«Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մէջ գտնուող պատմական հայկական բնակավայրերու մէջ գանձ որոնող արկածախնդիրները վնասած են Կայսերիի մէջ (Կեսարիա) գտնուող 18-րդ դարու Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին: Դէպքի մասին ահազանգած է Թուրքիոյ մէճլիսի հայ պատգամաւոր, քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան: Եկեղեցւոյ ներսը երկու մեթր փոս յառաջանալու փաստին առթիւ Փայլան Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին հասցէագրուած հարցադրում ուղարկած է մէճլիս: Հարցադրումին մէջ Փայլան յայտնած է, որ հին հայկական եկեղեցին, հակառակ որ այդ տարածաշրջանի պատմական ու մշակութային կարեւոր կառոյցներէն է, տասնեակ տարիներու անուշադրութեան հետեւանքով մատնուած է բախտի քմահաճոյքին, իսկ այսօր դարձած է սրբապղծողներու ու գանձ որոնողներու յարձակման թիրախ: Այս առնչութեամբ Փայլան հարցուցած է նախարարին, թէ ինչու՞ եկեղեցին պաշտպանութեան տակ չէ առնուա՞ծ, ինչու՞ զայն վնասող անձերուն դէմ հետաքննութիւն չէ սկսած: Պատգամաւորը նաեւ հետաքրքրուած է, թէ ինչու՞ կառավարութիւնը անձայն կը մնայ քրիստոնեաներուն պատկանող մշակութային ժառանգութեան դէմ արկածախնդիր գանձ որոնողներու գործողութիւններու դէմ, ինչու՞ անոնք չեն պաշտպանուիր: Քրտամէտ կուսակցութիւնը ներկայացնող Փայլան հետաքրքրուած է նաեւ, թէ արդեօք նախարարութիւնը կը պատրաստուի վերանորոգելու Քայսերիի Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին: