ ան­կէ բխող՝ կա­րե­լի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան ստեղ­ծու­մը:
Այս են­թա­պատ­կե­րը աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նա­լով, փոր­ձենք, ուրեմն, բա­ցատ­րու­թիւն­ներ գտ­նել (պազ թւու­մի կար­գով) վեր­ջին շր­ջա­նի կարգ մը առա­ջարկ­նե­րու, դէպ­քե­րու եւ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու մա­սին:
Մէկ կող­մէ՝ Ռուս­իոյ հետ կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման ջա­տա­գով հրա­ժար­եալ վար­չա­պե­տը մերթ ընդ մերթ կը կա­տա­րէ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, կ’առ­նէ քայ­լեր, որոնք գործ­նա­պէս հա­կա­ռա­կը ցոյց կու տան: Օրի­նակ, մէկ կող­մէ կ’առա­ջար­կէ ռուս դէ­տեր կամ ՀԱՊ­Կ-էն խա­ղա­ղա­րար ու­ժեր հաս­տա­տել Ատր­պէյ­ճա­նի հետ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նին վրայ, մի­ա­ժա­մա­նակ (հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն պա­հե­լու տրա­մա­բա­նու­թեամբ) կ’ող­ջու­նէ Արեւ­մուտ­քի հզօր­նե­րէն՝ Ֆրան­սա­յի այն առա­ջար­կը, թէ կա­րե­լի է ֆրան­սա­կան ու­ժեր բե­րել ան­ջատ­ման գի­ծին վրայ (ու­շադ­րու­թիւն. եր­կու պա­րա­գա­յին ալ, Ար­ցա­խի նո­րաս­տեղծ տա­րած­քը կ’ըն­դուն­ուի իբ­րեւ կա­տար­ուած իրո­ղու­թիւն, խօսք չկայ Ազեր­ի­ա­կան ու­ժե­րու հե­ռաց­ման եւ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման, ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին. այդ մա­սին եղածն ալ դիւա­նա­գի­տա­կան բա­ռամ­թեր­քին մաս կը կազ­մէ):
Արդ­եօք զուտ պա­տա­հա­կա­նու­թի՞ւն էր, որ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րէն բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար մը՝ փոխ նա­խա­րա­րի աս­տի­ճան ու­նե­ցող Ֆի­լիփ Ռի­քըր Հա­յաս­տան այ­ցե­լեց այն պա­հուն, երբ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րարն ու փոխ նա­խա­րար­նե­րը հրա­ժա­րա­կան տուած են, դի­մա­ւոր­ուե­ցաւ հրա­ժար­եալ (եւ ընտ­րա­պայ­քար վա­րող) վար­չա­պե­տին կող­մէ, կրկ­նեց Հա­յաս­տա­նի հետ կա­պե­րը աւե­լի եւս ամ­րապն­դե­լու Ուա­շինկ­թը­նի սպա­սու­մը, խօ­սե­ցաւ ի նպաստ մեր գե­րի­նե­րու տուն­դար­ձին, եւ յե­տոյ, եր­կու օր ետք, Ատր­պէյ­ճան ազատ ար­ձա­կեց 15 գե­րի, որոնց դի­մաց ստա­ցաւ Աղ­տա­մի շր­ջա­նին մէջ ակա­նա­պատ­ուած դաշ­տե­րու քար­տէ­զը (գե­րի­նե­րու եւ նման ցա­ւոտ հար­ցե­րու ծի­րին մէջ որե­ւէ դրա­կան շար­ժում ող­ջու­նե­լի են ան­վի­ճելի­օ­րէն): Փա­շին­եան հոն ալ բա­ռա­խաղ մը ըրաւ, ըսե­լով, որ եղա­ծը «փո­խա­նա­կում չէ», այլ «Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռու­ցո­ղա­կան մէկ քայ­լին դէմ մեր կող­մէ կա­ռու­ցո­ղա­կան քայլ»: Ու­րեմն, ըստ Փա­շին­եա­նի, Ատր­պէյ­ճան «կա­ռու­ցո­ղա­կան քայ­լեր» կը ցու­ցա­բե­րէ՝ գե­րի­նե­րուն շուրջ սա­կար­կե­լով… (Նշա­նա­ւոր խօսք է հե­տեւ­եա­լը. եթէ Աստ­ուած ու­զէ աղ­քա­տը ու­րա­խաց­նել, նախ անոր էշը կորսնց­նել կու տայ, յե­տոյ կ’օգ­նէ, որ վե­րագտ­նէ: Սա չենք յի­շեր մեր գե­րի­նե­րուն հան­դէպ վար­կա­բե­կիչ ար­տա­յայ­տու­թիւն ու­նե­նա­լու տրա­մա­բա­նու­թեամբ, ո՛չ ալ կ’ու­զենք հար­ցադ­րել, թէ այս «կա­ռու­ցո­ղա­կա­նու­թիւն»ը ին­չո՞ւ չե­րեւ­ցաւ աւե­լի կա­նուխ): Գո­նէ հպան­ցիկ կեր­պով յի­շենք, որ գե­րի­նե­րուն վե­րա­դար­ձը տե­ղի ու­նե­ցաւ… Արեւ­մուտ­քին յա­րած Վրաս­տա­նի ճամ­բով եւ (իբ­րեւ թէ բա­րե­րար) միջ­նոր­դու­թեամբ:
Քիչ մըն ալ շա­րու­նա­կենք ար­տա­քին զար­գա­ցում­նե­րու եւ սպա­սում­նե­րու շար­քը: Ամիս­նե­րէ ի վեր շու­կայ հան­ուած է Հա­յաս­տան-Ատըր­պէյ­ճան (նա­եւ Թուրք­իոյ հետ) ճամ­բա­նե­րու, եր­թե­ւե­կի մի­ջոց­նե­րու «ապաշր­ջա­փակ­ման» օրա­կար­գը, որ (իբ­րեւ թէ) ահա­գին բա­րիք պի­տի բե­րէ Հա­յաս­տա­նի: Իշ­խա­նութ­եան տրա­մա­բա­նու­թեամբ, անոր դի­մաց կը նսե­մա­նայ Սիւ­նի­քի վրա­յով «մի­ջանցք» մը ստա­նա­լու Ատըր­պէյ­ճա­նի ծա­նօթ ծրա­գի­րը:
Իրա­կա­նին մէջ, հոս ալ կան հա­շիւ­ներ, որոնք կ’անդ­րանց­նին Հա­յաս­տա­նի շա­հերն ու հաշ­ուարկ­նե­րը, նկա­տի ու­նին մէկ կող­մէ Ռուս­իոյ (որ հա­րա­ւա­յին Հա­յաս­տա­նի մէջ «ոտ­քե­րը կ’եր­կա­րէ»), Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Թուրք­իոյ շա­հե­րը, ի հե­ճուկս Հա­յաս­տա­նի եւ… Իրա­նի: Ան­դին, Ար­ցա­խի մա­սին Լաւ­րո­վի նո­րա­գոյն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ եթէ կան Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ի նպաստ նշոյլ­ներ, կա­րե­լի չէ ան­տե­սել այն յա­ռաջ­խա­ղաց­քը, որ Ռուս­իա ապա­հո­վեց Ար­ցա­խի մէջ իր նոր դե­րա­կա­տա­րութեամբ, իսկ սահ­մա­նէն հա­րաւ՝ Իրան որոշ մտա­հո­գու­թեամբ կը հե­տե­ւի Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղե­րուն վրայ թր­քա­կան կեդ­րոն­նե­րու հաս­տա­տու­մին եւ… ահա­բեկ­չա­կան խմ­բակ­նե­րու դիր­քա­ւոր­ման: Հա­յաս­տան իրո­ղա­պէս մոռ­ցած է մեր այն դա­տը, ըստ որուն, Ատր­պէյ­ճան, Թուրք­իոյ աջակ­ցու­թեամբ, ար­ցախ­եան հո­ղեր աւել­ցուց դա­րա­ւո­րա­պէս բռ­նագ­րաւ­եալ մեր հո­ղե­րուն վրայ, պա­տե­րազ­մին մաս­նա­կից դար­ձուց իբ­րեւ ահա­բե­կիչ ճանչց­ուած եւ դա­տա­պարտ­ուած ու­ժեր, գոր­ծեց պա­տե­րազ­մա­կան ահա­ւոր ոճիր­ներ, բռ­նա­գաղ­թի հա­նեց Ար­ցա­խի հա­յու­թեան աւե­լի քան կէ­սը (մաս մը վե­րա­դար­ձած է բա­րե­բախ­տա­բար, սա­կայն կը կանգ­նի անո­րոշ հո­րի­զոն­նե­րու դի­մաց):
Հա­յաս­տա­նի հո­ղին վրայ եւ անոր ան­մի­ջա­կան շր­ջա­պա­տին մէջ զար­գա­ցում­նե­րէն դուրս պէտք չէ դի­տել այն գի­ծե­րը, որոնք կ’եր­կա­րին մէկ կող­մէ՝ մին­չեւ Ուք­րան­իա (եւ Թուրք­իոյ հետ անոր այժ­մու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն սի­րա­բա­նու­թիւնը՝ ի հե­ճուկս Թուրք­իոյ հետ բա­րե­կա­մու­թիւն խա­ղա­ցող Ռուս­իոյ,) եւ զու­գա­հեռ գի­ծի մը վրայ՝ Պե­լո­ռուս­իոյ նո­րա­գոյն զար­գա­ցում­նե­րը (ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու շար­ժում­ներ, որոնք կը զար­գա­նան նոյ­նինքն Ռուս­իոյ մէջ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու շար­ժում­նե­րուն զու­գա­հե­ռա­բար):
Այս ու նմա­նօ­րի­նակ բազ­մա­թիւ զար­գա­ցում­ներ մեծ մա­սամբ կը թա­ւա­լին մեր գլու­խէն բա­ւա­կան բարձր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ: Ընտ­րա­պայ­քա­րը (եւ ո՛չ միայն ընտ­րա­պայ­քա­րը) ընդ­հան­րա­պէս պատ­ճառ է, որ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը շար­ժին՝ իրենց գլուխ­նե­րը խրած ներհայ­կա­կան բե­մի տագ­նապ­նե­րուն մէջ: Քա­նի մը տա­րի առաջ, հե­ռու կամ մօտ զար­գա­ցում­նե­րը կը դիտ­ուէ­ին հան­դիս­տե­սի դիր­քե­րէ: Հի­մա, պա­տու­հաս­նե­րը հա­սած ու թա­փան­ցած են մեր հո­ղե­րը, կը սպառ­նան, Ար­ցա­խի մե­ծա­գոյն մա­սին կո­րուս­տէն ետք, պտիկ-պտիկ կոր­զել նա­եւ Հա­յաս­տա­նէն մաս­նիկ­ներ:
Մէկ խօս­քով, Հա­յաս­տա­նի մէջ յետ-20 Յու­նի­սը դի­մա­կա­լո­ղը պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ հաշ­ուի առ­նե­լու ո՛չ միայն 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին նա­խօր­եակն ու հե­տե­ւանք­նե­րը՝ ներ­քին իմաս­տով, այլ նա­եւ աչ­քե­րը տա­րա­ծե­լու դէ­պի մօ­տա­կայ եւ հե­ռա­ւոր հո­րի­զոն­ներ, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նի նա­ւը կա­րե­նայ վե­րագըտ­նել վտան­գա­ւոր ալիք­նե­րէ նուա­զա­գոյն չա­փով վնաս­ուե­լու եւ, ըստ կա­րել­ւոյն՝ անոնց­մէ օգուտ քա­ղե­լու կա­րո­ղու­թիւնը: Այլ խօս­քով, պէտք է «ազա­տագր­ուիլ» օրը օրին տե­ղի ու­նե­ցող դէպ­քե­րու եւ յայ­տար­ա­րու­թիւն­նե­րու գե­րե­վա­րու­թե­նէն, «աք­լո­րակ­ռիւ»ին սեղմ օղա­կէն, Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը տե­սել-դի­տել ու յան­ձան­ձել լայն պաս­տա­ռի վրայ:
Ահա թէ ի՛նչ սպա­սում­նե­րով պէտք է դի­տենք 20 Յու­նի­սի քու­է­ա­տու­փէն ծնե­լիք… փի­ղը կամ մու­կը:
Ս. Մահսերէճեան