Նոր առիթը նոր էջ է
Պրպտելը՝ էջադիր
Գործ ձգձգելը՝ վանկատում
Կասկածը՝ հարցման նշան
Հաստատ քայլը շեշտ է
Յատուկ գործը՝ գլխագիր
Կեանքի ուղին՝ վերնագիր
Փորձելը սեւագիր է
Փորձառութիւնները՝ թղթածրար
Յիշատակները՝ օրատետր
Տարիները՝ գիրք:
Ծնիլը բարի գալուստ է
Ապրիլը՝ բարի կեցութիւն
Երիտասարդութիւնը՝ բարի վայելում
Ծերութիւնը՝ բարի ճանապարհ
Բարի յիշատակը՝ հաւատքի օրինակ:
Եթէ խիղճդ արթուն է՝ հանգիստ քնացիր։
Եթէ խիղճդ մաքուր է՝ խաղաղ ապրիր։
Եթէ խիղճդ սխալին դէմ է՝ միշտ պայքարիր։
Եթէ խիղճիդ ձայնը հասկնալի է՝ անոր հետեւիր։
Շատեր իրենց խիղճին դագաղագործն են։
Խիղճդ նկարագրիդ հայելին է՝ ուշադիր եղիր:
Հոգը քնանալու ժամերդ խանգարող անկոչ հիւր է։
Հոգը ազատութիւն կաշկանդող կապանք է։
Հոգը ծանր բեռ մըն է, որ հանգիստ ապրելու արգելք կը հանդիսանայ:
Մտահոգութիւնը մտատանջութեան տանող զառիվայրն է (վայրէջք)։
«Հոգ»բառը եթէ հակառակ կարդաս կեանքէդ «Գոհ» պիտի ըլլաս եւ Աստուծոյ փառք պիտի տաս:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան