Տուն…
Եւ «տուն» ըսե­լով նկա­տի չու­նիմ քա­րե­ղէն այն քա­նի մը սեն­եա­կէ բաղ­կա­ցած կա­ռոյ­ցը, որուն ամէն մէկ սեն­եա­կը մար­դուս առօր­եայ պա­հանջք­նե­րը յա­գեց­նե­լու դեր կը կա­տա­րէ։ Մար­դը կար նա­եւ այդ տու­նէն առաջ, եւ ինք տուաւ այդ տու­նին իմաստ, ինք կազ­մեց տու­նին ամ­բող­ջա­կան այն պատ­կե­րը, որ այ­սօր ձեր միտ­քը կու գայ երբ կը կար­դաք «տուն» բա­ռը։
Մար­դը չու­նէր այ­սօր­ուան տու­նը, բայց ու­նէր «իր տու­նը»։
Ըն­տա­նիք…
«Ըն­տա­նիք» ըսե­լով ալ նկա­տի չու­նիմ այդ եր­կու, երեք, չորս կամ տասն­եակ ան­դամ­նե­րէ բաղ­կա­ցած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւնը, որ կ’ապ­րի մէկ տու­նի մէջ։
Մենք կը ծնինք  պար­տադր­ուած ըն­տա­նի­քով մը այս աշ­խա­րհին մէջ, բայց իրա­ւունք կ’ու­նե­նանք կազ­մե­լու մե՛ր բա­ժին ըն­տա­նի­քը, եւ ոչ մէկ ար­գելք կայ որ օր մը ան­ծա­նօ­թը դառ­նայ քո՛ւ ըն­տա­նի­քին ան­դամ, եւ եթէ դառ­նայ՝ չի նշա­նա­կեր, որ պէտք է մնայ։
Եթէ բա­ռա­րան­նե­րու մէջ փնտ­ռէք այս բա­ցատ­րու­թիւնս, ան­պայ­ման սխալ պի­տի հա­մա­րէք, բայց եթէ նա­յիք հո­գի­նե­րուն խո­րե­րը՝ կա­տար­եալ իրա­ւունք պի­տի տաք, այ­լա­պէս ին­չո՞ւ պի­տի ըլ­լան «ըն­տա­նի կեն­դա­նի­ներ», որոնք ըն­տա­նի­քէդ չեն, բայց ըն­տա­նի­քէդ բա­ժին մը կը դառ­նան։
Եւ բո­լորս ալ տե­սած ենք մեր կեան­քի մէկ հանգր­ուա­նին այդ եր­կու­քին մէկ­տե­ղու­մը։
Ըն­կեր­ներ եւ բա­րե­կամ­ներ դար­ձած են «ըն­տա­նիք» եւ միշտ կը դի­մեն վայր մը, որ իրենց «տուն»ը չէ։
Ըն­տա­նիք մը տուն կ’ու­զէ։
Բա­ւա­րար չէ հո­գե­ւոր, այ­սօր­ուան մի­ջոց­նե­րով կամ նոյ­նիսկ ան­մի­ջա­կան կա­պը։ Ըն­տա­նի­քը կ’ու­զէ տուն մը, ուր կր­նայ հա­ւաք­ուիլ, իմաստ տալ ան­ձայն պա­տե­րուն, եւ յի­շա­տակ­ներ կազ­մել այդ պա­տե­րէն ներս։ Պա­տե­րը կր­նան իրենց մէջ առ­նել թէ՛ նեղ, եւ թէ լայն տա­րա­ծու­թիւն, նա­յած այդ ըն­տա­նի­քի կա­պի խո­րու­թեան եւ ամ­րու­թեան։
Մեր գա­ղու­թին մէջ, որ­քան ալ «մեծ» էր ըսեմ շր­ջա­նակս, կը մնայ նեղ, գա­ղու­թի մատ­նե­րու վրայ հաշ­ուը­ուող կեդ­րոն­նե­րուն, եւ երի­տա­սար­դի մը եր­թա­լիք յս­տակ քա­նի մը տար­բե­րակ­նե­րուն պատ­ճա­ռով։
Ուր ալ եր­թաս, միշտ մի­ա­սին, ան­պայ­ման կը հան­դի­պիս մար­դու։ Ակումբ­նե­րը եւ հայ­կա­կան կեդ­րոն­նե­րը այն­տեղ կը մէկ­տե­ղէ­ին մեզ եւ քա­լե­լով էր, որ կ’եր­թա­յինք ամէն տեղ եւ քա­լած ժա­մա­նակ աջ ու ձախ «բա­րեւ» կը բաժ­նէ­ինք։
