Այ­սօր ընդվ­զած ենք բո­լորս ի տես այն անո­րա­կե­լի քա­ղա­քա­կան խեղ­ճու­թեան, որուն մատն­ուած կը թուի ըլ­լալ հայ­րե­նի մեր հա­սա­րա­կու­թեան հս­կայ մէկ զանգ­ուա­ծը։ Խեղ­ճու­թիւնը, որուն կ’ակ­նար­կեմ, ան­կա­րո­ղու­թիւնն է ոտ­քի կանգ­նե­լու եւ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան ող­նա­յար ցու­ցա­բե­րե­լու հա­ւա­քա­կան կեան­քի վճ­ռա­կան րո­պէ­նե­րուն։ Անա­տա­կու­թի՛ւնը՝ ինք­նիր ճա­կա­տա­գի­րը տնօ­րի­նե­լու։ Քա­ղա­քա­կան կամ­քի ահա­ւոր բա՛ցը՝ որ ազ­գե­րու մա­հավ­ճիռն իսկ է։
Իմ լու­սա­հո­գի ըն­կե­րոջ՝ Զօ­րայր Խա­լափ­եա­նի «Ոս­կէ Մի­ջի­նը» վի­պա­կին մէջ դա­ժան իրա­պաշ­տու­թեամբ տր­ուած է հո­գե­բա­նա­կան անե­լը այն մար­դուն, որուն յան­կարծ առիթ կ’ըն­ծայ­ուի փա­խուստ տա­լու Սի­պեր­իոյ կեդ­րո­նաց­ման ճամ­բար­նե­րէն եւ որ ազա­տու­թեան մէջ յայտն­ուե­լէ ետք իսկ՝ ի վեր­ջոյ կ’որո­շէ ինքն իր կամ­քով վե­րա­դառ­նալ եւ վերս­տին յանձն­ուիլ ճամ­բա­րա­յին բռ­նա­տի­րու­թեան նա­խընտ­րե­լով կա­լանքն ու պա­տի­ժը՝ ազա­տութ­եան մղ­ձա­ւան­ջա­յին հար­ցե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու փո­խա­րէն։
Յս­տակ է, որ մեր երկ­րի հա­սա­րա­կու­թեան մէկ մեծ շեր­տը որո­շու­մէ կը խու­սա­փի որո­շում առ­նե­լու քո­ղին տակ…ֆրան­սա­ցիք այս հո­գե­վի­ճա­կը կը կո­չեն adhesion de desespoir։ Մար­դոց այս կա­մա­զուրկ հո­գե­վի­ճա­կին ապա­ւի­նե­լով է, որ կր­ցաւ ինք­զինք մշտն­ջե­նա­ւո­րել Խորհր­դա­յին Միու­թիւնը մէկ ամ­բողջ դար։ Մենք ըն­դու­նած էինք ապ­րիլ կեղծ ազա­տու­թեան մէջ եւ այնու­ա­մե­նայ­նիւ ապ­րիլ ստեղ­ծա­գործ կեան­քով մինչեւ որ հաս­նէ­ին ազա­տութ­եան օրե­րը։
Ազա­տու­թեան օրե­րը հա­սան։ Գե­րու­թեան հա­սա­րա­կար­գը թա­ղեց ինք­զինք երե­սուն տա­րի առաջ եւ սա­կայն ահա­ւա­սիկ երե­սուն տա­րի ետք մեր հա­սա­րա­կու­թեան մէկ մեծ շեր­տը կը մեր­ժէ ինք­նիր ինք­նու­թեան տէր կանգ­նիլ։ Կը մեր­ժէ կեր­տել իր քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնը ազա­տու­թ­եա՛ն նոր­մե­րով։
ՀՀ հա­սա­րա­կու­թեան այս շեր­տը հա­մոզ­ուած կը թուի ըլ­լալ, որ Փա­շին­եան այ­սօր նա­խընտր­ուած է տա­րա­ծաշր­ջա­նին տի­րու­թիւն ընե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ գոր­ծող ար­տա­քին ու­ժե­րուն կող­մէ։ Աւե­լի վա՛տը։ Ան հա­մոզ­ուած կը թուի, որ պար­տու­թեան կար­գա­վի­ճա՛կն է իր ապա­հո­վու­թեան հո­գե­բա­նա­կան գօ­տին եւ ոչ՝ ազա­տու­թեան կար­գա­վի­ճա­կը…Եւ հա­մոզ­ուած է, որ Փա­շին­եան,և իր կեր­պա­րով,և աւե­լի ատակ է պար­տու­թեան այդ կար­գա­վի­ճա­կը կա­ռա­վա­րե­լու…Չեմ ու­զեր այս կեր­պա­րը իր իս­կա­կան անու­նով բնո­րո­շել, բայց յս­տակ է, թէ ի՞նչ կեր­պար է անի­կա եւ թէ քա­ղա­քա­կան կեան­քի ինչ­պի­սի՞ նուաս­տաց­ման մէջ կ’ու­զէ մեզ պա­հել ար­տա­քին ու­ժե­րու մե­ծա­պե­տա­կան հա­մա­կար­գը։ Փա­շին­եա­նով կը շա­րու­նակ­ուի պար­տու­թեան վար­չա­կար­գը Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ այդ է, որ կ’ու­զեն գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րը մեր երկ­րին մէջ, եթէ այդ բա­նը տր­ուի իրենց։ Այս խնդ­րին մէջ, Ռու­սաս­տանն ու Արեւմուտ­քը նոյն դիր­քե­րէն կը գոր­ծեն եւ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր յա­տուկ շա­հե­րէն խթան­ուած։ Անոնք չեն ու­զեր Հա­յաս­տա­նի գա­հին վրայ տես­նել հայ ազ­գի ազատ կամ­քը։ Անոնք կ’ու­զեն կա­մա­կա­տար հա­յը,և ի փո­խա­րէն ազա­տա­կա՛մ հա­յուն,և եւ զայն խլել մէկզ­մէ­կու ձեռ­քէն…
Եւ ան­շուշտ պարզ է, թէ վեր­ջին այս ընտ­րու­թիւն­նե­րով ինք­զին­քին ի՞նչ գնա­հա­տա­կան տուած է ՀՀ հա­սա­րա­կու­թիւնը…Ինք­զինք դա­տա­պար­տած է ինչ­պի­սի՜ ապաշ­նորհ կար­գա­վի­ճա­կի։
1890-ին, հա­սա­րա­կու­թեան այս իսկ կար­գա­վի­ճա­կը ջար­դուփ­շուր ընե­լու առա­քե­լու­թեամբ էր, որ հրա­պա­րակ իջաւ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւնը։ Մար­տահ­րա­ւէ­րը նոյնն էր 130 տա­րի առաջ։ Նոյնն է նաեւ այ­սօր։ Մեր առա­քե­լու­թիւնն է ժո­ղո­վուր­դի այս աղա­ւաղ­ուած տե­սա­կին չն­մա­նիլ։ Մեր առա­քե­լու­թիւնն է ծա­ռա­յել մեր ազ­գին անոր կապ­ուած ըլ­լա­լով ամէնէն դառն եւ կարծր սի­րով եւ ընտ­րել իր ազա­տու­թիւնը իր ներ­կայ կար­գա­վի­ճա­կին փո­խա­րէն։ Ընտ­րել մա­նա­ւանդ իր վաղ­ուա՛ն սե­րունդ­նե­րու ազա­տու­թիւնը։ Մեր առա­քե­լու­թիւնն է ընել այն­պէս, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը ան­հատ առ ան­հատ եւ իր ազատ կամ­քով ընտ­րէ ար­ժա­նա­պա­տիւ կեան­քը եւ բա­ցար­ձա­կա­պէս մեր­ժէ այս պար­տա­դիր ստր­կա­հա­ճու­թիւնը։ Եւ կարեւոր չէ, թէ որո՞ւն լկ­տի դի­մագ­ծով կը ներ­կա­յա­նայ ան։ Ան վերջ պի­տի գտ­նէ։
Ներ­կա­յիս, իս­կա­կան պա­տե­րազ­մը այս ճա­կա­տին վրայ է, որ տե­ղի կ’ու­նե­նայ եւ մեր գոր­ծը նոր է, որ կը սկ­սի։ Մենք չենք վեր­ջա­ցած։ Մենք չենք վեր­ջա­նար։ Կը կրկ­նե՛մ։ Մեր պայ­մա­նագ­րու­թիւնը մեր ազ­գին հետ է եւ մեր յանձ­նա­ռու­թիւնը ժա­ման­ցու­մի չ’են­թարկ­ուիր։ Մենք պա­տու­հասն ենք թըշ­նամի­ին առանց որեւէ սահ­մա­նա­փա­կիչ եզ­րե­րու (with no statute of limitation) եւ,և կաս­կած մի՛ ու­նե­նաք,և մեր յաղ­թա­նա­կը ան­պայ­ման պի­տի գայ։
Կարօ Արմէնեան