«Տուն»ը եւ «ըն­տա­նիք»ը կապ­ուած են իրա­րու եւ կորսնց­նե­լով մէ­կը՝ շատ ան­գամ կը կորսնց­նես միւ­սը, թե­րեւս շա­հիս ու­րիշ մը, բայց նոյն զգա­ցու­մը եր­բեք չես կր­նար զգալ։
Քա­նի՞ ան­գամ բա­նա­կու­մի ել­լե­լով կամ եռօր­եայ, քա­ռօր­եայ գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցե­լով շա­հած ենք ըն­կեր­ներ, զգա­ցած ենք անոնց մօ­տիկ այդ բա­նա­կա­վայ­րե­րուն մէջ, եւ երբ հե­ռա­ցած ենք անոնց­մէ, կորսն­ցու­ցած ենք այդ կապն ու մտեր­մու­թիւնը եւ առօր­եայ մեր կեան­քին մէջ դար­ձած են մար­դիկ, որոնց թե­րեւս միայն բա­րե­ւենք, եւ եթէ առիթ մը տր­ուի խօ­սե­լու՝ միշտ մեզ մի­աց­նող այդ բա­նա­կու­մին մա­սին անդ­րա­դարձ մը կ’ըլ­լայ։ Եւ այդ բո­լո­րը կը պա­տա­հի, որով­հե­տեւ «տուն»ը չկայ այ­լեւս…
Քա­նի՞ ան­գամ երկ­րէն դուրս ճամ­բոր­դե­լէ ետք հան­դի­պած եմ սուր­ի­ա­հա­յե­րու, որոնք թե­րեւս Հա­լէ­պի փո­ղոց­նե­րուն մէջ կը խու­սա­փին բա­րե­ւե­լէ, սա­կայն այլ երկ­րի մէջ իրե՛նք գա­լով կ’ող­ջա­գուր­ուին եւ որ­պի­սու­թիւն կը հարց­նեն։
Չկան այս­տեղ «տուն»ն ու «ըն­տա­նիք»ը, եւ իրենք անոր կապ­ուած կը մնան, կը փնտ­ռեն զա­նոնք այս բո­լո­րին ընդ­մէ­ջէն, նոյ­նիսկ մէկ ան­գա-մ­ուան հա­մար։
Հի­մա այդ մէ­կը աւե­լի կը զգամ այս­տեղ։
Ու­նիմ հոս ըն­կեր­ներ, բայց մեզ մի­աց­նող այդ յար­կը չկայ, եւ մեզ ան­ջա­տող պատ­ճառ­նե­րը աւե­լի են մեզ մի­աց­նող պատ­ճառ­նե­րէն։
Քա­լե­լով ընդ­հան­րա­պէս կը շր­ջիմ քա­ղա­քին մէջ, սա­կայն եթէ Հա­լէպ ծա­նօթ­նե­րուս կը բա­րե­ւէի փո­ղո­ցը, Պէյ­րու­թի մէջ թե­րեւս անց­նին քո­վէս մայ­րուղիի վրայ, օթո­յի մը մէջ եւ ես չզ­գամ։
Տունս ու ըն­տա­նիքս ձգած եմ այն­տեղ, հի­մա նոր ըն­տա­նի­քի մը յար­մար տու­նը կը փնտ­ռեմ, մեզ հա­ւա­քո­ղը, մի­աց­նո­ղը։
Եւ այս մէ­կը հի­նին կա­պե­լու կամ անոր հետ բաղ­դա­տե­լու հարց չէ, պար­զա­պէս նո­րը կար­գի բե­րե­լու, եւ նոր հանգր­ուան մը սկ­սե­լու քայլ, որով­հե­տեւ մար­դը մար­դով է մարդ։
Ու որ­քան ալ «տու­ներ» փլին եւ «ըն­տա­նիք­ներ» բաժն­ուին, այդ բո­լո­րէն մեզ հետ թող մնայ լա­ւը որ­պէս յուշ, եւ վա­տը որ­պէս փոր­ձա­ռու­թիւն, իսկ քէնն ու ոխը պար­զա­պէս ծծ­կեր ու­ժեր են, որոնք ան­տե­ղի կը քա­շեն քեզ­մէ թափդ, կեդ­րո­նա­ցումդ եւ նե­րուժդ։
Ձեր ըն­տա­նիք­նե­րը սի­րով մնան, եւ «խունկ»ը միշտ թող ծխայ ձեր տու­նե­րէն ներս։
Քրիստ Խրոյեան